Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Բացում

June 2, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 29 մայիսին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Ս. Գայեանեանց մատրան դիմաց կատարուեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ աղօթքի շաբթուան բացում:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք 4-րդ դարուն Հայաստանի հողին վրայ նահատակուեցան, յայտնեց, որ այդ սուրբերը հայ չէին, սակայն Հռոմէն` Թիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած 32 կրօնաւորուհիներ էին, որոնք ուխտած էին ոչ միայն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվիլ, ոչ միայն հետեւիլ Քրիստոսի պատգամներուն ու պատուէրներուն, այլեւ` սիրով Քրիստոսի ընծայել իրենց կեանքը:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր ներկայ ժամանակներուն մէջ մենք շատ կարեւորութիւն չենք տար «ընծայել» բային, եւ բացատրեց, որ «ընծայել» կը նշանակէ ամբողջական հոգիով նուիրել, աւելցնելով, որ այս կրօնաւորուհիները երկրաւոր բոլոր տեսակի շռայլութիւններէն հրաժարելով` իրենց անձերը ընծայաբերած էին, նուիրած էին Քրիստոսի եւ անոր սիրով առաջնորդուած` անոնք նաեւ յանձն առին նահատակութիւնը, որպէսզի բնակիչները դառնան երկնային կեանքին: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ քրիստոնէութիւնը մեզմէ մասնաւոր կեցուածք կը պահանջէ, կեանքի իւրայատուկ ձեւ է, որպէսզի ապրինք անձնականի նուիրումով, զոհելով ամէն ինչ` ի պահանջել հարկին մեր կեանքը, որպէսզի արժանանանք տիրոջ գնահատանքին: Ան ըսաւ, որ 4-րդ դարուն այս կրօնաւորուհիները քրիստոնէական իրենց առաքինութիւնը պաշտպանելու համար նախընտրեցին մահը, եւ հարց տուաւ, թէ մենք ի՞նչ կը զոհենք մեր կեանքին մէջ պաշտպանելու համար այն, ինչ  որ  իբրեւ նուիրական արժէք մեր եկեղեցին մեզի կը յանձնարարէ, ի՞նչ կը զոհենք պաշտպանելու համար մեր հաւատքը եւ ի՞նչ ձեւով մեր քրիստոնեայ ըլլալու կոչումը կ՛արտայայտենք մեր առօրեայէն ներս: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս օրերու պայմաններուն մէջ ամէն տեսակի ախտ թափանցած է մեր կեանքէն ներս, նոյնիսկ` մեր տուներէն ներս, եւ կը սպառնայ մեր ընտանեկան յարկերուն, հարց տալով, թէ ի՞նչ ձեւով այդ բոլորին դիմաց կը յիշենք մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ այդ հաւատքին պատճառած զօրութեամբ կը պայքարինք այն բոլոր երեւոյթներուն դէմ, որոնք այսօր կ՛ապականեն մեր ընկերութիւնը:

Աւարտին սրբազանը աղօթեց, որ Աստուած իր շնորհքները առատօրէն պարգեւէ մեզի, որպէսզի արժանի ըլլանք իրողապէս պատուելու մեր եկեղեցւոյ սուրբերը եւ այդպիսով սրբութիւն բերելու մեր կեանքին, նաեւ` պատիւ ընծայելու մեր եկեղեցւոյ:

Յայտնենք, որ այս շաբթուան ընթացքին ամէն օր նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենան ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն, իսկ երկուշաբթի, 5 յունիսին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախագահութեամբ սրբազան հօր, պիտի մատուցուի պատարագ եւ Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կատարուի ջրօրհնէք:

Նախորդը

Գիտութիւնը` Ի Սպաս Մարդուն

Յաջորդը

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.