Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկոսարանի Տպարանի Հրատարակութիւններ

July 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»

Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ի ԺԳ. տարուան թիւը` ձօնուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին: Հատորին խմբագիրն է «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան:

Հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր ընտանիքին` ի յիշատակ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` Շնորհալի հայրապետին 850-ամեակին առիթով հրապարակուած սրբատառ կոնդակով բացուող գիրքը կը պարունակէ` նոյն յոբելեանին առնչուող տասնչորս յօդուածներ, եօթը արխիւային եւ պատմական յօդուածներ, երաժշտական չորս մշակումներ եւ մատենագիտական երկու յօդուածներ:

«Դժոխքէն Դրախտ»

Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի վերաբերեալ Արմենակ Անդրանիկեանի յուշագրութիւնը` «Դժոխքէն դրախտ» վերնագրեալ, լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն: Հատորին խմբագիրն է Վազգէն Ղուկասեան:

Խմբագրական նշումներուն մէջ Ղուկասեան կը գրէ, որ գիրքը պատումն է Անդրանիկեանի կեանքի առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) եւ կարեւոր վկայութիւն է նախքան Ցեղասպանութիւնը Կարնոյ Քղի գաւառի աւելի քան 30 գիւղերուն կենցաղին, քիւրտերու կողքին ապրող հայերու, Ցեղասպանութեան մէջ քիւրտերուն դերակատարութեան եւ Կարին-Էրզրում ինքնապաշտպանութեան մասին: 15 գլուխներէ բաղկացած հատորը ունի նաեւ երկու քարտէս եւ Անդրանիկեանի ձգած անձնական արխիւէն որոշ լուսանկարներու եւ վաւերագիրներու պատճէններ:

Արեւագալի Եւ Հսկումի Ժամագիրքին Ե. Տպագրութիւն

Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ի յիշատակ տիրամայր Լուսին Սարգիսեանի, նոյն տպարանէն լոյս կը տեսնէ մեր եկեղեցւոյ առաջին ս. հայրերուն ձեռքով կարգաւորուած եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի կողմէն ճոխացած արեւագալի եւ հսկումի ժամագիրքը: Սոյն գործին աշխարհաբարի վերածումը կը պատկանի լուսահոգի Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի. Առո՛ղջ Ընտանիք

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Սկսաւ Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.