ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը 5 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանդիսաւոր եւ արժանավայել կերպով նշեց իր 50-ամեակը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը ընթացք առաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա խորհրդաւոր կերպով սրահ մուտք գործեցին 31 ԼԵՄ-ականներ` իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերելով հայութեան, Հայ դատին եւ հայրենի հողին համար իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը զոհաբերած ԼԵՄ-ականներուն լուսանկարները: Ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը ձեռնարկին լռելեայն, բայց խօսուն ներկայութիւն եղան նահատակ ԼԵՄ-ականներ Գէորգ Թէքէեանը, Կարպիս Պարսումեանը, Եղիկ Գայայեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Վարուժան Թելաքեանը, Անդրանիկ Տումանեանը, Երուանդ Խզարճեանը, Հրայր Վարդանեանը, Րաֆֆի Զատիկեանը, Վրէժ Ասլանեանը, Ճորճիկ Սէմէրճեանը, Յովսէփ Գրիգորեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Վիգէն Զաքարեանը, Պարոյր Տուտագլեանը, Կարօ Գաբլանեանը, Վահէ Նաճարեանը, Արա Քըրճըլեանը, Յարութ Խշուաճեանը, Գէորգ Պարտագճեանը, Սեդրակ Աճէմեանը, Ճոնի Հայտոսթեանը, Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանը, Գէորգ Աշճեանը, Մհեր Ջուլհաճեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Կարօ Գոլանճեանը, Հրանդ Տէր Յովհաննէսեանը, Վիգէն Պետրոսեանը, Պետիկ Ինճէեանը եւ Գէորգ Հաճեանը:
Ապա ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վարանդ Կիրակոսեան, որ դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակի նշումը յանձնառու առաքելութեան մը անվհատ երթին յարատեւութիւնը աւետող եզակի փուլ է: «50 տարիներու գումարը չէ, որ այսօր կ՛արժեւորէ ԼԵՄ-ի կատարած աշխատանքը, այլ այդ տարիներու գումարին մէջ խտացած դաշնակցական տղոց հոգիին, մտքին ու բազուկին ստեղծագործ աւանդը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ երբ մեր ժողովուրդը կենաց մահու դէմ յանդիման կը գտնուէր, երբ մեր գաղութը անապահով ու անորոշ վիճակ ունէր, երբ մեր համայնքը հարկադրուած էր դիմակալել անբացատրելի դժուարութիւններ ու վտանգներ, ճիշդ այդ պահուն, ճիշդ այդ պահանջէն մեկնած ծնաւ ԼԵՄ-ը, որուն անդամները դարձան հայապահպանութեան ու իրենց ազգին պաշտպանութեան նուիրուած զինուորներ: Վարանդ Կիրակոսեան նշեց, որ ԼԵՄ-ը ներկայութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ տարիներուն, Հայ դատի գործնական պայքարին եւ արցախեան գոյամարտին ընթացքին:
«Ծնաւ ԼԵՄ-ը եւ ծնունդ տուաւ այն երիտասարդութեան, որ 50 տարիներ շարունակ հաւատարիմ մնաց Դաշնակցութեան դաւանած ազգային եւ համամարդկային նուիրական արժէքներուն, անոր վեհ գաղափարին ու վսեմ նպատակին եւ դարձաւ կեանքի դպրոց, ուր հայ երիտասարդութիւնը թրծուեցաւ իբրեւ ապագայ դաշնակցական` հարստացած կազմակերպական, մարտական, գաղափարական եւ քաղաքական գիտելիքներով:
«Այսօր կու գանք ըսելու, որ ԼԵՄ-ը 50 տարեկան է, բայց մի՛շտ երիտասարդ, այնքան ատեն որ ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակներուն իրագործումը դեռ չէ աւարտած: ԼԵՄ-ը ձեզի՛ հետ, ձե՛ր կողքին` մի՛շտ ներկայ», եզրափակեց ան:
