Շաբաթ, 15 յունիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ` գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրի եզրափակիչ հանդիպումն ու հաստատագիրներու տուչութիւնը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի պատասխանատու Քրիստ Գճըլեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց կեդրոնի աշխատանքներն ու ծրագիրները: Ան ըսաւ, որ այս ծրագիրը ունի իր իւրայատկութիւնը, որովհետեւ անհատականէն անդին կը նպաստէ գաղութի մարդուժի պատրաստութեան եւ հաւաքական շահերուն: Գճըլեան աւելցուց, որ ծրագիրը կազմաւորուած է հիմնուելով կառոյցներու կարիքներուն եւ պահանջներուն վրայ` հաւատալով, որ այս երիտասարդները այսօր եւ ապագային պիտի ստանձնեն պատասխանատուութիւններ: Ան հաստատեց, որ կրթութիւնը շարունակական աշխատանք է, եւ 18 ժամուան մարզումները բաւարար չեն, որովհետեւ հմտութիւններու զարգացումը կը պահանջէ հետեւողականութիւն ու մնայուն աշխատանք: Քրիստ Գճըլեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, որոնք առաւելագոյն բծախնդրութեամբ կատարեցին իրենց աշխատանքները:
Ապա ԶՈՄ-ին, ԼԵՄ-ին եւ ԼՊՄ-ին անունով խօսք առաւ Սանահին Թովմասեան, որ նշեց, թէ այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի անհրաժեշտ է ունենալ պատրաստուած ուսանողներ, երիտասարդներ եւ վարիչներ, որոնք իրենց գիտելիքներով եւ ձեռք բերած փորձառութիւններով պիտի գործեն համապատասխան օրուան պայմաններուն ու զարգացումներուն: Ան ըսաւ, որ սփիւռքն ու հայրենիքը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին: Արցախը դժբախտաբար յանձնուած է, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն առաջնորդուիր համահայկական կամքով ու մօտեցումներով, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը մնան վտանգ, նոր պատերազմները անկանխատեսելի են, վերջին տարիներուն հազարաւոր երիտասարդներ նահատակուած են եւ տեղահանուած, համաշխարհային այսպէս կոչուած նոր մշակոյթներու ու արտասովոր սովորութիւններու թափանցումը հայ կեանքէն ներս յառաջացուցած է նոր տագնապներ, ազգային արժէքները նահանջի մէջ են, հայ լեզուն պահելու խնդիր կայ, հոգեւոր արժէքներու դէմ սուր պայքար գոյութիւն ունի, եւ այլ հրատապ հարցեր կու գան ամրագրելու, որ այսօր սփիւռքին վերարժեւորումը, վերակազմակերպումը եւ առաջնահերթութիւններու վերանայումը դարձած են անյետաձգելի հրամայականներ:
Թովմասեան աւելցուց. «Որակաւոր մարդուժը գաղութի գոյութիւնը ամրապնդող, անոր ազգային ինքնութիւնը պահող եւ շարունակականութիւնը ապահովող գրաւականն է: Ներկայ աշխարհին մէջ պայքարելու համար մեզի պէտք է այնպիսի պատրաստուած մարդուժ, որ արդիական արհեստագիտութեամբ եւ տեղեկատուական պայքարի ծանօթ միջոցներով հակազդէ արտաքին հոսանքներուն: Այնպիսի մարդուժ մը, որ նպաստէ ընկերութեան զարգացման եւ բարգաւաճման: Այնպիսի մարդուժ մը, որ ունենայ հաւաքական ու ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: Ա՛յս է պահանջուածը: Նոր որակ ունենալու, ղեկավարման ու կազմակերպման նոր հմտութիւններու տէր դառնալու եւ նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ու ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը քննեցին կարելիութիւնները եւ մշակեցին միացեալ ծրագիր մը, որուն առաջին օղակը ընթացք առաւ շաբաթ, 1 յունիս 2024-ին, եւ երեք շաբաթներու վրայ երկարող ծրագիրը արդէն հասած է իր աւարտին»: Զօրակցութեան եւ քաջալերանքին համար Սանահին Թովմասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Հայտոսթեանին:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ, թէ այս ծրագիրի աւարտին տրուելիք հաստատագիրները կարեւոր են, բայց էական է, որ իւրաքանչիւրը իր ստացած գիտելիքը օգտագործէ ե՛ւ անհատապէս ե՛ւ հաւաքականութեան զարգացման համար: Ան նշեց, որ չի բաւեր միայն վկայեալ ըլլալը ու նիւթական ապահովելու կարելիութիւն ունենալը, որովհետեւ նիւթական արժէքներէ անդին մեր երիտասարդները պէտք է ունենան միութիւններուն, լիբանանահայութեան եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու անշահախնդիր նուիրում ու պատրաստակամութիւն:
Աւարտին, ծրագիրի 31 մասնակիցները համապատասխան հաստատագիրներ ստացան Հայկազեան համալսարանէն: