Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակուի

July 8, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 2 յուլիսին,  կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին «Արաքս» փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» ութերորդ նախաձեռնութեան բացումը:

Օրուան հանդիսավար` Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

«Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին միութիւններ, հաստատութիւններ, նաեւ անհատներ: Սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, պայուսակներ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ, անուշեղէն, ճաշատեսակներ, մանաւանդ խորովածի անկիւնը բաւական ախորժաբեր էր: Անկիւն մը յատկացուած էր նաեւ ամրան, ուր այցելուները կարելիութիւն  կ՛ունենային լուսանկարուելու այս առիթին համար գեղեցիկ կերպով զարդարուած վայրին մէջ:

Մեծ թիւով այցելուներու շարքին «Մեր շուկան» այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: «Մեր շուկան» այցելեց նաեւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, որ կարճ զրոյց ունեցաւ կազմակերպիչ  յանձնախումբի անդամներուն հետ, նաեւ նկարեց կարգ մը սեղաններ: Սոյն տեղեկատուութիւնը ցուցադրուեցաւ նոյն օրը երեկոյեան` «Էմ. Թի. Վի.»-ի լուրերէն:

Այս անգամուան նախաձեռնութեան նորութիւնն էր իր բնոյթով եզակի մանկապատանեկան գեղարուեստական յայտագիրը, որ տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00 «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Արդարեւ, ժամը 4:00-ին, «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ» խումբը զուարճացուց մանուկները, իսկ ժամը 5:00-ին ելոյթ ունեցաւ «Արամալիզ էտվէնչըրզ»-ը, որ հետաքրքրական գիտական փորձարկումներով շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ: Մանուկները մասնակից դարձան կատարուած փորձարկումներուն:

Ժամը 6:00-ին, «Արաքս» փողոցին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Առաջին հերթին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբէն կարգ մը անդամներ շրջելով «Արաքս» փողոցին մէջ նուագեցին երաժշտական կտորներ: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Շաքէ Պաղտասարեան,  Իշխան Սարգիսեան, Գէորգ Տեմիրճեան, Կարէն Գազանճեան, որոնք մեկնաբանեցին հայերէն ազգային, գաւառական եւ հայրենասիրական երգեր, նաեւ օտար երգեր, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ տասնամեայ Ճէյսըն Տէր Սահակեան, որ, հակառակ իր փոքր տարիքին, ցուցաբերեց բացառիկ տաղանդ իր գեղեցիկ ձայնով: Պարերով ելոյթ ունեցան նաեւ անոր քոյրերը` Սէրլին եւ Սելինը:

«Մեր շուկան» հասաւ իր աւարտին երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Նախորդը

Մեսրոպեանի 2022-2023 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Նախաձեռնութեամբ. Բժշկական Անվճար Քննութիւններ Ճիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը

February 25, 2026
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

February 25, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.