Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 29 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ծաղկաձորի «Մայիս 28» պողոտայի Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ մայիսեան ձեռնարկ:
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները, ապա «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամները մեկնաբանեցին «Մշակ, բանուոր»-ը, որմէ ետք ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ յոշակոթողին դիմաց:
«Աղբալեան» կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան: Ան դիտել տուաւ, որ 105 տարիներ առաջ խումբ մը «խենթեր» առաջնորդեցին «խենթ» ազգ մը, անկախացուցին հայրենիք մը ու կերտեցին հայոց առաջին հանրապետութիւնը, որ երկու տարուան ընթացքին կատարեց աներեւակայելին, անկարելին: Յ. Տէր Ղուկասեան նշեց, որ ներկայիս ազատ, անկախ Հայաստանի ղեկավարը ոչ միայն չի պահանջեր 160.000 քառակուսի քիլոմեթրը, այլեւ կը բաւարարուի 29.800 քառակուսի քիլոմեթրով` զիջելով Ազրպէյճանին քաջերու արեամբ անկախացած եւ կերտուած Արցախի Հանրապետութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք տօնելու 105 տարիներ առաջ 600 տարուան ճնշուած գերիշխանութենէն ազատած եւ անկախութեան տիրացած Հայաստանի Հանրապետութեան տօնը, նաեւ մեր յարգանքը մատուցելու մեր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին եւ մեր նուիրեալ հերոսներուն, որոնց պատճառով այսօր գոյութիւն ունին Հայաստանը եւ հայ ազգը: «Ինչպէս 1918-ին Սարդարապատի պատին տակ ամբողջ ազգ մը երդում տուաւ ազատագրելու եւ անկախացնելու իր արդար հայրենիքը, մենք ալ այսօր հոս երդում տանք այս ուխտը շարունակելու եւ վերակերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը իր Ուիլսընեան սահմաններով` 160.000 քառակուսի քիլոմեթր: Եկէ՛ք, ծնունդ տանք նոր Սարդարապատի մը, որ կը կոչուի Բերձոր», եզրափակեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
Օրուան բանախօսն էր Լութֆիկ Այվազեան, որ նկատել տուաւ, թէ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կան անկիւնադարձային թուականներ եւ հանգրուաններ, որոնք կրնան ըլլալ դրական կամ ժխտական, պատահական կամ յարատեւ ծրագրումի եւ աշխատանքի արդիւնք, աւելցնելով, որ 28 մայիս 1918 թուականը անկասկած հայոց պատմութեան ամէնէն հպարտալի եւ փայլուն էջերէն մէկն է: Ան ըսաւ, որ շատ դիւրութեամբ կարելի է ոչ թէ էջեր, այլ հատորներ յատկացնել Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթանակներու կերտիչներուն եւ հերոսներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կ՛անդամակցէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եւ անոնցմէ ոեւէ մէկուն անունը վերյիշելը կրկնութիւն պիտի ըլլայ պարզապէս: Շարունակելով իր խօսքը` Այվազեան դիտել տուաւ, որ ասկէ 105 տարիներ առաջ մեր մեծ հայրերը վեց դարերու խաւարէն ետք հիմը դրին այդ օրերու չափանիշներով արդիական, ընկերվարական եւ գիրիշխան պետութեան մը` իր խորհրդարանով, կառավարութեամբ, համալսարանով, դպրոցներով, մշակութային ծրագիրներով եւ բանակով: Մնացեալը կը պատկանի ոչ շատ հեռաւոր անցեալին` խորհրդայնացում, ներգաղթ, ապա` վերստին անկախութիւն, արցախեան առաջին պատերազմ, Արցախի անկախութիւն (կամ փոքր մայիս 28), ապա շուրջ 30 տարիներուն գինովութենէ ետք` արցախեան երկրորդ պատերազմ, որուն հետեւանքները իրենց ծանր շուքը ձգեցին մեր արդէն իսկ արիւնոտ պատմութեան վրայ:
Բանախօսը ըսաւ, որ այսպիսի պահերուն ատենն է հարցերը կշռելու, առողջ դատողութիւններ կատարելու, որքան ալ ճգնաժամային ըլլան պայմանները, սխալները սրբագրելով է, որ կարելի կ՛ըլլայ շրջել պարտութեան հետեւանքները եւ արգիլել Ազրպէյճանի ձգտումը` Արցախը հայաթափելու: Ըստ Այվազեանի, որպէսզի կարելի ըլլայ առողջ վերլուծումներ ընել եւ կրկնել մայիս 28-ի իրագործումները, պէտք է բացայայտել, թէ որո՛նք էին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի թշնամիները եւ բարեկամները արցախեան երկրորդ պատերազմին: Ապա ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի կողքին կամ անոր դէմ եղողներուն` համապատասխան հիմնաւորումներ կատարելով, ինչպէս նաեւ նշեց, որ կար նաեւ ներքին թշնամին` տգիտութիւնը, որուն պատճառով ալ մեծաթիւ անձեր տարուեցան իշխանութեան գլուխը յայտնուած Փաշինեանի կարգախօսներով եւ խոստումներով, իսկ անոր քաղաքականութեան հետեւանքը եղաւ արցախեան երկրորդ պատերազմը, նոյեմբեր 9-ի նուաստացուցիչ եւ ցաւալի համաձայնագիրը եւ աւելի քան 4000 նահատակի կորուստը: Ան շեշտեց, որ Փաշինեանին քուէարկելով` հայը քուէարկեց ի նպաստ նուաստացման եւ յուսահատութեան` տոգորուած խաղաղութեան սին յոյսերով:
Օրուան բանախօսը խօսեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն մասին` զանոնք բաժնելով երեք խումբերու. ա) անտարբեր բարեկամներ, բ) անկարող բարեկամներ, գ) կեղծաւոր բարեկամներ, հարց տալով, թէ որո՞նք են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իսկական բարեկամները: «Մեր իսկական բարեկամը կը մնանք մենք` հայ ժողովուրդը իր միասնականութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ», շեշտեց Այվազեան` յորդորելով ներկաները չյուսահատելու, որպէսզի 2020-ին 4000 հայ զինուորներու թափած արիւնը ի զուր չվատնուի, նաեւ չյուսահատիլ, որովհետեւ Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք երկարող շրջանին մէջ միակ միատարր երկիրը Հայաստանն է, զոր անկարելի է բաժնել ո՛չ աշխարհագրական, ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ ազգագրական հիմերու վրայ: Ան շեշտեց, որ պէտք է վարել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն` առանց թեքելու Արեւելքի կամ Արեւմուտքի կողմը: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի յատուկ դիրքը` որպէս տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու մերձակէտ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական տարբեր ճանապարհներու խաչմերուկ, առիթ պէտք է ընծայէ, որ հայը ինք կատարէ այդ դերը եւ զայն չզիջի այլ պետութիւններու, ըլլան անոնք բարեկամ թէ դրացի: «Հայ ժողովուրդը իր երկու թեւերով` հայրենիք եւ սփիւռք, կրնայ գլուխ հանել Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական վերելքի աշխատանքները», հաստատեց Այվազեան` շեշտելով, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ուժեղ պետութիւններ չեն, այլ եղած են ու կը մնան բռնատիրական կառոյցներ, որոնք կայուն կը մնան մեծ պետութիւններու շահերուն եւ ծրագիրներուն շնորհիւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակին առիթով Լութֆիկ Այվազեան կոչ ուղղեց վերանորոգելու մեր ուխտը` պայքարելու ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն դէմ: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի բարօրութիւնը չ՛ապահովուիր զիջումներով եւ անձնատուութեամբ: Պատմութիւնը կը փաստէ, թէ որքան որ զիջած ենք, այնքան աներես, անգութ եւ անկուշտ դարձած է թշնամին, այն աստիճան, որ նոյնիսկ Երեւանը նկատած է իր սեփականութիւնը: «Հայաստանի սահմանները չեն գծեր ո՛չ Լենինը, ո՛չ Ստալինը, ո՛չ Էրտողանը եւ ո՛չ ալ Փաշինեանը: Անոնք չեն գծուիր ո՛չ Կարսի, ո՛չ Մոսկուայի եւ ո՛չ ալ 9 նոյեմբերի կամ այլ համաձայնագիրներու հիման վրայ: Հայաստանի սահմանները գծած է հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացին աւելի քան 1500 տարիներ առաջ, նաեւ վերահաստատած է Խրիմեան Հայրիկը իր երկաթէ շերեփի օրինակով: Սահմանները թուղթով եւ մելանով չեն գծուիր: Սահմանները կը գծուին քրտինքով եւ արիւնով», շեշտեց Այվազեան եւ եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով. «Մեր իմաստութեամբ, քրտինքով եւ թշնամիին ահով ու արիւնով պիտի շաղախենք հայկական հողը` գծելու համար ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ամուր սահմանները, որոնց վերեւ սաւառնող արծիւներու կողքին պիտի ծածանի մի միայն հայոց եռագոյնը»:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, «Քնար» պարախումբը եւ տհոլահարներու խումբը: Խումբ մը հայ արուեստագէտներ ներկայացուցին ազգային հայրենասիրական երգերու փունջ մը, ցուցադրուեցաւ նաեւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը` պատրաստուած ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի կողմէ: