Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Ֆրանսական Քաղաքապետական Մեծ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հետ

July 12, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երկուշաբթի, 10 յուլիս 2023-ի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ «2021-2031. Միասին յանուն աւելի լաւ ներկայի եւ ապագայի» ծրագիրի գործընկերներու կոմիտէին հետ: Հանդիպումը կը վարէին քաղաքապետ Պօղոսեան, հարաւային Ֆրանսայի քաղաքապետարաններու խորհուրդի փոխնախագահ (Փերվանս, Ալփ, Քոթ Տ՛Ազիւր) Ժան Փիեռ Քոլան:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան միջազգային համագործակցութեան բաժանմունքի կցորդ Մաթիլտա Պոս եւ ֆրանսական յարակից միաւորներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ԱՎԻԹԻԵՄ-ի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, Լիբանանեան եւ ամերիկեան համալսարաններու ներկայացուցիչներ, Մարսէյի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Ֆրանք Ժելինկ, Լոհաւրի ներկայացուցիչ ՄիքայԷլ Ֆուարեսթ:

Իր ողջոյնի խօսքով քաղաքապետ Պօղոսեան բարձր գնահատեց գործընկերներու հետ համագործակցութիւնը` հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններուն` վերահաստատելով  շրջանի բնակչութեան կենցաղային եւ ապրուստի պայմաններու բարելաւման քաղաքապետարանի յանձնառութիւնները: Ան նշեց, որ տեղքայլը տիրական է Լիբանանի այժմու իրավիճակի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, հակառակ արտաքին բարեկամներու օժանդակութեան ճիգերուն:

Այս առիթով ներկաները զեկուցեցին իրենց ստանձնած նախաձեռնութիւններուն մասին` իւրաքանչիւրը մանրամասնելով տուեալ ծրագիրներու օգտակարութեան հեռանկարները:

Նոյն ծիրին մէջ անջատաբար իրենց գնահատական խօսքերը արտայայտեցին նաեւ Ժան Քոլան, ԱՎԻԹԵՄ-ի պատասխանատու դեսպան Ֆիլիփ Մոնիէ, Մաթիլտա Պոս եւ Մարսէյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Ֆրանք Ժելինկ: Անոնք խիստ բարձր գնահատեցին տարուող բարելաւման ճիգերը` հակառակ երկրի աննպաստ պայմաններուն: Ժան Քոլան յայտնեց, թէ մէկէ աւելի անգամներ կ՛այցելէ Լիբանան, այսուհանդերձ երկիրը ոչ նախանձելի վիճակի մէջ է եւ կը դիմագրաւէ զանազան տագնապներ: Քոլան վերահաստատեց Լիբանանի օժանդակութեան Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը: Ան բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի տարած ճիգերը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի կազմին:

Արտասանուած այդ խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ նաեւ հայութեան դերն ու ներուժը այս շրջանի ու առհասարակ Լիբանանի բարգաւաճման եւ ծաղկումին մէջ:

Նմանապէս` հանդիպումին մասնակից մասնագէտներն ու փորձագէտները ներկայացուցին իրենց պատրաստած ծրագիրներն ու անոնց իրականացման գործընթացի քայլերը:

Նախորդը

Վիլնիուսի Մէջ Պաշտօնապէս Ընթացք Առաւ ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը

Յաջորդը

Պու Հապիպ Վրոնեցքան Եւ Շիան Տեղեակ Պահեց Լիբանանի Կողմէ Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուելիք Բողոքին Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.