Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 14 յունիս 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին Հրակ Աւետանեան ներկայացուց հետաքրքրական զեկուցում մը` «Ընկերային ցանցեր, լրագրութիւն եւ կեղծ լուրեր» խորագիրով:
Հ. Աւետանեան նախ ներկայացուց համացանց, բջիջային հեռաձայն եւ ընկերային ցանցեր գործածողներու թիւերը` ցոյց տալով անոնց աճը տարիներու ընթացքին: Ապա ան անդրադարձաւ ընկերային ցանցերու գործածութեան` նշելով, որ մարդիկ զանոնք կը գործածեն յատկապէս տեղեկութիւններ հաւաքելու համար:
Ան նաեւ ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս աւանդական լրատուամիջոցները դարձան առցանց եւ ունեցան իրենց էջերը տարբեր հարթակներու վրայ:
Հ. Աւետանեան ներկայացուց նաեւ լրագրութեան եւ ընկերային ցանցերուն միջեւ կապը: Ան խօսեցաւ քաղաքացիական լրագրութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս անհատներ առիթ կ՛ունենան տարբեր նիւթեր ներկայացնելու, օրինակ` ցոյցերը, նշելով, որ ատիկա զարգացաւ յատկապէս «Արաբական գարուն»-էն ետք: Ան նաեւ ներկայացուց Կազայի պատերազմը ներկայացնող անհատ լրագրողներու օրինակները, ինչպէս նաեւ հայկական էջեր, որոնք կը ներկայացնէին արցախեան պատերազմի եւ շրջափակումի առօրեան:
Վերջին բաժինով ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ճշգրիտ լուրը կեղծէն պէտք է զանազել, եւ ներկայացուց տարբեր ձեւեր: Ան յայտնեց, որ կարելի է օգտագործել “Share Checklist”-ը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստուգել լուրը, նախքան անոր հրապարակուիլը. Source-աղբիւր (աղբիւրին ճշգրտութիւնը ստուգել), headline-խորագիր (չհիմնուիլ խորագիրին վրայ, կարդալ յօդուածը մինչեւ ծայր), analyze facts-վերլուծել տեղեկութիւնները (ստուգել տեղեկութիւնները յատուկ կայքերու վրայ), retouched-փոխուած (ստուգել, եթէ նկարը ճիշդ է, կամ` փոփոխութեան ենթարկուած), error-սխալ (ստուգել քերականութեան եւ ուղղագրական սխալները):
Զեկուցումը ընթացաւ փոխանակումներով, աւարտին մասնակիցները իրենց հարցումները ուղղեցին: