2 յունիս 2023-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարանները յանձնեցին այս տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը` Մեսրոպեանի համար աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին:
Հանդէսը կայացաւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի:
Շրջանաւարտներու բեմ հանդիսաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք եւ յետ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեան, խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան նախ շեշտեց, որ ընդհանրական առումով մեծագոյն նուաճում մըն է այն, որ հակառակ տարիներէ ի վեր շարունակուող տագնապներուն` Լիբանանի մէջ հայ դպրոցը մնաց կանգուն եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը վասն հայ կրթութեան: Անդրադառնալով մասնաւորաբար Մեսրոպեանին` Կ. Գալուստ ըսաւ, որ վարժարանը անշեղօրէն յառաջ կ՛ընթանայ զարգացումի ճամբով. որպէս օրինակ` ան մատնանշեց այն փաստը, որ այս հանդէսին առաջին անգամ ըլլալով ներկայ են արհեստից վարժարանի պսակաւոր արուեստից համալսարանական վկայականի (LT, license technique) շրջանաւարտները, ինչ որ ապացոյց մըն է վարժարանի ծաղկումին ու վերելքին:
Խօսքը ուղղելով Մեսրոպեան վարժարանի 84-րդ հունձքի 82 շրջանաւարտներուն` Կրեկուար Գալուստ կարեւոր նկատեց հաւատքին, սիրոյ եւ ծառայութեան դերը անոնց կեանքին մէջ. «Հաւատացէ՛ք ձեր ներքին ուժին ու կարողականութեան եւ ամուր քայլերով քալեցէք ձեր երազանքներու իրականացման համար: Սիրեցէ՛ք` ձեր ընտանիքները, ձեր ընկերները, ձեր բարեկամները, ձեր դպրոցը, միջավայրը, եկեղեցին, ազգն ու հայրենիքը: Սիրեցէ՛ք. առանց փոխադարձ ակնկալութեան եւ առանց որեւէ շահի: Ծառայեցէ՛ք, տարածեցէ՛ք ձեր գիտելիքները, ձե՛ռք երկարեցէք բոլորին, որովհետեւ այս աշխարհին մէջ ա՛յն ինչ կու տաք, կը նուիրէք, այդ կը մնայ միայն», ըսաւ ան:
Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքին` հայրական գուրգուրանքին, վստահութեան եւ անսահման զօրակցութեան համար, Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանին, բարերարներուն, վարժարանի անձնակազմին. ծնողական յանձնախումբին եւ ծնողներուն, Մեսրոպեանի վերելքին համար ցուցաբերուած քաջալերանքին, զօրակցութեան եւ համատեղ աշխատանքին համար:
Շրջանաւարտներուն անունով խօսքեր արտասանեցին` Յակոբ Թերզեան, Բալիկ Տօնիկեան, Փաթիլ Ժաուհարժի եւ Սէրլի Քէօֆթէեան, յաջորդաբար` հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն: Անոնք բոլորն ալ արտայայտեցին իրենց երախտագիտական ապրումները` ուղղուած դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, շեշտելով Մեսրոպեանի ոգիին հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւնը:
Հանդիսութեան մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղեց օրուան պատգամաբեր Ուիսամ Մուքահալ` «Զուհեր Մուքահալ» հիմնարկութեան նախագահը եւ Մեսրոպեանի մէջ ՌԱՖԻՔ կրթական ծրագիրին հիմնադիրն ու հովանաւորը:
ՌԱՖԻՔ (RAFIQ) կրթական աջակցութեան ծրագիրը ստեղծուած է 2016 թուականին «Զուհեր Մուքահալ» հիմնադրամին կողմէ. անցած տարիներուն Մեսրոպեանի մէջ աջակցած է զանազան ծրագիրներու, իսկ 2022-2023 տարեշրջանին կրթաթոշակներ տրամադրած է միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 300 աշակերտներու: Ու. Մուքահալի վկայութեամբ, ծրագիրը կը կրէ «Ռաֆիք»` «ընկեր», անունը ի պատիւ եւ ի նշան երախտագիտութեան իր մեծ ընկերոջ` Վարուժ Ներկիզեանի, որ տարիներ շարունակ կը մնայ Մեսրոպեան վարժարանի գլխաւոր բարերարներէն մէկը, եւ ինքն է, որ ոգեշնչած է զինք ստեղծելու ուսանողներու աջակցութեան այս ծրագիրը:
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Ու. Մուքահալ ըսաւ. «Երբ դուք կը սկսիք ձեր կեանքի յաջորդ փուլը, ես կ՛ուզեմ, որ դուք յիշէք, թէ ձեր դպրոցը պատրաստած է ձեզ յաջողութեամբ դիմագրաւելու սպասուող մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները: Բայց նոյնքան կարեւոր է յիշել, որ յաջողութիւնը կապուած է ոչ միայն այն բանին հետ, թէ ինչերո՛ւ մենք կը հասնինք, այլ այն, թէ ինչպէ՛ս մենք կը հասնինք անոնց»: «Երբ մենք կը յառաջդիմենք մեր կեանքին մէջ, մենք պէտք է յիշենք ըլլալ բարի եւ կարեկից` ուրիշներու հանդէպ: Մենք պէտք է ձգտինք նաեւ ըլլալ բարոյական եւ պատասխանատու քաղաքացիներ` միշտ ձգտելով ընել այն, ի՛նչ ճիշդ է, նոյնիսկ երբ ատիկա դժուար է», շեշտեց ան: «Ձեր կրթութիւնը նպատակակէտ մը չէ, այլ` ամբողջ կեանքի ճանապարհորդութիւն մը: Շարունակ սորվեցէք, աճեցէք եւ մարտահրաւէր նետեցէք դուք ձեզի` դառնալու ձեր լաւագոյն տարբերակը», ըսաւ ան:
Գեղարուեստական բաժինով աւարտականներու նուագախումբը կատարեց «Հինգալլա»-ն (Յակոբ Թերզեան, Ալեքս Լեւոնեան, Թիա Թեքիրեան, Ժորժ Լեւոնեան), ապա երգ եւ նուագ` «Those were the days» (Ռոզալին Պօղոսեան, Յակոբ Թերզեան, Ալեքս Լեւոնեան, Թիա Թեքիրեան, Ժորժ Լեւոնեան), hայկական պար (Անճի Տիպ, Միրէյ Ժեմօ, Ռոզալին Մարգարեան, Ճոյս Պաժին, Մանուէլլա Տալպզտիկեան, Մեղրի Պասմաճեան), ասմունք` «Ո՞րն է, պապօ» (Զաւէն Արսէն Տէր Ղուկասեան, Տէյվիտ Տօնապետեան եւ Սէրուժ Մուրատեան):
Հայրական իր խօսքին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանը յայտնեց, որ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս պատրիարքը իր հովուապետական գլխաւոր աշխատանքը կեդրոնացուցած է հայ կաթողիկէ կրթական հաստատութիւններուն վրայ: Ան օրհնեց շրջանաւարտներու ճամբան դէպի լոյսի աւելի բարձր աղբիւրներ եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ քրիստոնեայ մարդու եւ հայու հաւատամքին, տեսլականին եւ արժէքներուն:
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ 2022-2023 տարեշրջանի աւարտականի իրենց վկայականները ստացան Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու 82 աշակերտներ եւ ուսանողներ: