Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով` Հայրապետական Մաղթանք

Յուլիս 7, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով 2 յուլիսին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք:

Արդարեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ 28 տարիներ առաջ, մեր ազգին կամքով, մեզի շնորհեց այնպիսի հովուապետ մը, որ մեր միջավայրի դժուարին պայմաններուն մէջ ոչ միայն կրցաւ երաշխաւորել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռին երթը, այլ նաեւ իր շնորհներուն լաւագոյնը ընծայելով մեր եկեղեցւոյ  ու ազգի սպասաւորութեան գործին, մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուց մեծ իրագործումներու տենդով:

«Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ բացուեցաւ նոր ու պայծառ առիթ մը: Արդարեւ, անցնող 28 տարիներուն, իբրեւ կորովի հայրապետ, Արամ Ա. կաթողիկոս ոչ միայն անեղծ պահեց իրեն յանձնուած հայ եկեղեցւոյ աւանդը, այլ նաեւ Անթիլիասը վերածելով սփիւռքահայութեան բարձրագոյն ձգտումներուն կեդրոնի, ան ճոխացուց ու երիտասարդացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը, նոր որակ ու նոր մղում տուաւ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ իբրեւ Աստուածատուր եւ ստեղծագործ շնորհներու տէր անձնաւորութիւն, վեհափառ հայրապետը հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան ուխտին նուիրեալը եղաւ եւ իր շնորհներուն առաւելագոյնը ընծայեց` ի սպաս Աստուծոյ սեղանին եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, ընկերային եւ ազգային կարիքներուն: Սրբազանը հաստատեց, որ մեր ժողովուրդը լաւապէս գիտէ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսի 28 տարիներու գահակալութիւնը յատկանշուեցաւ բոլորանուէր ծառայութեամբ:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ անցնող տասնամեակներուն անհաշիւ դժուարութիւններ ու ողբերգութիւններ յայտնուեցան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, սակայն  Արամ Ա. կաթողիկոս ոչ միայն չտարակուսեցաւ ու չընկրկեցաւ, այլ նաեւ իբրեւ քաջ հովուապետ, յանձնառու կեցուածքով մեր ժողովուրդին կողքին մնաց ու հայրաբար բոլորը յուսադրեց, որպէսզի մեր կեանքին մէջ վհատութեան տեսարաններ չպարզուին:

Շահէ արք. ըսաւ, որ անկասկած, այս առիթը մեզի կը թելադրէ խորհրդածել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին, որուն յարկին տակ, իբրեւ հաւատք եւ կեանքի ոճ, մեր ժողովուրդին հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան ուխտը հաւատարմութեամբ կը պահպանուի ու կ՛երաշխաւորուի` հոգեւոր ծառայութեամբ իրենց կեանքը ապրող այն հոյլ մը միաբան անդամներուն շնորհիւ, որոնց գլուխը կը հանդիսանայ վեհափառ հայրապետը:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդը աղօթեց Աստուծոյ, առաջին հերթին խնդրելով, որ քաջառողջ տարիներ ու երկար գահակալութիւն պարգեւէ մեր սիրելի վեհափառ հայրապետին, որպէսզի ան յաջողի իրագործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութեան եւ վարկին վայել նոր ծրագիրներ ու աշխատանքներ եւ իր տաղանդով ու նուիրումով առաւել շքեղութիւն ու ամրութիւն բերէ մեր կեանքին: Ան աղօթեց նաեւ, որ Կիլիկեան դարաւոր աթոռը, իր միաբանութեամբ, դպրեվանքով, աշխարասփիւռ իր թեմերով ու ժողովականութեամբ, առաւել եւս ծաղկի իր ծառայական առաքելութեան  մէջ, Ս. Լուսաւորչի կանթեղին լոյսը յաւերժօրէն ցոլայ Անթիլիասէն ու մայրավանքի զանգին ղօղանջը հասնի ողջ հայութեան, որպէսզի,  յանուն նոր արշալոյսներու, ամէն հայ գիտակցօրէն քալէ մեր ազգի երազներուն ու իտէալներուն ուղիներէն: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ աղօթեց, որ ներկայ դժուարին վիճակներուն մէջ Աստուծոյ զօրութիւնը օգնական եւ պահապան ըլլայ մեր ժողովուրդին, որպէսզի մեր ապրած ցաւէն ու տառապանքէն դուրս գալով, կարենանք, իր շնորհով, մեր կեանքէն ներս դարձեալ կերտել գեղեցիկը ու պաշտել սուրբն ու ճշմարիտը` ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք` վեհափառ հայրապետի առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր ծառայութեան համար:

Նախորդը

Մահացած Է Սփիւռքահայ Վարժարաններու Բարերար Գէորգ Արապեանը

Յաջորդը

Բնիկ Ցեղախումբը Կը Պահանջէ Ամազոնի Իր Անկիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?