Նախորդ շաբաթավերջին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Լիբանանի կառոյցի ԻԹ. Շրջանային ժողովը` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէններուն, Համազգայինի Լիբանանի տարածքային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու պատգամաւորներու, հրաւիրեալներու, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան:
Ժողովականներուն ներկայացուեցան ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան եւ նիւթական տեղեկագիրները: Անոնք իրենց քննարկումներուն ընթացքին բարձր գնահատեցին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, անոր հովանիին տակ գործող յանձնախումբերուն եւ կառոյցներուն, տարածքային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատու մարմիններուն տարած աշխատանքը: Շեշտուեցաւ, որ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցը նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին կրցած է ամբողջութեամբ շրջանցել համավարակային դժուարութիւններու փուլը, մշակութային գործունէութիւնը ծաւալած է եւ ընդհանրապէս մտած է վերաշխուժացման հուն: Ընդգծուեցաւ, որ այս վերաշխուժացումը պէտք է յանգեցնէ որակային յաւելեալ զարգացման` Լիբանանի մէջ հայկական մշակութային գործունէութեան մէջ: Նաեւ նկատել տրուեցաւ, որ նախորդ երկու տարիներու ընթացքին Համազգայինը կրցած է յաջողցնել կարեւոր մշակութային իրադարձութիւններ, եւ անոնց լուսաբանումով կրցած է ապահովել Համազգայինի բացուիլը լիբանանեան տեղական հանրութեան: Ժողովը մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի բռնագրաւեալ շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական մշակութային եւ հոգեւոր կոթողներու ու կառոյցներու ճակատագիրին գծով եւ պարտք դրաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան վրայ` այս առումով յառաջիկայ երկամեակին նախաձեռնութիւններու դիմելու, ինչպէս նաեւ արցախեան մշակութային արժէքները լիբանանահայ իրականութեան մէջ կենդանի պահելու:
Ժողովը գնահատեց նաեւ Շրջանային վարչութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը:
Ժողովի աւարտին ներկայացուեցան առաջարկներ` առ ի գործադրում յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին: Ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն` հետեւեալ կազմով.
Սէմ Սիմոնեան
Լիզա Պասթաճեան
Նորայր Գարամանուկեան
Նանօր Թաշճեան
Վարդան Ազնաւուրեան
Անի Թորդեան
Յովիկ Գլընճիպաշեան
Մակի Պօղոսեան
Սարգիս Մակարեան
Նայիրի Ադամեան
Անի Միսիսեան