Ապա ցուցադրուեցաւ առաջին տեսերիզը` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութիւնը եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիները ներկայացնող:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Գէորգ Եագուպեան, որ նշեց, թէ 50-ամեակի նշումը առիթ է վերյիշելու եւ վերյիշեցնելու այս միութեան յաջողութիւնները, նահատակները, լիբանանահայ կեանքի թէ ազգային մեր իրականութեան մէջ ունեցած ձեռքբերումները, եւ առհասարակ, անցնող 50 տարիներու անսակարկ ծառայութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ ԼԵՄ-ականը ճանչնալու համար պէտք է նախ գիտնալ, թէ ո՛վ է դաշնակցականը: «Դաշնակցական երիտասարդը չի նմանիր այլ երիտասարդներու: Անոր արժանիքներէն են գաղտնապահութիւնը, կարգապահութիւնը, յեղափոխական ոգին, քաջութիւնը, ընկերասիրութիւնը, համեստութիւնը, զոհողութիւնը, ծառայասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը: «Անցնող 50 տարիներուն այս արժանիքները մարմնաւորեցին այն բոլոր երիտասարդները, որոնք անցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի շարքերէն, թրծուեցան անոր գաղափարական եւ կուսակցական դպրոցին մէջ, ապա անոնցմէ շատեր նետուեցան հայ ժողովուրդի ծառայութեան դաշտ: Իսկ ոմանք ծառայութեան դաշտէն անդին` իրենց ամէնէն թանկագինը` կեա՛նքը նուիրեցին լիբանանահայութեան պաշտպանութեան համար», ընդգծեց Գէորգ Եագուպեան:
Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը հանդիսանայ ամուր վահան ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք կը սպառնան մեր ազգին ու հայրենիքին, միութիւնը քաջ կը գիտակցի հայութեան դիմաց ծառացող բոլոր վտանգները, օտարամոլութեան եւ համաշխարհայնացման շարժումներուն գործած աղէտները, բայց եւ այնպէս այս բոլորը չեն կրնար պատրուակ դառնալ ԼԵՄ-ականի պայքարի ոգիի տկարացման կամ ընդհանրապէս անտարբերութեան ու նահանջի: Ան աւելցուց, որ ԼԵՄ-ը այսօր իր կազմակերպական եւ ժողովական կեանքով կը ձգտի ամէն գնով պահպանել աւանդականը եւ ազգայինը, միաժամանակ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արդիականացնելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր զէնքերը եւ միջոցները, որպէսզի լաւագոյն կերպով շարունակէ պայքարը:
Լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ շատեր երբեմն կը մեղադրեն ԼԵՄ-ը, կը դժգոհին ԼԵՄ-ականի նկարագիրէն եւ դիմագիծէն` Գ. Եագուպեան ըսաւ, որ պէտք է գիտակցիլ, թէ ԼԵՄ-ը ընկերային համախմբում չէ, ո՛չ ալ պատահական տղոց ու աղջիկներու շարժում մըն է, այլ գաղափարական, կուսակցական, կազմակերպական միաւոր է, օրէնքի, կարգ ու կանոնի, համոզումի եւ հաւատքի, երկաթեայ կարգապահութեան միութիւն է:
«Իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, մենք կը նախընտրենք ըլլալ մարտունակ եւ պայքարունակ աշխատանքներու համար քարկոծուող չակերտեալ մեղաւորներ, քան` ստրկամտութեան եւ փտածութեան համար գնահատուող ու փառաբանուող անմեղներ: Կը նախընտրենք ըլլալ հայրենիքի սահմանը պաշտպանող կամաւորներ, քան թշնամիին դիմաց գլուխ ծռած ստրուկներ: Կը նախընտրենք ըլլալ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ջահակիրներ, քան հայրենիքը յանձնող դաւաճաններ:
Այո՛, մենք մեղաւոր ենք սիրելիներ: Մենք մեղաւոր ենք, որովհետեւ ամէն օր կը ձգտինք քիչ մը աւելի դաշնակցականանալ», շեշտեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:
Գ. Եագուպեան անդրադարձաւ այսօր ԼԵՄ-ականներուն դիմաց կանգնած մարտահրաւէրներուն ու առաջադրանքներուն` պայքարիլ ապազգայնացման դէմ, մղել Հայ դատի հետապնդման եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքար, պատերազմիլ ազգային արժէքներու հանդէպ ծաւալող անտարբերութեան դէմ, Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնել բոլորին` քանդելով անարդարութեան, անիրաւութեան եւ յանձնուողականութեան ամօթալի պատը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Եագուպեան ըսաւ, որ ԼԵՄ-ի աշխատանքը կանգ պիտի չառնէ յիսնամեակով, որուն արգասիքն ու արդիւնքը բացայայտ եւ շօշափելի է բոլորին, այլ այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի, ծաւալի եւ աւելի ազդու դառնայ երկրորդ յիսնամեակին եւ անկէ ետք: «Մեր ճակատը բարձր է, մեր խիղճը` հանգիստ, որովհետեւ մենք կը մնանք յանձնառու եւ հաւատարիմ այն բոլոր նպատակներուն, որոնց համար ստեղծուեցաւ ԼԵՄ-ը 51 տարի առաջ: Կը մնանք հաստատ եւ անկոտրում, միշտ պատրաստ հայութեան եւ Դաշնակցութեան յարատեւ կռուի երթը շարունակելու», շեշտեց Գէորգ Եագուպեան:
Անկէ ետք Կայէլ Ապուսէֆեան ասմունքեց Յակոբ Յակոբեանի «Մեռան չկորան»-ը: Ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզը` «Լիզպոն 5 եւ Արցախ» ընդհանուր բնաբանով:
Ապա իր պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ միութեան 50-ամեակի նշումն ու անոր համար ընտրուած խորագիրը նկատեց ինքնին խորհուրդ բովանդակող` վճռականութիւն, նոր ու մշտապէս վերանորոգուող ներուժ` ապագան տեսնելու, նոր հորիզոններ նուաճելու, թիրախներ վերադասաւորելու, աշխատելաձեւային պատշաճեցումներ կատարելու:
Ան անդրադարձաւ ԼԵՄ-ի ծնունդին տուն տուող պայմաններուն եւ այդ ժամանակաշրջանին տիրող կացութեան` հաստատելով, որ իր գոյութեան յիսուն տարուան ընթացքին տարբեր բնագաւառներու մէջ անուրանալի եւ հսկայական դեր ունեցաւ ԼԵՄ-ը, որ հանդիսացաւ գաղափարական էութեան, քաղաքական մտածողութեան, մարտունակ դիմագիծի, ամուր կազմակերպութեան եւ կարգապահութեան հաւատացող երիտասարդներու համախմբում:
«Յիսուն տարի ԼԵՄ-ականը եղաւ հոն, ուր հայութիւնը կարիք ունէր իրեն: Եղաւ ինքնապաշտպանութեան մարտիկ, աւազի տոպրակ շալկող բեռնակիր, ելեկտրականութեան թելերը միացնող կամ ջուր կրող բանուոր, հիւանդատար ինքնաշարժի վարիչ, հայ քաղաքացիին կարիքներուն հասնող ծառայ, թաղամասերու աղբերը հաւաքող երիտասարդ, հայ մանուկն ու պատանին խնամող ուսուցիչ, դեղ, հաց ու սննդամթերք բաժնող մարդ, վիրաւորներ ու զոհեր երբեմն իր իսկ ուսերով տեղէ տեղ փոխադրող հայորդի, դպրոցական աշակերտ եւ համալսարանական ուսանող, բուժքոյր ու բժիշկ: Եղաւ ամէնուրեք, հոն, ուր կարիք կար, հոն, ուր ցաւ կար, հոն, ուր կանչ կար: Վտանգեց ինքզինք եւ «Քորոնա»-ի ամէնէն վատ օրերուն հասաւ հայորդիներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մոռցաւ իր սեփական տան վնասները եւ հասաւ ուրիշին:
«Ու եղաւ Հայ դատի հետապնդման պայքարի առաջամարտիկ: Պահեց Լիբանանի հայութեան ինքնութիւնը, բայց միաժամանակ դարձաւ արդարութիւն հաստատելու ձգտող մարտիկը: Հակաթուրք ցոյցերու կազմակերպիչը չեղաւ միայն եւ ո՛չ ալ դասախօսական ու մշակութային երեկոյթներու նախաձեռնողը: Լսեց զանգը, զանգը թշնամին հարուածելու եւ աշխարհը արթնցնելու: Եղաւ առաջին դիրքի վրայ: Վախ ու սարսափ չունեցաւ, տատամսում չճանչցաւ, չվարանեցաւ: Եղաւ տիպար, հաւատացեալ ու համոզուած դիմադրութեան տիպար, քաղաքական բանտարկեալ, խոնարհ ու անյայտ հերոս, եւ տուաւ իր ամէնէն թանկագինը` կեանքը, եւ հանգիստ ննջեց Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, իր շիրիմը վերածելով մշտաբորբ պայքարի, յոյսի, հաւատքի եւ յարատեւ կռիւ ներշնչող ուխտավայրի», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ ԼԵՄ-ը Արցախի մէջ մասնակից եղաւ ազատագրութեան պատերազմին ու եղաւ նահատակ, եղաւ հայրենադարձ ու պաշտպանեց Հայաստանը:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ ԼԵՄ-ը դարձաւ գաղափարական հնոց եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան ծառայութեան համար քատրային համակարգ` վկայ այսօր մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործ վերցուցած պատասխանատուներուն շրջանակը` Լիբանանի մէջ թէ սփիւռքի:
Ապա Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ մերօրեայ տագնապներուն, պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին` թէ՛ համաշխարհային դրուածքով, թէ՛ Հայաստանով, թէ՛ սփիւռքեան իրավիճակով եւ թէ՛ Լիբանանով` նշելով, որ յանձնուած է ազատագրուած Արցախը, վտանգուած են Հայաստանն ու անկախութիւնը, գազանացած են Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, հիասթափութիւնը համատարած է մեր ժողովուրդին մօտ, ազգայինէն անդին սեփական կեանքի հաճոյամոլութիւնը, ապազգային եւ ինքնութիւնը հարուածող գաղափարներու տարածումը դարձած են տիրական:
«Դէպի երկրորդ յիսնամեակ, դաշնակցական երիտասարդը կու գայ ըսելու բարձրաձայն ո՛չ` բանիւ եւ գործով: Մեր երիտասարդները սուրբեր չեն, եւ կը սխալին ու պիտի սխալին բնականաբար: Եւ մերօրեայ հասկացողութեամբ խենթեր են, որոնք կը մերժեն կեանքի հանգիստը, սովորական արարածներ ըլլալու վարկածը եւ ջահը բարձր կը պահեն` շարունակելու սկսուած պայքարը», ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ շեշտեց, որ ԼԵՄ-ականները գաղափարական երիտասարդներ են, ազատ մտածողներ, քննական մտածողութեան ջատագով տղաք ու աղջիկներ են, որոնք, սակայն, կը հաւատան մեր ժողովուրդին ու Դաշնակցութեան ազգային-գաղափարական-քաղաքական եւ կազմակերպական արժեհամակարգին, յանձնառու են եւ պայքարող այն նորին համար, որ հայկական է, ազգային է, կառուցողական է:
Ան շեշտեց, որ երկրորդ յիսնամեակի սեմին, ԼԵՄ-ականները աւելի քան երբեք պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը ունին այնպէս, ինչպէս զիրենք կանխող սերունդները, որովհետեւ իրենք են մեր ուժը, մարդկային, քատրային, գաղափարական, կազմակերպական եւ մարտունակութեան զինապահեստը, ուստի կոչուած են չընկրկելու, չկոտրուելու, ամուր մնալու, տոկուն մնալու, հայ եւ դաշնակցական մնալու:
Իր խօսքը եզրափակելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան եւ Հայաստանին ծառայելու դռները լայնօրէն բաց են ձեր առջեւ: Այսօրուան մարտահրաւէրը վերցնելու, արժանապատիւ ձեւով ընդառաջելու խիզախութիւնը ցուցաբերեցէ՛ք: Արժանի եղէ՛ք ձեզմէ առաջ եկողներուն ժառանգին: Մեր բոլորին սիրելի ԼԵՄ-ական նահատակներուն կտակը ձեր վզին պարտքն է: Բաց են ճանապարհները, լայն են հորիզոնները, յստակ են թիրախները: Ով որ քաջ է` ինչ կը սպասէ»: (Խօսքին ամբողջութիւնը ):
Անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նուագախումբը, ապա ցուցադրուեցաւ երրորդ տեսերիզը` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նորօրեայ պատմութիւնը ներկայացնող:
Երկրորդ պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ շնորհաւորեց եւ գնահատեց ԼԵՄ-ը, որ իր բարձրութեան վրայ կը մնայ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ ծառայելու պատրաստակամութեամբ:
Ան խօսեցաւ ԼԵՄ-ի ծնունդին նախորդող պայմաններուն մասին, անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնց դիմագրաւման համար հրամայական էր նման միութեան մը ստեղծումը: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ ԼԵՄ-ի եւ առհասարակ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու համար սահմանուած եւ գործադրուած սկզբունքները` երիտասարդականի ինքնավար կառոյց, ընկերուհիներու ներառում, համախմբում եւ յախուռն նկարագիր, յեղափոխական սլացք եւ քաղաքական միտք, տիպար կուսակցականներու պատրաստութիւն: «Նորաստեղծ ԼԵՄ-ի առաքելութեան հիմնական կէտերէն էր ապագայ կուսակցականներ պատրաստելու պարտականութիւնը. երիտասարդին ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը պարտէր խարսխուիլ ամրակուռ գիտելիքներու, մաքուր գաղափարականի, ամէն հատուածականութիւն մերժելու, հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքի, անձնական «Ես»-ը ընդհանուրի «Մեր»-ին հպատակեցնելու եւ որոշումներու ենթարկուելու արժէքներուն վրայ», շեշտեց ան:
Յ. Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ նաեւ, որ եթէ նոյնիսկ երիտասարդը չմիացաւ կուսակցական շարքերուն, ան կարողացաւ լաւապէս կիրարկել միութենական փորձառութիւնը, գիտելիքներն ու ստացած համամարդկային եւ ազգային արժէքները իր անձնական կեանքին եւ ասպարէզին մէջ:
«Այս ընդհանուր նպատակներուն կողքին, ԼԵՄ-ին ճակատագրուեցաւ նաեւ առաքելութեան իւրայատուկ դաշտ. իր հիմնադրութենէն քանի մը տարի անց ան ստացաւ իր կրակի մկրտութիւնը, երբ լծուեցաւ լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու գործին, նուիրականացնելով իր անդամներու գաղափարական մարտիկներ հանդիսանալու հանգամանքը: ԼԵՄ-ի անդամները, հաւատարիմ իրենց ուխտին ու սկզբունքներուն, անսակարկ ծառայեցին ժողովուրդին եւ իրենց կեանքին իսկ գնով պաշտպանեցին լիբանանահայութիւնը քաղաքացիական պատերազմի երկար տարիներուն ընթացքին: «ԼԵՄ-ը ոչ միայն լիբանանահայութեան պաշտպանութեան ոչ միայն յառաջատար դիրքերու վրայ գտնուեցաւ, այլեւ գրաւականը հանդիսացաւ այս համայնքին համահայկական առաքելութեան, մանաւանդ մարդուժի հայթայթման տեսանկիւնէն:
«Առաւել, այդ երիտասարդներէն շատեր ամէնէն սուրբ զոհաբերութեամբ սատարեցին Հայ դատի ուժական պայքարին եւ հասան նաեւ հայրենիքի օգնութեան` մասնակցելով Հայաստանի վերանկախացման, հայրենիքի մէջ ՀՅԴ-ի վերընձիւղման, Արցախի ազատագրութեան եւ հայրենի ժողովուրդին մօտ ազգային արժէքներու եւ գաղափարախօսութեան տարածման սուրբ գործին: Անոնք ենթարկուեցան ահաւոր զրկանքներու, դարձան քաղաքական բանտարկեալներ եւ հանդիսացան նահատակներ` իրենց կեանքը զոհաբերելով ի սպաս Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ միջազգային լռութեան պատի քանդումին կամ ալ հայրենիքի ազատագրութեան ընթացքին», ըսաւ ան:
Պատգամաբերը դիտել տուաւ, որ ԼԵՄ-ը նաեւ հասցուց սերունդներ, որոնք պատնէշի վրայ են ամէնուրեք` հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ԼԵՄ-ը բնականաբար նաեւ ունեցաւ վերիվայրումներ, իր մեծ ձեռքբերումներուն կողքին անյաջողութիւններ, սակայն իր էութիւնը երբեք նահանջ չունեցաւ, ոչ մէկ զիջում արձանագրած է ԼԵՄ-ականին իտէալը:
«ԼԵՄ-ի անդամը միշտ պատնէշի վրայ է ծառայելու ամբողջական պատրաստակամութեամբ. ԼԵՄ-ի մեր իւրաքանչիւր ընկերուհիին ու ընկերոջ աչքերուն մէջ այսօր ալ կը տեսնենք բոցկլտացող արիութիւն, ամուր գաղափարապաշտութիւն, անվհատ կամք, գործի պատրաստակամութիւն եւ մանաւանդ` անսասան հաւատք հայրենիքի ու հայութեան նկատմամբ», շեշտեց ան:
Իր խօսքը եզրափակելով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ հայրենի ներկայ տխուր իրավիճակին, Արցախի վերականգնումին եւ սփիւռքի վերաշխուժացման համար տակաւին մեծ գործ կայ կատարելիք, եւ հոն յատուկ տեղ վերապահուած է նաեւ ԼԵՄ-ին, որ այս անգամ եւս պիտի իրագործէ, նոյնիսկ գերազանցէ, իր կուսակցութեան ու ժողովուրդին ակնկալութիւնները: (Խօսքին ամբողջութիւնը):
Հանդիսութիւնը յեղափոխական երգերով հարստացուց Ֆրանսայէն ժամանած, նախկին ԼԵՄ-ական, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Յարութ Լափաճեան, որ մեկնաբանեց նաեւ ԼԵՄ-ի 50-ամեակին նուիրուած իր երգը: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգով: