Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէսը. Յոյսի, Կամքի Եւ Երազի Պատգամ

Յուլիս 8, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 28 յունիս 2023-ը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի մեծ ընտանիքին համար: Օր մը, որ յատկանշուեցաւ կեդրոն յաճախող, դժուարութիւններ դիմագրաւող աշակերտներու ամավերջի հանդէսով, որ սովորական հանդէսէ մը անդին, դժուարութիւններ յաղթահարելու կամքի արտայայտութիւն էր, հաւատք, վճռակամութիւն, յոյս եւ ժպիտ ճառագայթող պատգամ: Արդարեւ, նախագահութեամբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար դոկտ. Հեքթոր Հաժժարի, 28 յունիսին  «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի ամավերջի հանդէսը` խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան:

Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Ճորճ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքս Մուրատեան, Կիլիկիան եւ Մխիթարեան միաբանութիւններու, ազգային վարչութիւններու, բարեսիրական, ընկերային, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, «Զուարթնոց»-ի բարերարներ, բարեկամներ եւ ծնողներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` Յարութ Հարպոյեանի բեմադրութեամբ թատերական ներկայացումի մը ընդմէջէն, որ կը ներկայացնէր «Զուարթնոց»-ի առաքելութիւնը եւ կատարուած աշխատանքը:

«Պատառիկներ մեր առօրեայէն» խորագրեալ տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, յաջորդաբար պարերով` «Պիլիվըր», «Հովանոցներու պար»,  «Շաքար», «Տրիմըրզ» եւ «Պիըքֆի ըննաք լըպնանի» դաշնամուրի եւ ասմունքի ելոյթներով աշակերտները ներկաներուն հրամցուցին գեղարուեստական խորիմաստ ելոյթ մը, անսխալ, լուրջ ու բծախնդիր պատրաստութեամբ եւ գործադրութեամբ հմայելով ներկաները, որոնք սրտաբուխ ծափահարութիւններով եւ յուզումնախառն ուրախութեամբ ընկալեցին աշակերտներուն յոյսի, կամքի եւ երազներու պատգամները:

Հանդիսութեան ընթացքին Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան, «Զուարթնոց» կեդրոնի վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, որ անդրադարձաւ կեդրոնի հիմնադրութեան` բացատրելով, թէ նկատի ունենալով յատուկ դաստիարակութեան կարիք ունեցող հայախօս պարագաներու լեզուական դժուարութիւնը կրթական այլ հաստատութիւններու մէջ դասընթացքներու հետեւելու,1987 թուականին հիմնուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնը` ընկերային ծառայողներու աշխատանքով եւ հսկողութեամբ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային հարցերու տարբեր նախարարներու, որոնք նիւթական օժանդակութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, շարունակած են բարոյական իրենց նեցուկը տալ այս կեդրոնին:

«Ներկայիս աւելի քան 40 աշակերտ ընդունող «Զուարթնոց»-ը ապահով երդիք մըն է, որ իր հիւրընկալութեամբ, կրթական յառաջադէմ եւ արդիական միջոցներով կը զարգացնէ յատուկ դժուարութեան մէջ եղող աշակերտներուն շնորհները եւ մտային կարողութիւնները», ըսաւ ան:

Կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր խօսքը արտասանեց արաբերէնով եւ ըսաւ. «Միասնաբար դիտեցինք մեր զաւակներուն հոգիի գեղեցկութեան եւ ուրիշին տալու անաղարտութեան լաւագոյն պատկերը: Անոնք դժուարութիւնները յաղթահարող կամքի, ուրախութեան, սիրոյ, անվերջ երազներու տէր անհատներ են, որոնք մարտահրաւէրները կը վերածեն առիթի եւ մեզի կը փոխանցեն իրենց պատգամը:

