Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԵՀՈՄ-ին Կազմակերպած Բ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ «Հայ Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» Թեմայով

June 6, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) 60-ամեակի «Ապագային նայող ու ապագային գացող հայ համալսարանականը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ շաբաթ, 20 մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը` «Եկեղեցին ու հայ երիտասարդը» թեմայով: ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը: Համագումարին ներկայ էին աւելի քան 100 համալսարանական երիտասարդներ` ներկայացնելով լիբանանահայ երիտասարդական ու ուսանողական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան անդամ Ֆիլիփ սրկ. Ժինեան, որ լուսարձակի տակ առաւ վեհափառ հայրապետին յատուկ գուրգուրանքն ու քաջալերանքը երիտասարդ սերունդին, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի լսելու անոնց մտահոգութիւններն ու կեցուածքները: Ան ապա անդրադարձաւ Հայ եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապին, քաջալերեց անոր առաւել ամրապնդումը եւ դիտել տուաւ այսօրուան կարիքներն ու երիտասարդներուն մասնակցութեան եւ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Ապա խօսք առաւ Արամ Ա. վեհափառը, որ առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երիտասարդներուն ներկայութեան, որ պերճախօս վկայութիւն սեպեց երիտասարդութեան եկեղեցւոյ հետ ունեցած կապին ու ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը հեռու չէ եկեղեցիէն, ինչպէս շատեր մեքենաբար կը յայտարարեն: Ան քաջալերեց եկեղեցի-երիտասարդ յարաբերութեան մօտենալ տարբեր հայեցողութիւններով ու յատկապէս նշեց, որ եկեղեցին ինք պէտք է մօտենայ երիտասարդութեան:

Բանախօսութեան առաջին բաժինով ան մանրամասնեց եկեղեցի հասկացողութիւնը, որ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է, քան` շէնքը, ծէսը եւ դաւանանքը. ուստի, զուգահեռ եկեղեցւոյ եկեղեցաբանական սահմանումէն, որ Քրիստոսի խորհրդանշական մարմինն է, եկեղեցին Քրիստոսի անունով քով-քովի եկած հաւատացեալներու խումբն է, ըսաւ ան: «Եկեղեցին ինքզինք կ՛ըլլայ, երբ կ՛երթայ իր ժողովուրդին` առաքելութեան ծառայութեան ճամբով», յայտնեց ան: Յաջորդիւ հայրապետը ընդգծեց ժողովուրդին մշակութային ինքնութեան հետ քրիստոնէութեան փոխյարաբերութիւնը` իբրեւ յատկանշական երեւոյթ, մանաւանդ` ուղղափառ եկեղեցիներուն պարագային, ինչպիսին է Հայ եկեղեցին: Այս ըսելով` վեհափառը անդրադարձաւ Հայ ժողովուրդի կեանքին մայր էջին վրայ եկեղեցւոյ ներկայութեան ու հրաւիրեց երիտասարդները այս դիտանկիւնէն մօտենալու հարցին:

Խօսելով երիտասարդ-եկեղեցի կապին մասին` կաթողիկոսը մերժեց բացարձակ բացասական եւ յոռետեսական մօտեցումները. այնուամենայնիւ, կեանքի ներկայ պայմանները ժողովուրդը նուազ մօտ կը պահեն եկեղեցւոյ, ըսաւ ան` զայն վերագրելով ներկայ դարուս կենցաղին, մարդու ինքնահասկացողութեան, մտածելակերպին եւ գործելակերպին փոփոխութիւններուն: «Այսօր մարդը շատ աւելի խոր կերպով անծանօթ դարձած է ինքն իր նկատմամբ», նշեց ան ու շեշտը դրաւ արհեստագիտութեան արագ փոփոխութեան պատճառով մարդուն` օրուան փոփոխութեան հետ քայլ չպահելու երեւոյթին:

Հայրապետը հաստատեց, որ եկեղեցին ի՛նք պէտք է առնէ երիտասարդութեան մօտենալու առաջին քայլը. իսկ ինչ կը վերաբերի երիտասարդին, ապա անոր մօտեցումը պէտք է իրապաշտ եւ հաւասարակշռուած ըլլայ: Խօսելով տարբեր սերունդներու յարաբերութեան մասին` ան ըսաւ, որ երէց սերունդը թելադրողի դերի մէջ պէտք չէ ըլլայ, իսկ երիտասարդը հարկ է լսէ ու սորվի երէցներուն փորձառութիւններէն եւ ունենայ իր ներդրումը:

Նիստի աւարտին մասնակիցները առիթը ունեցան հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումները եւ բաժնելու իրենց կարծիքները, մանաւանդ` արժէքներու փոփոխութեան, ընտանիք հասկացողութեան, սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ երիտասարդին դերակատարութեան գծով:

Համագումարին երկրորդ նիստը «Ամուսնական կեանքն ու հայ երիտասարդը» թեմայով կլոր սեղան էր` մասնակցութեամբ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ վերապատուելի Ժիրօ Ղազարեանի` զրուցավար ունենալով Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց դասախօս հոգեւորականները: Ապա երեք դասախօսները իրենց փորձառութիւններէն ու մասնագիտութիւններէն մեկնելով` աւելի հարստացուցին զրոյցը եւ հարցերու պատասխան տուին: Հայր Պարոյրը անդրադարձաւ 21-րդ դարու նորաձեւ ամուսնութիւններուն, հայր Սեպուհը` ամուսնութիւնը իբրեւ աստուածային եւ եկեղեցական խորհուրդ, իսկ վերապատուելին` ամուսնական կեանքին ընդմէջէն «մենք»-ի գաղափարին:

Կլոր սեղանի ընթացքին առաւելաբար արծարծուեցաւ ամուսնութիւնը մարդկային կեանքին ամենանուիրական եւ ամենակարեւոր հանգրուաններէն մէկը ըլլալու պարագան, որովհետեւ կեանքի ընթացքին յեղաշրջում մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Երկու անհատներ իրարու կապուելով` կը սկսին իրարու հետ ապրիլ. ա՛լ անձնական ոչ մէկ բան կը մնայ իրենց միջեւ, «ես»-ն ու «դուն»-ը կը դառնան «մենք», որ սահմանուած է ամբողջ կեանքի տեւողութեան շարունակուելու: Հայ եկեղեցին ամուսնութիւնը դիտած է որպէս խորհուրդ, որովհետեւ գոյատեւման պայմանականը ինքնին ամուսնութիւնն ու որդեծնութիւնն է: Պսակին նպատակն ու իմաստը սուրբ եւ խորիմաստ է: Քննարկումներու նիւթ դարձաւ նաեւ սէրը եւ շեշտուեցաւ, որ անիկա պարզապէս ֆիզիքական յարաբերութիւնը չէ ամուսնացեալ զոյգին միջեւ եւ ոչ ալ` ամուսնական կեանքին նպատակը, այլ հոգեկան այն ամուր կապն ու զգացումն է, որ զոյգը անքակտելիօրէն զիրար կը միացնէ ու որդեծնութեամբ զայն կը յաւերժացնէ:

Համագումարի վերջին բաժինով Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան եւ Մարիա Եագուպեան-Քէշիշեան խօսեցան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ընկերային ծառայութեան կարեւորութեան մասին: Անոնք յայտնեցին, որ ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան ու անբաժանելի մասն է: Անոր հիմնական նպատակն է ընկերութեան կեանքին մէջ բարօրութիւն ստեղծել: Ինչ կը վերաբերի ընկերային ծառայողին, ապա ան իր գիտութեամբ եւ մարզումով կը ձգտի հասկնալ իրեն դիմողներուն զգացական, ընկերային, ֆիզիքական եւ նիւթական կարիքները: Հակիրճ ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանոց (workshop) մը: Երիտասարդները բաժնուեցան հինգ խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ընտրեց ընտանեկան/ընկերային հարց մը եւ աշխատանոցի ճամբով լուծումներ ու առաջարկներ ներկայացուց:

Համագումարը իր աւարտին հասաւ մասնակից երիտասարդներուն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ երեկոյեան ժամերգութեան մասնակցութեամբ:

Յայտնենք, որ այս առիթով երիտասարդներուն բաժնուեցաւ վեհափառ հայրապետին անգլերէն լեզուով հեղինակած «The Armenian Church» գիրքը: Հայրապետը այս գիրքը գրած է երիտասարդներուն մատչելի ոճով, որուն մէջ ան կը ներկայացնէ` Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, առաքելութիւնը, կառոյցը, գործելաոճը, նուիրապետութիւնը եւ այլն:

Նախորդը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Դպրոցի 2 Շրջանաւարտներ Պաշտպանեցին Իրենց Թեզերը

Յաջորդը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ին. «Պատանիներ Արցախի Համար» Առցանց Հանդիպում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.