Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յունիս 14, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երկրորդականի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 5 յունիսի երեկոյեան վարժարանի շրջափակին մէջ: Հանդէսին նախագահեց Շահէ արք. Փանոսեան` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին: Հանդէսին ներկայ էին` Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ շրջանաւարտներու հարազատներ ու բարեկամներ:

Շրջանաւարտներու պաշտօնական մուտքէն ետք հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Ապա շրջանաւարտներէն Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան եւ Վարագ Տէր Ղազարեան ասմունքեցին Զ. Խրախունիի «Լեռն ի վեր» բանաստեղծական կտորը, որմէ ետք ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի խօսքը արտասանեց Յակոբ Սարգիսեան:

Շրջանաւարտներու անունով արաբերէն, անգլերէն, գիտական նիւթերու եւ հայերէնով յաջորդաբար ուղերձներ արտասանեցին` Ռենա Խալիլ, Արեւիկ Գազանճեան, Կալիա Հէյպէլեան եւ Հրակ Թաթեան: Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ յիշեցին` իրենց առաջին քայլերը դէպի վարժարան, մանկական չարաճճիութիւնները, անմոռանալի յիշատակներն ու բարեկամութիւնները: Շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ծնողներուն, քոլեճի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն, որոնք ջանք չխնայեցին զիրենք զինելու գիտելիքներով եւ արժանիքներով` դիմագրաւելու համար  կեանքի այլազան մարտահրաւէրները:

Ուղերձներու աւարտին քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունի բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր եւ քոլեճի շրջանաւարտ կենսավարժ Յասմիկ Դանիէլը, որ առաջին հերթին շեշտեց, որ թէեւ ինք  տարբեր երկիրներու եւ տարբեր բեմերու վրայ գտնուած է, սակայն Ե. Մանուկեան քոլեճի բեմին վրայ կանգնիլը տարբեր համ ու տարբեր արժէք կը ներկայացնէ: Դանիէլ դիտել տուաւ, որ  բեմին վրայ նստող շրջանաւարտերը ունին իրենց երազներն ու  ակնկալութիւնները, որոնք սակայն կրնան կեանքի դժուարութիւններու բախիլ եւ անպայման չիրականանալ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ կեանքի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները զիրենք զոհի չվերածեն, եւ ձախողութեան համար պարագաները կամ ուրիշներ չմեղադրեն: Ան թելադրեց, որ իրենց կեանքին իմաստ տան եւ հարց տան, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն կեանքէն  եւ պայքարին անոր հասնելու համար` անխախտ պահելով մարդկային արժէքները, զորս սորված են վարժարանէն ներս, իրենց գրասեղաններուն ետին նստած: Դանիէլ շեշտեց, որ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի նշանաբանը` Հաւատք, Կամք, Նուիրում, արդէն իր մէջ կը խտացնէ արժէքներ եւ սկզբունքներ, որոնց հետեւելով արդէն զինուած կ՛ըլլան` դիմագրաւելու կեանքի որեւէ մարտահրաւէր: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները` թելադրելով, որ ամէն օր տան իրենց լաւագոյնը:

Յաջորդ խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունին, որ նախ ողջունեց բոլոր ներկաները, ինչպէս նաեւ` հանդէսին առցանց հետեւող աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները, որոնցմէ շատեր անցնող տարեշրջանին ընդառաջեցին վարժարանի կանչին` օժանդակութեան ձեռք երկարելով անոր: Ան ողջունեց նաեւ աշակերտները` դիտել տալով, որ հանդէսի աւարտին իրենք եւս պիտի կոչուին այս վարժարանի հպարտ շրջանաւարտներ եւ պիտի դառնան քոլեճի մեծ ընտանիքին անդամներ: Բագրատունի երախտագիտութիւն յայտնեց ազգային այս վարժարանին նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն տրամադրած Ազգային առաջնորդարանին, բարեսիրական միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ` անհատ բարերարներու, որոնք կամաւոր կերպով կ՛աշխատին ու կը նուիրեն ազգային վարժարանները կանգուն պահելու համար: Տնօրէնը շեշտեց, որ երախտագէտ ըլլալը արժանիք մըն է, եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛աշխատին այս վարժարանին համար, արժանի են ծնողներուն եւ աշակերտներուն երախտագիտութեան: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` Բագրատունի ըսաւ, որ իրենք ծանր պարտականութիւնը ունին` ապրելու Արցախի ու Հայաստանի նահատակներուն փոխարէն, երազելու անոնց փոխարէն եւ իրականացնելու այդ երազները, որովհետեւ թշնամին անոնցմէ խլեց երազելու իրաւունքը: Բագրատունի եզրակացուց` ըսելով. «Սիրելի՛ աշակերտներ, մենք ձեզ զինեցինք հաւատքով, կամքով ու նուիրումով: Կամք` յաղթահարելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, հաւատք, որպէսզի Աստուծոյ եւ ձեր կարողութիւններուն հաւատաք, եւ նուիրում, որպէսզի ձեր առածներուն փոխարէն` տաք անսակարկ»:

Հանդէսի վերջին բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ Շահէ արք. Փանոսեան` յղելու իր պատգամը ու վկայականաց բաշխումը կատարելու: Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ քանի մը տարուան տագնապալից վիճակէ մը ետք, դպրոցական բնականոն տարեշրջան մը  իրականացաւ այս տարի, թէեւ Լիբանան կը շարունակէ տագնապներ դիմագրաւել եւ, անոր կողքին, հայ ժողովուրդի կեանքն ալ կ՛ապրի պատմական վերիվայրումներ: Ան գնահատեց կրթական մշակները, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` նուիրումով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, եւ երբ դասարան կը մտնեն, կ՛անջատուին արտաքին աշխարհի հարցերէն ու խնդիրներէն` կեդրոնանալով իրենց վստահուած գործին վրայ միայն, որովհետեւ գիտեն, թէ վաղուան հայ կեանքին համար մարդ պէտք է պատրաստեն: «Մենք պէտք ունինք կրթուած, դաստիարակուած, աշխարհին համար պատրաստուած մարդոց, որոնք կրնան մեր ժողովուրդի կեանքը նոր բարձունքներ առաջնորդել», աւելցուց ան:

Սրբազան հօր ձեռամբ վկայական ստացան 22 շրջանաւարտներ:

Ընդհանուր Գիտութիւններ
Թաթեան Հրակ, Տեմիրճեան Երուանդ

Կենսաբանութիւն
Գազանճեան Արեգ, Խտըրեան Գարին, Պետիկեան Թաթիանա, Հէյպէլեան Կալիա, Սթամպուլեան Ճօուի, Տէր Յարութիւնեան Մեղեդի, Խալիլ Ռենա, Սալորեան Սալբի, Աւագեան Սերգօ, Տէր Ղազարեան Վարագ, Ասատուրեան Վարդօ

Ընկերա-տնտեսաբանութիւն
Մարտիրոսեան Գլակ, Մարտիրոսեան Յարութ, Աճեմեան Նեքթարիա, Թազեան Քրիստափոր

Օտար Ծրագիր
Գազանճեան Արեւիկ, Ապտալեան Մեղրի, Խաչերեան Միրիամ, Անթունեան Քրիսթել, Խաչերեան Թերեզա

 

Նախորդը

Որպէս Անմիջականի Օրագրութիւն. Աշտարակ. Ընկուզենիի Եւ Եղրեւանիի Ստուերին

Յաջորդը

Արուեստի Արժէքը Կեանքի Մէջ

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?