Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 5, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 20 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «1928-ին հիմնուած հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանող Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եղաւ 95 տարեկան: Մեր փոքրիկները իրենց առաջին քայլերը առին Համազգայինի Ճեմարանի մանկապարտէզէն ներս, ուր ստացան, բարձրորակ կրթութեան եւ դաստիարակութեան կողքին, ազգային շունչ ու ոգի»: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն` ան ըսաւ. «Սիրելի փոքրիկներ, այսօր անմոռանալի օր մըն է ձեզի համար: Մնաս բարով պիտի ըսէք մանկապարտէզին եւ անցնիք տարրական բաժին: Եղէ՛ք առողջ, ուրախ եւ տարածեցէ՛ք հայ լեզուն, ուր ալ ըլլաք»: Այնուհետեւ մանկապարիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն` անոնց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը, Եահնիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց գործակցութեան եւ վստահութեան համար:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Հայկական տօներն ու աւանդութիւնները»: Կանաչ դասարանի փոքրիկները, գունաւոր հագուստներ հագած` երգելով, նուագելով ու պարելով ներկայացուցին Համբարձումը, Վարդավառը, Տեառնընդառաջը, Միջինքը եւ Բերքի տօնը:

Հանդէսի աւարտին բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ալապաշեան Սերենա, Աւագեան Նարէ, Գասարճեան Սիրեն, Գազանճեան ճոն, Գայապալեան Սագօ, Ժուտիէհ Նարինէ, Կարապետեան Ինեսա, Հաճիմանուկեան Արամ, Հէյպէլեան Արէն, Մարգարեան Մերի, Մենզոյեան Ալիսիա, Ներսէսեան Սարին, Շահպազեան Միլենա, Պազարպաշեան Պարոյր-Սեւակ, Սերոբեան Գաթրինա, Սերոբեան Սոֆի, Տէր Թորոսեան Լէոն, Տոշոյեան Կայէլ, Քուսաօղլի Մարիա:

Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները եւ մաղթեց, որ անոնք 12 տարի ետք կրկին բարձրանան նոյն բեմը եւ ստանան Ճեմարանի աւարտական դասարանի վկայականը: Ան շնորհաւորեց նաեւ ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «վարձքը կատար» ըսաւ բոլորին:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որ երգեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի վկայեալ աշակերտները:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու 2022-2023 Կրթական Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

RelatedPosts

Խաչվերացի Տօն Եւ Միաբանական Խոստում
Գաղութային

Խաչվերացի Տօն Եւ Միաբանական Խոստում

Հոկտեմբեր 6, 2025
Յարգանք` Նիկոլ Աղբալեանի Եւ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէութեան Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Յարգանք` Նիկոլ Աղբալեանի Եւ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէութեան Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?