Ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ին «Գարակէօզեան» հաստատութենէն ընթացք առաւ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ ԽԱՂԻ ՄԻՋՈՑՈՎ» ծրագիրի մեկնարկի նախագիծը` ներկայութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար տոքթ. Ֆիրաս Ապեատի, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Քրիսթոֆր Վիվիքի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ` «ԼԵԿՕ» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն:
Այս ծրագիրին հիմնական նպատակն է երեխաներուն տրամդրել ապահով միջավայր եւ միջոցներ` խաղալու, սորվելու, ինքնադրսեւորուելու եւ արտայայտուելու համար:
Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին կողմէ: Անոնք տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ ունեցան միացեալ ժողով, որուն ընթացքին քննարկեցին Առաջնակարգ առողջապահական կեդրոններու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի մէջ մանուկներու մտային եւ ֆիզիքական առողջութեան կապուած հարցերն ու անոնց լուծումները:
Ժողովի աւարտին պատուիրակութիւնը, Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ, շրջագայեցաւ հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ գետնի վրայ կատարուող աշխատանքներուն, եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացուց յատկապէս մանկաբուժարանի բաժնի վրայ. պատուիրակութեան անդամները դիտեցին բաժանմունքին ստեղծած փորձառական հիւրընկալ միջավայրը, ուր մանուկները եւ իրենց մայրերը կու գան սովորական ստուգումներու կամ պատուաստումներու համար: Անոնք հետեւեցան, թէ ինչպէ՛ս մանուկները` նախքան մանկաբուժի մօտ մտնելը, կը խաղան ԼԵԿՕ-ի հաւաքածոներու հետ` յատուկ առաջնորդի հսկողութեամբ: Այս փորձառական խաղաժամանակը կազմակերպուած է փոքր խումբերով, ուր իւրաքանչիւր խումբ կը ստանայ յատուկ ցուցմունք, ուղղութիւն եւ բացատրութիւն, բաղկացած ոչ աւելի քան հինգ փոքրիկներէ` ապահովելով անհատական ուշադրութիւն, մտային կեդրոնացում եւ ընկերային մթնոլորտ: