Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատանիներու միօրեայ սեմինար մը, որուն նիւթն էր` «Ընկերային ցանցերը եւ դաշնակցական պատանիները»:
Հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի անդամ Շաղիկ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ նշեալ սեմինարին նպատակն է ծանօթանալ ընկերային ցանցերու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ` դրական եւ ժխտական ազդակներուն, ու այս բոլորին մէջ ճշդել դաշնակցական պատանիին դերն ու պարտականութիւնը: Յարութիւնեան ըսաւ, որ ընկերային ցանցերը այսօրուան քարոզչական հիմնական եւ ազդեցիկ միջոցներն են, եւ կարեւոր է, որ մենք մեր կատարած աշխատանքները ճիշդ եւ յստակ ձեւով ներկայացնենք մեր էջերուն վրայ: Շաղիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ այս օրերուն ընկերային ցանցերը պատճառ կը հանդիսանան բազմաթիւ ընկերային հարցերու, որոնց յաղթահարման համար հարկ է դիմել կանխարգիլման միջոցներու եւ նախազգուշական աշխատանքներու:
Միօրեայ սեմինարի առաջին զեկուցումը ներկայացուց Արամ Սոմունճեան: Նիւթ` «Համացանցային անվտանգութիւնը (cyber security)»: Բ. զեկուցաբերն էր Արազ Էլէյճեան, որ ներկայացուց «Ընկերային ցանցերը եւ ընկերային հարցերը» նիւթը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային աշխատանք մը, որ համադրեց Մակալի Թովմասեան: Նիւթ` «Դաշնակցական պատանիի տիպարի պահպանման նպաստող կամ վնասող գրառումներ (post)»:
Զեկուցումներու եւ քննարկումներու ընթացքին պատանիները անհատական թէ խմբային աշխատանքներով արտայայտեցին իրենց տեսակէտները եւ հարցումներու ընդմէջէն ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ: