Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Օրպանի Շուշի Այցելութեան Եւ Կատարած Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Ու Անոր Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

Յուլիս 11, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին մասնակցութեան ու արտասանած խօսքին վերաբերեալ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ու միութեան անդամ 15 երկիրներու` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Շուէտի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Դանիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Լեհաստանի եւ Մալթայի դեսպաններուն:

Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Օրպանի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի ղեկավարի կողքին վեհաժողովի մասնակցութիւնը «ուժի կիրարկման ու բռնագրաւման եւ անոնց ապօրինի հետեւանքին յստակ օրինականացումն է»:

Անդրադառնալով վեհաժողովի ընթացքին Հունգարիոյ վարչապետին արտասանած խօսքին, որուն մէջ ան «բացարձակ յարգանք» յայտնած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` «այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթ ընծայելուն համար», եւ յոյս յայտնած, որ «այսպիսի առիթ մը նաեւ կարելի եղածին չափ շուտ Եւրոպայի մէջ եւս կապահովուի», Հայ դատի մարմինը նշեց. «Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի մը վարչապետը «բացարձակ յարգանք» կը յայտնէ բռնատէրի մը, որուն մարդու իրաւունքներու նկատմամբ վերաբերմունքը շատ յստակ է, եւ միայն վերջերս մարդկութեան դէմ ոճիր գործած է: Այն, ինչ որ այս յայտարարութիւնը առաւել գայթակղեցնող կը դարձնէ, այն իրողութիւնն է, որ Հունգարիան ներկայիս Եւրոպական Միութեան խորհուրդի 6-ամսեայ նախագահութիւնը կը վարէ:

«Եւրոպական Միութեան, անոր անդամ պետութիւններուն ու Եւրոպական խորհրդարանին կոչ կ՛ուղղենք` յստակացնելու այս հարցին նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը եւ յստակօրէն դատապարտելու պարոն Օրպանի յայտարարութիւնը, որ բացայայտ կերպով կը հակասէ Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ պետութիւններուն կողմէ ընդունուած եւ ջատագովուած ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար արժէքներուն»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նոյն օրը անջատ նամակ մըն ալ յղեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Ֆերենց Չիլաղին:

Հայ դատի մարմինը Հունգարիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` յստակացնելու իր դիրքորոշումը  ցեղային զտման թատերաբեմ դարձած բռնագրաւուած հողի մը վրայ վեհաժողովին մասնակցութեան ու անոր ընթացքին վարչապետ Օրպանի արտասանած խօսքին վերաբերեալ, «որ բացայայտ կերպով կը հակասէ Եւրոպական Միութեան ու անոր անդամ պետութիւններուն կողմէ ընդունուած եւ ջատագովուած ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար արժէքներուն»:

Նախորդը

«Դիմադրութեան Ճակատներուն Կը Զօրակցինք, Եւ Եթէ Պէտք Ըլլայ Պատերազմին Դաշտ Մուտք Պիտի Գործենք» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

Յաջորդը

Փեզեշքեան. «Մենք Դէմ Ենք Միջազգային Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութեան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?