«Իրենց պատգամով անոնք մեզ կը պարտաւորեցնեն տագնապները վերածել յոյսի, դէմ կանգնիլ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններուն, հակառակ անոնց, ուժ  ամբարել եւ այդ ներուժով աշխատիլ առանց տկարանալու»:

Վ. Օհանեան` իր խօսքը ողղելով նախարարի պաշտօնակատար Հաժժարի ըսաւ. «Գիտենք, որ պայմանները ձեռնտու չեն, եւ դուք, որ եկած էք ընկերային ծառայութեան բնագաւառէն, լաւապէս կ՛ըմբռնէք մեր կացութիւնը եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէք կողմնացոյցը ճիշդ ուղղութեամբ պահելու` ի խնդիր երիտասարդութեան պատրաստութեան եւ ուժեղացման: Պետական միջոցներու բացակայութեան, սեփական մարզը ի՛նքն է, որ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ճամբով կը գոցէ բացը: Մենք ալ, մեր կարգին, սպասելով մեր մարզին համապատասխան օրէնսդրութեան ու գործադիր իշխանութեան որոշումներուն, տեղական թէ միջազգային օժանդակութիւններու ձեռքբերման, չենք կրնար ձեռնածալ մնալ եւ անվերջ սպասել, ուստի կը շարունակենք մեր ճիգն ու աշխատանքը յատուկ դաստիարակութեան կարիք ունեցող մեր աշակերտներուն համար:

Կեդրոնի տնօրէնը իր խօսքը աւարտեց` հաստատելով, որ այդ հանդէսը, աշակերտներուն թիւը, արձանագրութեան սպասողներու ցանկը իսկական փաստն են այն իրողութեան, որ «Զուարթնոց»-ը ոչ միայն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ չի նուազեցներ ծառայութիւնը, այլ նաեւ մնայուն կերպով կը ձգտի աւելին տալու:

Վ. Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հին թէ նոր  զօրակցական օժանդակութիւններուն: Ապա հայերէն լեզուով ըսաւ. «Այն,  ինչ որ դիտեցինք այս բեմին վրայ, Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած վայելք մըն է: Սրտիս խորքէն շնորհակալութիւն ձեզի` սիրելի՛ աշակերտներ:

«Ձեր աչքերը կը ճառագայթեն յոյս, հաւատք, սէր  եւ ուրախութիւն: Թերեւս մենք ձեզի պէտք ունինք այս դժուար օրերուն, մանաւանդ` կամքի ամրութիւն, յոյս ու երազ կերտելու եւ տեւաբար զօրանալու»:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ, նախարարի պաշտօնակատար Հաժժարը եւ անոր նուիրեց «Զուարթնոց» կեդրոնի անունով երախտագիտութեան յուշանուէր մը:

Ապա խօսք առաւ նախարար Հաժժար, որ բարձր գնահատեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ծառայութիւնը, անձնական ծանօթութեամբ իբրեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն թէ իբրեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար:

Ան հաստատեց. «Ո՛ւր որ ալ գտնուեցաւ տիկին նախարարը, տուաւ ու կը շարունակէ տալ իր լաւագոյնը` անտեսելով դիրքերը եւ միշտ աշխատելով ի խնդիր երիտասարդութեան առողջ կեանքին եւ բարօր ապագային»:

Հաժժար ընդունեց, որ Լիբանանի պետութիւնը անտեսած է յատուկ կարիքներ ունեցող քաղաքացիները, մինչ ինքզինք յարգող պետութիւն մը ամէն բանէ առաջ պարտաւոր է յարգել քաղաքացիները` յատուկ եւ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով նուազ բախտաւոր անհատներուն: Ան խոստացաւ առաւելագոյն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի կառավարութիւնը որդեգրէ «Զուարթնոց»-ի նման հաստատութիւններու զօրակցելու իր առաջարկները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի գնահատական արտայայտութեամբ եւ աղօթքով:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Նախաձեռնութեամբ. Բժշկական Անվճար Քննութիւններ Ճիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Երախտապարտ Եմ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?