Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, ուրբաթ, 2 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ռաուտայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 31-ամեակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակի տօնակատարութիւն:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսք` Ժիրայր Քէշիշեան: Ան նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը մայիս 28 կերտած նահատակներուն ու մահացածներուն եւ Շուշիի ազատագրման համար ինկած նահատակներուն:
Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու երկու փառաւոր յաղթանակներու եւ հպարտութեան թուականներ` դիտել տալով, թէ Արցախի եւ մանաւանդ Շուշիի ազատագրումները, չէին յաջողեր, եթէ 1918 թուականին, մայիսի 28-ին, դրոներ եւ արամմանուկեաններ կերտած չըլլային Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, ան շեշտեց, որ 28 մայիսը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը կը համարուի, որովհետեւ 100-ամեակներ ստրկութենէ ետք եկած էր 1918 թուականը` վերջ տալու այդ վիճակին: Քէշիշեան հաստատեց, որ ազգերը եւ պետութիւնները կը գոյատեւեն իրենց ուժի յենարանով, հայու պարագային` նաեւ իր պայքարի ոգիով եւ ամէնէն կարեւորը` իր ազգային եւ հայրենասիրական դաստիարակութեամբ:
Ան նկատել տուաւ, որ այսօր նոյնքան ծանր մարտահրաւէրներ կան մեր դիմաց: Շուշին յաձնուած է թշնամիին, իսկ ՀՅԴ-ի ղեկավարութեամբ հիմնուած առաջին պետութիւնը արդէն կորսնցուցած է իր արժանապատուութիւնը, աւելցնելով, որ մենք պատրաստ ենք համախմբուելու եւ պայքարելու ոգին արթնցնելու իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ:
«Առաջին անկախութիւնը կերտուած էր Հայաստանի մէջ: Երկրորդ մեծ յաղթանակը` Արցախի մէջ, թող երրորդը ըլլայ ամենամեծը` մեր երազած միացեալ Հայաստանի մէջ», եզրափակեց Ժիրայր Քէշիշեան:
Այնուհետեւ տեսերիզով իր սրտի խօսքը արտասանեց հայրենի բեմադրիչ եւ ազատամարտիկ Սամուէլ Թադէոսեան:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Վիգէն Գուճանեան: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ տօնել Շուշիի ազատագրութիւնը, երբ այսօր Շուշին Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռքով յանձնուած է Ազրպէյճանին, նաեւ թէ` ինչո՞ւ տօնել յաղթանակ մը, երբ կորսնցուցած ենք եւ պարտուած ենք, նկատել տալով, որ ասոնց մասին վստահաբար բոլորս անցնող օրերուն մտածած ենք, երբեմն նոյնիսկ պահու մը համար տօնախմբութիւնը «անտեղի» գտած ենք: «Բայց Շուշիին յանձնուիլը չի կրնար ջնջել 9 մայիս 1992-ի պանծալի էջը: Իրաւունք չունինք անտեսելու` պատմական փաստը, նահատակներու արեամբ հայրենիք փրկելու գործողութիւնները, հերոսներու սխրագործութիւններու եւ հայու ազատագրելու ուժը», շեշտեց Գուճանեան` աւելցնելով, որ ազատագրուածը կորսնցուցինք, բայց յաղթանակները տօնելը կը ծառայեն յաղթանակներով նոր սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան, որպէսզի երիտասարդութիւնը լաւապէս գիտնայ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցէ պայքարելու կամքը: Գուճանեան նշեց, որ յաղթանակները տօնելը լաւագոյն առիթներն են պատրաստուելու նոր յաղթանակներուն, իսկ պարտութիւնները առիթներ են դասեր քաղելու, սրբագրելու ընթացքը, կասեցնելու դաւաճանական ընթացքը, ի հարկին` փոխելու իշխանութիւններ եւ կարգեր: Պէտք է տօնենք, որովհետեւ պէտք է նորէն ազատագրենք:
Շարունակելով իր խօսքը` ան նկատել տուաւ, որ մայիսը յաղթանակներու ամիս է, եւ այդ պանծալի օրերու գլխաւորը մայիս 28-ն է, երբ հայութիւնը վերականգնեց իր սեփական ուժին նկատմամբ հաւատքը եւ միակամ շարքերով դուրս դրաւ թշնամին եւ կերտեց անկախութիւն, ազատ հայրենիք: Յաղթանակ մը, որ չէր ամբողջանար առանց մարտական ոգիին, որուն ջահակիրն էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իր կամաւորական գունդերով, ռազմական կրթութեամբ եւ ազատագրական գաղափարներով: Գուճանեան դիտել տուաւ, որ նոյն ոգին տեսանք 74 տարիներ ետք, Շուշիի մէջ, երբ սարդարապատեան շունչով հայութիւնը դէմ դրաւ Ազրպէյճանի բարբարոսութիւններուն եւ ազատագրեց հայրենիքի կարեւոր մէկ մասը: Շուշիին ազատագրումը ապացուցեց, որ ժամանակները երբեք չեն խանգարեր եւ չեն փոխեր ազատագրական պայքարներու ընթացքը: Կարեւորը կամքն է, պայքարելու վճռակամութիւնն է:
«Սարդարապատի եւ Շուշիի յաղթանակները խորհրդանիշներ են մեր լինելութեան եւ մարտունակ ոգիին: Զէնքն է ամէնէն բարձր խօսողը, ուժն է կացութիւն փոխողը ու արդարութիւն հաստատողը», շեշտեց Գուճանեան կոչ ուղղելով ներկաներուն` մայիսեան յաղթանակներու եւ նորօրեայ նահատակներուն նկատմամբ յանձնառութեամբ եւ հաւատարմութեամբ նորոգելու մեր ուխտը, Հայաստանը ազատագրելով ներսի եւ դուրսի թշնամիներէն, ապահովելու Արցախի անվտանգութիւնը, զինելու բանակը, ամուր պահելու սփիւռքը, վերականգնելու համահայկական միասնականութիւնը, պաշտպանելու հայ եկեղեցւոյ դերն ու կարեւորութիւնը, ազգային շահերը գերադասելու անհատական հաշիւներէն, պատժելու դաւաճանները, հեռացնելու ազգակործան գործիչները, կազմակերպելու ազատագրական պայքար եւ փրկելու հայրենիքը:
«Նահատակներուն յոյսը մենք ենք: Մնայուն աշխատանքով պէտք է շարունակենք հայրենիքի ազատագրութեան գործը, արժանապատուութեան վերականգնումը, ազատ եւ ամբողջական Հայաստանի անջնջելի, անփոխարինելի եւ անյետաձգելի գործը», եզրափակեց Գուճանեան:
Օրուան պատգամը յղեց Համբիկ Պիլալեան: Ան յայտնեց, որ հաւաքուած ենք` դարձեալ յարգելու մենք մեզ, գիտնալու մեր սեփական պատմութեան դաժան թէ փառաւոր էջերը, անդրադառնալու մեր խո՜ր ցաւին, նշելու մեր հաւաքական մտահոգութիւնը, քննելու մեր պարտութեան բուն պատճառները, յայտնելու մեր սրտցաւ մտորումները, բայց մանաւանդ, այս բոլորին առընթեր, նորահաս սերունդին փոխանցելու պարզ ճշմարտութիւն մը, որ հայութիւնը դարեր շարունակ եւ մինչեւ օրս մղած է ու ցարդ կը մղէ կենաց մահու պատերազմներ` իր տեսակը պահելու, իր անզուգական տեղն ու դերը ապահովելու աշխարհի քարտէսին վրայ, իր գերազանց, բացառիկ եւ անփոխարինելի ներդրումը բերելու քաղաքակիրթ աշխարհի զարգացման մէջ: Աւելի՛ն. հաւաքուած ենք այստեղ բարձրաձայն գոչելու եւ աշխարհին յայտնելու, որ Հայաստանի հողին վրայ, Երեւանի սրտէն քիչ մը անդին, կայ իւրաքանչիւր հայու սրտին ու խղճին վրայ փորագրուած անուն մը` Եռաբլուր, որ սովորական գերեզմանատուն մը չէ՛, այլ անկրկնելի տղոց պանթէոն է, ուրկէ կը ճառագայթեն անոնց հպարտ ու հայաբոյր դէմքերը, ուրկէ լսելի կը դառնայ հազարաւոր սուրբերու պատգամը, թէ հայը ո՛ւր ալ ապրի, ինչպիսի՛ նուաճում ալ արձանագրած ըլլայ, ի՛նչ կուսակցութեան, կազմակերպութեան, միութեան, խմբակի թէ յարանուանութեան պատկանի, տէր պէտք է ըլլայ իր ազգային արժէքներուն, կոչումին, արժանապատուութեան ու հայրենիքին:
