Հինգշաբթի, 22 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Գալին Գիլէճեան: Ան ըսաւ. «Ճեմարանը այդ տարօրինակ դպրոցն է եւ Լիբանանի քիչ դպրոցներէն է, ուր խստութիւնն ու պատիժները գրեթէ գոյութիւն չունին: Աշակերտը կը մեծնայ ինքնավար, եղբայրական ու մտերիմ, հայեցի դաստիարակութեամբ պատուած: Յարկերը բարձրանալով` աշակերտը կը սորվի ինքնավստահ ըլլալ, կը սորվի իր իրաւունքները պաշտպանել իբրեւ մարդ, բայց նաեւ` իբրեւ հայ…»: Ան իր խօսքին աւարտին ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը քանի մը ամիս առաջ իր ընկերներէն բաժնուած վաղամեռիկ ճեմարանական Նժդեհ Մերտխանեանին:
Բացման խօսքէն ետք աւարտական դասարանի աշակերտները ներկաները հմայեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով: Կլորիա Ժալըֆեան դաշնամուրով նուագեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, ապա Քամի Ղազարը եւ Նարեկ Վարդանեանը կարդացին ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը, որմէ ետք Կարին Եղիայեանը դաշնամուրով նուագեց Արամ խաչատուրեանի «Մասքարաթ»-ը: Այնուհետեւ Վարագ Պորոյեանը հանդէս եկաւ ծնողներուն ուղղուած երախտագիտական խօսքով. «Երբ խօսինք բախտաւորութեան մասին, ան կը սկսի ծնողքի որոշումներով, եւ կրնանք հպարտօրէն հաստատել, որ մեր ծնողներուն ամէնէն ճիշդ որոշումներէն մէկն էր մեզ ղրկել այս առասպելական վայրը` Ճեմարան…»: Ան աւարտական դասարանին անունով խնդրեց իրենց ծնողներէն ոտքի ելլել, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկներ նուիրեց իր ծնողին: Ապա Ճորճ Տեմիրճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Համաստեղի «Հայու ոգին» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց խումբ մը աշակերտուհիներու «Մախմուր աղջիկ» պարը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Ճեմարանը եւ մենք» տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր աւարտական դասարանի աշակերտներուն սրտի խօսքերը:
Տեսերիզէն ետք Կասիա Գրիգորեան (ջութակ), Գալին Գիլէճեան եւ Լոռի Գարաճեան (կիթառ) նուագեցին «Libertango», ապա աւարտական դասարանին կողմէ «Ցտեսութիւն Ճեմարան»-ը կարդաց Անժելինա Դարբինեանը: Ան ըսաւ. «… Ես այսօր խօսք կու տամ, իբրեւ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Վրացեանի, Մուշեղ Իշխանի, մէկ խօսքով` Ճեմարանի՛ զաւակը, շարունակել հայապահպանման ուղին եւ մեր լեզուն ու մշակոյթը ապրեցնել իմ տանս եւ շրջապատիս մէջ: Հպարտ եմ ըսելու, որ ես Ճեմարանաւարտ եմ: Հպարտ եմ ես իմ անձովս, զոր կը պարտիմ իմ հայ ընտանիքիս եւ հայ Ճեմարանին: Ցը, Ճեմարա՛ն»: Ընթերցումին աւարտին բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի բոլոր աշակերտները եւ երգեցին «Անցան ուրախ օրեր» երգը, նուագակցութեամբ կիթառներով` Գէորգ Արապաղեանի, Սանան Քէշիշեանի, Լոռի Գարաճեանի եւ Գալին Գիլէճեանի, իսկ ջութակով` Կասիա Գրիգորեանի:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ, ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այսօր բեմ կը բարձրանան մարդկային արժէքներով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ զինուած 31 ճեմարանականներ` ստանալու համար Ճեմարանի վկայականը. անոնք պիտի միանան աշխարհասփիւռ ճեմարանաւարտներու փաղանգին եւ նախորդ սերունդներուն նման կը խոստանան հպարտօրէն Ճեմարանի ջահը բարձր պահել»: Ապա ան անդրադառնալով Ճեմարանի առաքելութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն եւ անոր նեցուկ կանգնողներուն` ըսաւ. «Սերունդներու դաստիարակութեան մէջ գլխաւոր դեր կը խաղան իրենց ծնողները, հարազատները, դաստիարակները եւ մեծ թիւով անհատներ, որոնք իրենց բարոյական, ազգային, ընկերային ու մասնագիտական խրատներով եւ ցուցմունքներով կ՛օժանդակեն անոնց ընդհանուր կազմաւորման: Կարեւոր դեր կը խաղան նաեւ բոլոր այն անհատները, միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու հիմնարկութիւնները, որոնք բարոյականին կողքին, նիւթապէս իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն այս սերունդներու պատրաստութեան: Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային այս օրերուն մեծաթիւ եղան լիբանանահայ դպրոցին եւ յատկապէս Ճեմարանին այլազան ձեւերով նեցուկ կանգնողները: Մենք մեր անհուն շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլորին»: Շարունակելով` ան ներկայացուց Ճեմարանի երախտագործ բարեկամներէն Յակոբ Քուճաքեանը եւ ըսաւ. «Ան ճիգ չի խնայեր ամէն գնով օգտակար ըլլալու հայ աշակերտին, հայ ուսանողին եւ հայ դպրոցին նուիրուած ուսուցիչին: Ահաւասիկ աւելի քան երեք տարեշրջաններէ ի վեր Պրն. Քուճաքեան իր մնայուն աջակցութիւնը կը բերէ մեր Ճեմարանին: Ան անձամբ ներկայ պիտի ըլլար այս հանդէսին` ծանօթանալու համար մեր շրջանաւարտներուն ու իր պատգամը յղելու անոնց, սակայն թուականի անյարմարութեան պատճառով այսօր ան չկրցաւ Լիբանան ըլլալ»: Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներուն ուղղած անոր սրտի խօսքը, որմէ ետք Փաուլա Եղիայեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի կողքին գտնուող բոլոր բարեկամներուն, ապա անցաւ մրցանակաբաշխութեան:
Գալին Գիլէճեան արժանացաւ աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարանի ուսողութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարանի ընկերաբանութեան-տնտեսագիտութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գափլանեան» մրցանակը ստացաւ Կասիա Գրիգորեան: Աւարտական դասարաններու հայերէնի լաւագոյն աշխատանքի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակին արժանացաւ Կլորիա-Մարիա Ժալըֆեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի` «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացաւ Կալիա Պասթաճեան: Գերազանց արդիւնք ապահովողի ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Կարին Եղիայեան եւ Ճորճ Տեմիրճեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Գալին Գիլէճեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Գէորգ Արապաղեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացաւ Արին Հանաշեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Սարգիս Աբգարեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Քրիստ Մարկոսեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացան` Կասիա Գրիգորեան, Կարին Եղիայեան եւ Կլորիա-Մարիա Ժալըֆեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Կարօ-Կերի Քէօշկէրեան եւ Ալինա Վասիլեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակին արժանացաւ Սելին Գիլէճեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացաւ Աննա Կիւրիւնլեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Նարեկ Շիրէճեան: Ժ. դասարանի հայերէնագիտական նիւթերու շատ լաւ աշխատանքի եւ միութենական կեանքի մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ու ներդրում ունեցողի «Նժդեհ Մերտխանեան» մրցանակը ստացաւ Հրակ Գէորգեան:
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին Փաուլա Եղիայեան յայտարարեց, որ յիշեալ մրցանակներէն բացի, այս սերունդի շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը կը ստանայ նաեւ նուէր քաջալերական գումարներ` յատկացուած Քուճաքեան, Յովսէփեան եւ Գույումճեան ընտանիքներուն կողմէ: Ան շնորհաւորեց բոլորը, իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ապա արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը` սկսելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակէն, յայտնելով, որ Համազգայինի տարեդարձը կը նշուի շրջանաւարտներուն կողմէ պատրաստուած հանդէսին յայտագիրին ընդմէջէն:
