Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալա-Ընդունելութիւն Ճեմարանի Մէջ

Յունիս 11, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, Ճեմարանի «Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն մը, ներկայութեան աւելի քան 100 անձերու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Ապա խօսք առաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ հակիրճ ակնարկով զեկուցեց Ճեմարանի աշակերտութեան թիւին, կրթական ու այլ ծրագիրներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն մասին:

Նախ անդրադառնալով Ճեմարանի ստեղծման` ան նշեց, որ խումբ մը մտաւորականներ յղացան Հայ ճեմարան մը հիմնելու գաղափարը` լաւ մարդն ու տիպար հայը կերտելու տեսլականով: «Ահա այս Ճեմարանը, Հայ ճեմարանը այս տարի դարձաւ 94 տարեկան:

2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին Ճեմարան յաճախեցին 525 աշակերտներ, իսկ մանկամսուրի յարկին տակ 3 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ ստացան սէր ու գուրգուրանք. շուտով 3 տարեկանը ամբողջացնող փոքրիկները պիտի փոխանցուին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզ, եւ այսպիսով պիտի շարունակուի Ճեմարանի երթը, միշտ ձգտելով լաւագոյնին` հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանուր կազմաւորման` հաւատարիմ մնալով Համազգայինի եւ Ճեմարանի հիմնադիրներու նպատակներուն»:

Փ. Եղիայեան նշեց, որ հակառակ մեզ շրջապատող այլազան դժուարութիւններուն, Ճեմարանը ոչ միայն պահեց իր ինքնութիւնն ու դիրքը, այլ նաեւ արձանագրեց աշակերտական թիւի աճ, նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ:

«Ուսումնական գետնի վրայ, Ճեմարանը քայլ պահեց ֆրանսական պաքալորէայի բոլոր նորութիւններուն հետ, եւ ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն մեր յաջողութիւնները մնացին իրենց բարձունքին վրայ` 100 առ 100, իսկ յիշատակութիւններով յաջողութիւններ ապահովող աշակերտներուն տոկոսը հասաւ մինչեւ 85 առ հարիւրի. այս մէկը բաւական ծանր մարտահրաւէր մըն էր, զոր կարելի եղաւ յաղթահարել մեր աշակերտներուն, ծնողներուն ու մանաւանդ ուսուցչական ու վարչական անձնակազմին վճռական կամքին եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ:

«Դարձեալ բծախնդիր հետապնդման ու նուիրուածութեան արդիւնք է մանկամսուրի թիւի աճը եւ աւելի քան 110 փոքրիկներու մանկամսուրէն ներս հիւրընկալումը:

«Ճեմարանին կողքին էք դո՛ւք, ինչպէս աշխարհի չորս դին գտնուող ճեմարանականներն ու բարեկամները. գիտակցելով հայ աշակերտը հայ վարժարանին մէջ պահելու առաքելութեան, մեծաթիւ եղան մեր կոչերուն արձագանգողները եւ մեր դպրոցի հայեցի ու բարձրորակ կրթութեան հաւատացողները», ըսաւ ան:

Ճեմարանի տնօրէնը այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արսլանեան հիմնարկութեան նուիրատուութիւններուն, որոնց շնորհիւ մանկամսուրի կը յատկացուին յատուկ կրթանպաստներ, ամերիկաբնակ խումբ մը բարեկամներու (Friends of Djemaran) նուիրատուութիւններու, որոնց շնորհիւ յատուկ կրթանպաստներ կը տրամադրուին այս անգամ մանկապարտէզի աշակերտներուն, ճեմարանի տնօրէնութեան կողքին գործող Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան եւ հանրային կապերու գրասենեակներուն, որոնք ձեռք կու տան այս բոլոր նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս յաճախ շրջանաւարտներուն ու իրենց ընտանիքներուն, նոյնիսկ յետ մահուան պարագաներուն. արդարեւ մարտ 2024-ին Ճեմարանը ստացաւ նաեւ ճեմարանաւարտ Վարուժան Գալինեանի կտակի գումարը, որ տրամադրուեցաւ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:

«Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը արդէն կը մշակեն կրթական ու մշակութային յարմար ծրագիր մը, յաւերժացնելու համար Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ Ճեմարանի բարեկամ Սուրէն Սարգիսեանի յիշատակը: Այս ծրագիրի մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին շուտով:

«Դարձեալ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նեցուկով եւ ճիգերով, այս ամրան ընթացք պիտի առնէ նաեւ Ճեմարանի շէնքերու եւ տանիքներու ընդհանուր նորոգութիւններու աշխատանքը, որուն համար արդէն իսկ յայտարարուած է առցանց նուիրահաւաք:

«Անգամ մը եւս մեր մեծ ընտանիքի անդամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք իւրաքանչիւրին ներդրումին համար եւ յատկապէս այսօրուան այս հաւաքի իւրաքանչիւր մանրամասնութեան պատրաստութեան մեզ օժանդակողներուն համար», եզրափակեց Փաուլա Եղիայեան:

Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցան նախորդ տարիներու իրագործումներն ու յառաջիկայ ծրագիրները:

Այդ ծրագիրներն են`

  1. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ պարտէզ-խաղավայրը ընդարձակուեցաւ, բարեզարդուեցաւ եւ օժտուեցաւ նոր կազմածներով ու խաղալիքներով: Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ մատղաշ նոր սերունդներուն փայլուն ապագայ մը կերտելու նպատակով, իսկ ծրագիրի հովանաւորները եղան տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեանները, ի յիշատակ իրենց ծնողներուն` Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեաններու: Ճեմարանի փոքրիկներուն համար այս պարտէզին մէջ կը կազմակերպուին դաստիարակիչ խաղեր ու հաւաքներ:
  2. Դարձեալ տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեաններու բարերարութեամբ, կարելի եղաւ ամբողջովին նորոգել նոյն պարտէզին շուրջ գտնուող մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն լուացարանները` որոնք վերանորոգուեցան բծախնդիր ձեւով յարգելով մանկապարտէզներու յատուկ մաքրութեան եւ առողջապահական չափանիշներով:
  3. Ճեմարանի մանկապարտէզին մէջ բարեզարդուեցաւ նաեւ տարեդարձներու յատուկ սենեակը` տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Դուին Տէր Պետրոսեաններու նախաձեռնութեամբ: Դպրոցին մէջ իրենց դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ միասնաբար տարեդարձներ տօնելու յիշատակելի այս պահերը այսուհետեւ կը կազմակերպուին գունաւոր ու գրաւիչ սենեակին մէջ:
  4. Հիմնական այլ բարեկարգման աշխատանք մը եւս ամբողջացաւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ: Շէնքի բոլոր դասարաններուն, սրահներուն եւ միջանցքներուն ելեկտրական սարքաւորումները ամբողջովին նորոգուեցան, փոխուեցան ու վերաթարմացուեցան` այսպիսով նուազեցնելով ելեկտրականութեան սպառումը եւ բարելաւելով լուսաւորման որակը: Այս ծրագիրին նիւթական գլխաւոր ներդրումը կատարեց պարոն Շահէ Չերքէզեանը, որուն կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ խումբ մը ճեմարանականներ:
  5. Դպրոցական դարմանատունը եւ հիւանդապահուհիի մնայուն ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւններ են կրթական հաստատութեան մը համար եւ ապահովութիւն կը ներշնչեն մեր աշակերտներուն, անձնակազմին ու ծնողներուն: Շնորհիւ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու նուիրատուութեան, Ճեմարանի նախկին դարմանատունը տեղափոխուեցաւ, եւ Ճեմարանի մայր շէնքը օժտուեցաւ նոր ու արդիական դարմանատունով մը:
  6. Խոհանոցներու վերասարքաւորում.

Ճեմարանի զոյգ խոհանոցները` մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի, վերաթարմացուեցան նոր սարքերով, օժտուեցան արդիական նոր գործիքներով`  նախաձեռնութեամբ տէր եւ տիկին նախկին նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններու եւ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններու, որոնց նիւթական ներդրումով օրին կարելի եղած էր ստեղծել այս խոհանոցները: Յիշեցնենք, որ խոհանոցները կը գործեն Ճեմարանի մասնագէտ սննդագէտին հսկողութեամբ, եւ օրական դրութեամբ փոքրիկներուն կը մատուցուի սննդարար կերակուր:

  1. Կրթական ծրագիրներու ծիրին մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի «Լիբանանի հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիր»-ի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ եւ Ճեմարանի անձնակազմի աշխատանքով, պատրաստուեցաւ «Պուրակ» հարթակը, որ նախատեսուած է 7-10 տարեկան գրաճանաչ երեխաներու համար: Հարթակը արեւմտահայերէնով նիւթեր պիտի տրամադրէ հայոց լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան վերաբերեալ: «Պուրակ» հարթակը հասանելի է բոլորին http://www.bourag.com հասցէով:
  2. Քարոզչական աշխատանքներու ծիրին մէջ, աշխարհասփիւռ ճեմարանականները իրարու ծանօթացնելու եւ ճեմարանական յուշերը վառ պահելու համար ընթացք առաւ զրուցաշարի – Փոտքասթի աշխատանք մը, որուն առաջին հաղորդումը արդէն իսկ հասանելի է հանրութեան Ճեմարանի կայքէջին եւ ընկերային ցանցերուն էջերուն միջոցով: Զրուցաշարը պիտի շարունակուի սփռուիլ երկշաբաթեայ դրութեամբ:
  3. Դարձեալ քարոզչական աշխատանքներու ծիրին մէջ Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը ունեցաւ իր պաշտօնական քառալեզու կայքէջը` http://www.arslaniannursery.com, հովանաւորութեամբ Ճեմարանի եւ մանկամսուրի բարեկամ եւ բարերար Արսլանեան ընտանիքի Արսլանեան հիմնարկութեան:
  4. Գալով յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն, շուտով ընթացք կ՛առնէ Ճեմարանի ելեկտրական մայր ծրագիր մը եւս` արեւային վահանակներու զետեղումը: Ծրագիրը հովանաւորուած է Քուճաքեան հիմնարկութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ ամերիկաբնակ Ճեմարանի բարեկամ ու բարերար տէր եւ տիկին Յակոբ ու Սոնիա Քուճաքեաններու: Շնորհիւ արեւային վահանակներուն զետեղման այս նախաձեռնութեան, Ճեմարանին մէջ կարելի պիտի ըլլայ ելեկտրականութիւն հայթայթել վառելանիւթի խնայողութեամբ:
  5. Եւ վերջապէս 2024-ի ամրան ընթացքին պիտի իրագործուի Ճեմարանի մայր շէնքի «Պոլեան» սրահի ընդհանուր բարեկարգումն ու արդիականացումը: Անիկա դպրոցի կարեւորագոյն սրահներէն մէկն է, ուր կը կազմակերպուին աշակերտական, ծնողական եւ շրջանաւարտներու այլազան ձեռնարկներ ու հաւաքներ: Այս սրահին ընդհանուր վերանորոգումն ու արդիականացումը մեծ անհրաժեշտութիւն է այսօր:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ իբրեւ մուտքի նուէր ներկաներուն բաժնուեցան Ճեմարանի եւ Համազգայինի տարբերանշանը կրող բանալեկալներ:

Աւարտին, Արին Գալուստեան յայտարարեց, որ արդէն հաւաքուած է 39.400 ամ. տոլար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն` մաղթելով, որ յառաջիկայ օրերուն գումարը աճ արձանագրէ: Ձեռնարկը առցանց սփռուեցաւ, եւ արտերկրէն եւս նուիրատուներ ոգեւորուած իրենց խոստումները արձանագրեցին:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պատժից Խուսափել Չի Ստացուի. Պատմութիւնն Է Վկայում Այդ Մասին

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Քանատայի Կրան Փրին

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?