Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եպիսկոպոսական Օծում` Բարսեղ Մանուէլ Ծ. Վ. Պաղտասարեանի

June 21, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 յունիս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Նարեկի Տիրամայր կաթողիկէ հայոց թեմին օգնական եպիսկոպոս Բարսեղ Մանուէլ Ծ. վրդ. Պաղտասարեանի եպիսկոպոսական օծումը` ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի եւ փոխժողովրդապետ Կարապետ վրդ. Գըլնճեանի, խարտաւիլակութեամբ Պէյրութի թեմին պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Ձեռնադրակիցներն էին Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Նարեկի Տիրամայր թեմին առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Ֆրանսայի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ թեմին առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:

Ընթերցուեցան նորօծ եպիսկոպոսին ուղղուած քահանայապետական ու հայրապետական կոնդակները, ապա անուշաբոյր սրբալոյս միւռոնը հանդիսաւոր թափօրով դէպի Աւագ խորան բերուեցաւ:

Հոգեւոր տէրը իր քարոզին մէջ ուրախութիւնը յայտնեց այս եպիսկոպոսական օծումին առիթով: Սուրբ գրային ընթերցուածէն ներշնչուելով` ան յորդորեց, որ ուրախութեամբ եւ եղբայրութեամբ շարունակենք Քրիստոսի առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ:

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին` նորօծ եպիսկոպոսը իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի հոգեւոր եւ ազգային կարեւորագոյն արժէքին ամբողջ սփիւռքահայութեան համար ու յայտնեց, թէ իր առաքելութեան բնաբանը պիտի ըլլայ. «Յիսուս, Քեզի կը վստահիմ»: Ապա Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան ժողովրդապետութեան անունով շնորհաւորական խօսքը ուղղելէ ետք, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ձեռաց խաչի կրկնօրինակէն նուիրեց նորօծ եպիսկոպոսին:

Յաջորդ օրը` կիրակի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նորօծ Բարսեղ եպս. Պաղտասարեանը եպիսկոպոսական իր անդրանիկ պատարագը մատուցանեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Վերոյիշեալ եկեղեցւոյ անունով Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան` եպիսկոպոսական պանակէ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անունով Գէորգ Նորատունկեան` Պատարագի սկիհ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին անունով Միքայէլ եպս. Մուրատեան` ձեռաց խաչ նուիրեցին նորօծ եպիսկոպոսին:

Յիշենք, որ ձեռնադրութեան առաջին մասը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 14 յունիս 2024-ին, կէսօրէ ետք, ժամը 12:30-ին, Զմմառու մայրավանքին Վերափոխեալ Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ:

Նախորդը

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 7-րդ Դասարանի Ամավերջի Ունկնդրութիւն

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան. Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.