Ան ըսաւ. «Համազգայինը հայ գիրն է, հայ երգն ու երաժշտութիւնն է, հայ պարն է, մշակութասէր հայ երիտասարդն է, այս բեմին վրայ հնչող հայու ոգին է, հայ դպրոցն է: Համազգայինը հայ Ճեմարանն է, որ պիտի գոյատեւէ եւ իր աշակերտներուն պիտի փոխանցէ լեզուներ եւ գիտութիւն, արժէքներ եւ հմտութիւններ, պիտի պատրաստէ զանոնք պետական քննութիւններու եւ համալսարաններու, սակայն ամէն բանէ առաջ կառչած պիտի մնայ հայոց լեզուին ու հայոց պատմութեան, այնպէս` ինչպէս միշտ եղած է ան»: Ան յայտնեց, որ այս տարեշրջանին Ճեմարանի եւ մանկամսուրի աշակերտութեան թիւերը աճ արձանագրած են եւ կը ներկայացնեն աւելի քան 520 աշակերտներ: Ապա շարունակեց` ըսելով. «Ճեմարանի կրթական ծրագիրները ընթացան հեզասահ ձեւով, դաստիարակչական ու բարեկարգման ծրագիրները կիրարկուեցան աշխուժ թափով, նախորդ տարիներուն ստիպողաբար ջնջուած արտադասարանային աշխատանքները վերստին կազմակերպուեցան, ներքին եւ արտաքին ձեռնարկները վերահաստատուեցան: Լիբանանի մէջ տիրող մնայուն անկայուն մթնոլորտին պատճառով մենք շարունակ գտնուեցանք նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց, առօրեայ կեանքի մտահոգութիւնները միշտ ընկերակցեցան մեզի. շրջափակուած Արցախի իրավիճակը մնայուն օրակարգը դարձաւ Լսարանական միութեան եւ դպրոցի տարբեր բաժիններու ազգային ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն: Վերիվայրումներով լեցուն այս տարեշրջանին ընթացքին մենք ապրեցանք թէ՛ ուրախ, թէ՛ տխուր վայրկեաններ, թէ՛ հաճելի, թէ՛ դժուար պահեր: Մարտ ամսուան վերջաւորութեան տասներորդ դասարանի մեր աշակերտին` Նժդեհ Մերտխանեանին, անակնկալ կորուստը ցնցեց մեզ բոլորս, տխուր ու դառն այս ցաւը պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ, եւ իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ Ճեմարանի մէջ: Այս բոլորին դիմաց կանգնած եւ յաճախ անակնկալ ու հետզհետէ բարդացող դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուող Ճեմարանը հայ աշակերտին հանդէպ իր առաքելութիւնը առաջնահերթ դասելով` իր ամբողջ անձնակազմով կարելին ըրաւ ու կորովով շարունակեց իր նուիրուած աշխատանքը. վարձքը կատա՛ր բոլորին»:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Այսօր դուք կ՛անցնիք կեանքի նոր փուլ մը, եւ ձեր դիմաց պիտի բացուին նոր դռներ. դպրոցական կեանքի վերջաւորութիւնը ձեզի համար պիտի ըլլայ նոր սկզբնաւորութիւն մը. բարձրագոյն ուսում, մասնագիտութիւն, ասպարէզի ընտրութիւն եւ նորանոր պատասխանատուութիւններ: Կեանքի այս նոր փուլը նոր դպրոց մըն է ձեզի համար: Ի՛նչ ալ ըլլան ձեր մասնագիտութիւնները, վստահ ենք, որ կրաւորական պիտի չմնաք, այլ պիտի դառնաք աշխուժ դերակատարներ մեր ազգային եւ հասարակական կեանքին մէջ: Աշխատասիրութիւնը, արդարամտութիւնը, պարկեշտութիւնն ու ազնուութիւնը ընտրեցէք իբրեւ կեանքի նշանաբաններ: Ձեր նպատակներուն հասնելու ձեր միջոցները թող ըլլան նպատակներուն նման ազնիւ: Ձեր շուրջը յաճախ երեւելի եւ իշխող նիւթապաշտութեամբ ու փառասիրութեամբ մի՛ տարուիք եւ անոնց գերին մի՛ դառնաք: Եղէք անկողմնակալ, համեստ, շրջահայեաց ու անշահախնդրօրէն ծառայասէր: Դուք մաս կը կազմէք հայ ժողովուրդի ապագային: Եղէք տէրն ու պաշտպանը հայ լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, հայ դպրոցին ու Դատին: Խօսեցէք հայերէն, գրեցէք հայերէն եւ կազմեցէք հայ օճախներ: «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարան»-ը կը մնայ ձեր տունն ու երկրորդ ընտանիքը. մնացէք հպարտ ճեմարանաւարտներ ու մանաւանդ հպարտ հայեր: Ձեզի կը մաղթեմ բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ»:
Իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:
Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.
Ալեքս Տէյիրմենճեան, Ալինա Վասիլեան, Անժելինա Դարբինեան, Առլի Տէր Աբրահամեան, Արէն Պապիկեան, Արին Հանաշեան, Գալին Գիլէճեան, Գէորգ Արապաղեան, Դերա Տէր Աբրահամեան, Զուլալ Աւագեան, Էլսա Մանիսաճեան, Լոռի Գարաճեան, Կալիա Պասթաճեան, Կասիա Գրիգորեան, Կարին Եղիայեան, Կարօ-Կերի Քէօշկէրեան, Կլորիա-Մարիա Ժալըֆեան, Հրակ Գալայճեան, Հրակ Համալեան, Ճորճ Տեմիրճեան, Մարիա Տեմիրճեան, Մարիէլ Մարթայեան, Նայիրի Գարաճեան, Նանար Պայրամեան, Նարօտ Նագգաշեան, Նարօտ Նալպանտեան, Սանան Քէշիշեան, Սարգիս Աբգարեան, Սէրլի-Գայիանէ Զաքարեան, Վարագ Պորոյեան, Քրիստ Մարկոսեան:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Ճեմարանի աւարտական դասարանի հանդէսէն մօտ շաբաթ մը ետք յայտարարուեցան ֆրանսական պաքալորէայի արդիւնքները, եւ բոլոր շրջանաւարտները յաջողեցան շատ լաւ արդիւնքներով եւ յիշատակութիւններով: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք զիրենք: