Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆայհա Կ՛երգէ Հայերէն» Խորագիրով Համերգ Այնճարի Մէջ

June 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ   «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 16 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը` «Ֆայհա կ՛երգէ հայերէն» խորագիրով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս Տօնիկեան, որ Համազգայինի վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով «Ֆայհա» երգչախումբին աշխատանքը եւ յատկապէս անոր խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանը:

Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութիւնը վայելող  Լիբանանի հռչակաւոր «Ֆայհա» ազգային երգչախումբին հիւրաբար  կը միանային երգչուհիներ`  սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանն ու Ումէյմա Խալիլը:

Ելոյթին ներկայ էին` հոգեւոր հայրեր, Այնճարի քաղաքապետը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներուն ներկայացուցիչները, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը:

Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ «Ֆայհա» երգչախումբը հանդիսատեսը հմայեց իր գեղեցիկ կատարումներով` հմտութեամբ եւ հարազատութեամբ մեկնաբանելով Կոմիտասէն, Բարսեղ Կանաչեանէն, Էտկար Յովհաննիսեանէն, Զարեհ արք. Ազնաւորեանէն, դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանէն դասական եւ ժողովրդային իւրայատուկ կտորներ: Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եզրափակիչ երգը` Մուսա Լերան բարբառով 75 ֆայհայականներուն կողմէ հնչած «Հալա հալա նիննօ է»-ն:

Համերգի աւարտին իր պատգամը  յղեց Վարուժան արք. Հերկելեան, որ  բարձր գնահատեց «Ֆայհա» երգչախումբը եւ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանը:

Վայելելով  երաժշտութեան քաղցրութիւնը, ներկաները հոգեպէս ներշնչուած` վերադարձան իրենց տուները:

Նախորդը

Ամերիկեան Մահակ, Թրքական Մղձաւանջ Ու Հայկական Սպասում

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Սիրան Մանուկեան« Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.