Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելուներու Եռուզեռ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

Յունիս 15, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս ամսուան ընթացքին Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը ունեցաւ այցելուներու զգալի եռուզեռ մը:

Երեքշաբթի, 16 մայիս 2023-ին, եւ բուժարանի հիմնադրութենէն ի վեր շարունակուող բարի սովորութեան համաձայն, քոյր Վերժին Պարոնեանի «Իւղաբեր կանայք» խմբակը բուժարան այցելեց` ընկերակցութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանին եւ ջութակահար Սելլա Սվաճեանին:

Այցելութիւնը սկսաւ Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով, որմէ ետք քոյրերը այցելեցին այն տարեցներուն, որոնք իրենց առողջական վիճակին պատճառով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ պատարագին:

Ապա քոյրերուն կողմէ յատկացուած կէսօրուան ճաշը, անուշեղէնն ու պտուղը հրամցուեցան պատսպարեալներուն եւ անձնակազմին:

Այս առիթով կ՛ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնել մեր սիրելի «Իւղաբեր կանայք» խմբակին, որուն անդամները մօտաւորապէս 100 տարիէ ի վեր քոյր Վերժին Պարոնեանին կողմէ սկսուած առաքելութիւնը կը շարունակեն հերթական ձեւով` այցելելով բուժարան տարին երկու անգամ  եւ օրուան ճաշը նուիրելով պատսպարեալներուն ու անձնակազմին:

– 18 մայիսին, Մայրերու օրուան առիթով, Ռազմիկ Ճուլֆայեան այցելեց բուժարան, հոգաց օրուան ճաշը եւ կարմիր վարդերով, իր երգերով ու փոքրիկ նուէրներով ուրախացուց պատսպարեալները:

– «Գարակէօզեան» հիմնարկէն չորս փուլով խումբեր այցելեցին բուժարան  23, 24, 26 եւ 30 մայիսին եւ պատսպարեալներուն հրամցուցին ուտեստեղէն եւ պտուղ: Այս նախաձեռնութեամբ չորս փուլերով կիներու այցելութիւնները աշխուժութիւն եւ զուարթ մթնոլորտ ստեղծեցին բուժարանին մէջ:

– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի հինգերորդէն ութերորդ դասարաններու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին ընկերակցութեամբ, 26 մայիսին այցելեցին բուժարան: Իւրաքանչիւր դասարան նուէր մը բերած էր պատսպարեալներուն եւ զանոնք ուրախացնելու յայտագիր մը պատրաստած էր: Աշակերտներէն խանդավառուած` կարգ մը ծերեր ալ մասնակցեցան ասմունքով եւ երգերով: Շատ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, եւ երկու կողմերն ալ գոհունակ սրտով բաժնուեցան իրարմէ: Աշակերտները նշեցին, որ իրենց բուժարան այցելութիւնը շատ հաճելի եւ տպաւորիչ էր:

Տեղին է յիշել, որ մայիս ամսուան ընթացքին աշխատանք տարուեցաւ Ազունիէի մուտքի սրճարանը (քաֆիթերիան) վերանորոգելու ուղղութեամբ` զայն օժտելով սեղաններով ու աթոռներով:

Բժշկական մարզին մէջ ալ յառաջացաւ Բժշկական խորհուրդ մը, որպէսզի բժշկական խնամքն ու աշխատանքը աւելի մօտէն հետապնդուին:

Պարտէզներուն եւ պտղատու ծառերուն յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ, համապատասխան խնամք տարուեցաւ, յառաջիկայ եղանակին վերաբերող նախապատրաստութիւնները կատարուեցան, ամրան բերքի դասաւորումները եղան:

Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինն ալ իր շաբաթական ժողովներով սկսած է ծրագիրներ մշակել Ազունիէի մէջ աւելի ուրախ եւ լաւ մթնոլորտի ստեղծման նպատակով, այս ծիրին մէջ ալ յառաջիկայ ամիսներուն պարբերաբար տարբեր նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Վաստակաւոր Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներու Պարգեւատրում

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?