Անդրադառնալով 28 մայիս 1918 թուականին` Պիլալեան ըսաւ, որ անիկա հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած մեծագոյն յաղթանակն է, որով հայութիւնը վերալուսաւորեց իր քաղաքակիրթ դիմագիծը, վերահաստատեց ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը եւ պետականութիւն կերտելու երազանքը, իսկ 9 մայիս 1992 թուականը Շուշիի ազատագրումն է, որ մեր պայքարն էր ընդդէմ բոլոր մութ թէ բացայայտ ուժերու եւ որոշումի կեդրոններու, որոնք տիւ եւ գիշեր կը լարէին որոգայթներ ու կը մշակէին պարտուողական ծրագիրներ, որպէսզի յուսահատութեան մատնեն հայութիւնը: Ան ցաւ յայտնեց, որ թշնամիին յանձնուած է Շուշին: «Այո՛, մեր խեղճացած աչքերուն եւ համայն մարդկութեան սադայէլական լռութեան դիմաց հայոց սրբութիւն սրբոց մը եւս կ՛անարգուի, որովհետեւ մենք` հայերս, չկրցանք պահել ու պաշտպանել մեր Շուշին, ոչ թէ որովհետեւ չունէինք` ուժ ու կամք, արի եւ առասպելատիպ տղաներ, մարտունակ բանակ ու զինուորականներ, կամաւորներ եւ մեր թիկունքին կանգնած հայ մայրեր ու հայրեր, հերոսապաշտ նորահաս սերունդներ, այլ, ըստ երեւոյթին, մենք մեզ արժանի չէինք տեսած Շուշիին», շեշտեց Պիլալեան:
Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը յայտնեց, որ 44 օրերու պատերազմական դիպաշարերը ապացուցեցին, որ ամբողջ ազգը անակնկալի եկած` հազիւ թէ կարողացաւ փրկել Արցախ աշխարհի մնացորդացը` 25 առ հարիւրը, աւելցնելով, որ հայը հաւատաց հայոց բանակի ուժին, սակայն խաբուեցաւ պետական մարդոց կանխամտածուած ու կասկածելի ծրագիրներէն:
Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու հայրենի հողին վրայ մարտնչող մեր հարազատները փորձեցին հասկնալ պատահածը, բայց` ի զուր, որովհետեւ մէկ կողմէ հայոց պետութիւնը ճշմարտութիւնը ըսելու քաջութիւնը չունեցաւ, եւ միւս կողմէ` հայութիւնը յանձնուած էր յուսահատութեան:
Համբիկ Պիլալեան շեշտեց, որ առանց ազգային ոգիի ներկայութեան` չկայ հայութիւն, չկայ Հայաստան, դիտել տալով, որ մեր թշնամիները հազարամեակներէ ի վեր միշտ փորձած են հարուածել մեր այս ոգին, անոնք փորձած են ու մինչեւ հիմա կը փորձեն ծունկի բերել մեզ` բազմաթիւ ձեւերով:
«Հայ ժողովուրդը պէտք է լաւ գիտնայ, որ եթէ երբեք կ՛ուզէ ապրիլ, գոյատեւել եւ իր տեսակը պահել, պարտաւոր է` հզօր դառնալ, հայոց պետականութեան թիկունք ըլլալ, իր աւանդութիւններուն եւ ազգային արժէքներուն տէր դառնալ, չխաբուիլ թշնամի ուժերու կողմէ սանձազերծուած քարոզչութենէն, չիյնալ թուրքին լարած թակարդին մէջ, երբ ան մեր մէջ տիւ եւ գիշեր ատելութիւն, նախանձ եւ անհանդուրժողութիւն կը սրսկէ», շեշտեց Պիլալեան` աւելցնելով, որ դարեր շարունակ մեր մեծագոյն եւ հրաշալի զէնքը եղաւ մեր միասնութիւնը, որով կրցած ենք դիմադրել եւ տոկալ: Իսկ երբ մոռացութեան տուած ենք այս հրաշալի զէնքը, ահաւոր պարտութիւններ եւ ողբերգութիւն ապրած ենք:
Եզրափակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ եթէ հայութիւնը իր պետական կարգ ու սարքով կ՛ուզէ վերականգնիլ եւ վերատիրանալ իր սուրբ հողին, ապրիլ եւ գոյատեւել յանուն մեր տեսակի շարունակութեան եւ նորահաս սերունդի յարատեւութեան, կարեւոր է սնուցանել փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի, գուրգուրանքի, քաջալերանքի եւ միասնութեան հրաշք դաստիարակութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Կասիա Շատարեւեան:
Տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին «Պահպանիչ»-ով եւ «Սարդարապատ»-ի յաղթերգի ունկնդրութեամբ: