Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 6, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
  • 2023-24 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու շրջանաւարտները անուանուեցան «Սուրէն Սարգիսեան» եւ «Անդրանիկ Մսըրլեան» սերունդ:
  • – Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան նշանակուեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը` ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, նախկին նախարարներու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, տիկին Ցոլինէ Խաչատուրեանին, տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններուն, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները հայակերտման կեդրոններ են, որոնք արուեստի կողքին կ՛արմատաւորեն հայկական ինքնութիւնը, որպէսզի ապագային դառնան մշակութային գործիչներ, որոնք բարձրագոյն ուսումով եւ միութենական ծառայութեամբ պիտի ապահովեն աշխատանքին շարունակականութիւնը: Անդրադառնալէ ետք Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան, Հարպոյեան ըսաւ. «Մօտաւորապէս 840-ի հասնող մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ սերունդներ` տղաք ու աղջիկներ, հայ մշակոյթի շունչով համախմբուելու երեւոյթը արդէն ինքնին հիմնական նուաճում մըն է ու գօտեպնդող երաշխիք, որուն համար Համազգայինը երկար տարիներէ ի վեր իր կարելին ի գործ կը դնէ` նուիրեալ աշխատանքի կողքին, մասնագիտական մօտեցումի ընկալումով եւ հայրենիքի հետ մշակութային կապեր ու յաւելեալ սերտացումով մեր կեանքին մէջ ծաւալելու մշակութային ողջունելի աշխատանք եւ դերակատար դառնալու նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու մեր հոգեմտաւոր արժէքները անոնց մէջ արմատացնելու առաքելութեան կիրարկման գործընթացին մէջ»: Ան նշեց, որ 2023-2024 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու շրջանաւարտները անուանուեցան «Սուրէն Սարգիսեան» եւ «Անդրանիկ Մսըրլեան» սերունդ: Իր խօսքը եզրափակելով` Մ. Հարպոյեան նշեց, որ «Լոյսով` լոյսին» Համազգայինի նորաստեղծ նշանաբանը անպայմանօրէն ճամբայ պիտի հարթէ իւրաքանչիւր հայու գիտութեան, կրթութեան ու մշակոյթի նոր վերելքներու ու սլացքներու` զարգացած հայ հասարակութիւն մը պատրաստելու նպատակով, եւ պիտի պատրաստուին զարգացած սերունդներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան շարունակելու նախորդներուն ուղին եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` իրենց ետին ձգելով անտարբերութիւնն ու կեանքը միայն ժամանակակից վայելքներու մէջ տեսնելու երեւոյթները:

Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան` Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակահարներու համոյթը, որ նուագեց «Աղջիկների պար»-ը (գեղարուեստական ղեկավար` Արմէն Ճէնտէրէճեան), «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցէն Լիլիթ Տեմիրճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անկեղծ ասած»-ը (բեմադրիչ` Սիլվա Սողոմոնեան), իսկ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը երգեց «Հայկական երգերու երգաշար»-ը (խմբավար` Շողիկ Թորոսեան, դաշնամուրի ընկերակցութիւն` Քեւըն Եուսէֆ):

Օրուան երկրորդ խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան, որ յայտնեց, թէ յաճախ կը լսենք, որ նոր սերունդը հեռու է հայ մշակոյթէն, սակայն այսօրուան հանդէսին մասնակիցները եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու ձեռնարկներն ու գործունէութիւնը լաւագոյն ապացոյցներն են, որ հակառակ մտածելակերպի եւ ապրելակերպի փոփոխութեան` նոր սերունդը տէրն է ժառանգութեան: Ան ըսաւ, որ դպրոցները նիւթական շահ ապահովելու կառոյցներ չեն եւ չեն կրնար ըլլալ, այլ հանրակրթական կեդրոններ են, ուր սերունդներ կրթական-ակադեմական ծրագիրներու ճամբով կը դաստիարակուին, կը կրթուին եւ կը կազմաւորուին, եւ այս շրջագիծին մէջ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները իրենց ծրագիրներով, մասնագէտ ուսուցիչներով ամբողջովին կը ծառայեն արուեստի ուսուցման եւ մշակոյթի պահպանման առաքելութեան: Աւարտին Գէորգ Քէշիշեան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելու պատճառով պիտի դադրի կրթական տնօրէնի աշխատանքէն շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան վստահութեան եւ գործակցութեան համար, մաղթելով, որ Համազգայինը կը շարունակէ իր օգտաշատ գործունէութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. բաժինով «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տհոլահարներու խումբը նուագեց «Բերդ»-ը (խմբավար` Նարեկ Քէշիշեան), իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց «Արցախ պար»-ը (գեղարուեստական ղեկավարներ` Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններ):

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նայիրի Ադամեան, որ նշեց, թէ ամավերջի հանդէսները հաշուետուութեան առիթներ են, եւ արդէն 96-ամեայ Համազգայինի գործունէութիւնը հիմնադրութեան օրէն եղած է թափանցիկ եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան: Ադամեան շնորհակալութիւն յայտնեց` Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կրթական եւ վարչական տնօրէններուն, «Թեքնիք» յանձնախումբին, ուսուցիչներուն, պաշտօնէութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին, որոնց միացեալ ճիգերով 2023-2024 տարեշրջանը ունեցաւ յաջող ընթացք: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց` մասնագիտացած մասնաճիւղերու գեղարուեստի ղեկավարներուն, «Սաներու ֆոնտ»-ի նուիրատուներուն եւ ընդհանրապէս Համազգայինի կողքին կանգնող եւ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ` հայկական վարժարաններու եւ հաստատութիւններու տնօրէնութիւններուն:

Ան ըսաւ, որ տաղանդաւոր արուեստագէտի մօտեցումով իր բծախնդիր եւ միեւնոյն ժամանակ համազգայնական ոգիով պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ իրեն վստահուած պաշտօնը վարեց Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան, որ ճամբորդութեան պատճառով հրաժարած է իր պաշտօնէն: Ադամեան ըսաւ, որ Քէշիշեանին հրաժարականէն ետք Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէնի պաշտօնին համար դիմեց դաշնակահար եւ բանաստեղծ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանին, որ ընդունեց Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն նշանակուելու առաջարկը: Նայիրի Ադամեան հաստատեց. «Մենք աւելի քան վստահ ենք, որ տիկին Երկանեանը իր նեդրումը պիտի ունենայ կրթական տնօրէնի իր հանգամանքով այս հաստատութեան յաւելեալ ծաղկումին ու բարգաւաճման գործընթացին մէջ, կը հաւատանք նաեւ,որ հաւաքական ճիգով ու համազգայնականի ծառայութեան ոգիով  բոլորս միասին լաւապէս պիտի նուիրագործենք Համազգայինի նշանաբանի ամբողջական իմաստը` կրթութեամբ եւ մշակոյթով առաջնորդուելու դէպի լոյս, բոլորս միասին «Լոյսով` լոյսին» ուղղուելու առաջադրանքով»:

Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ աշակերտները: Արեգ Տօնէրեան ջութակով նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Օրօր»-ը, Կապրիէլ Տեմիրճեան դաշնամուրով նուագեց Առնօ Բաբաճանեանի «Վաղարշապատի պար»-ը, Սէրլի Նեմշէհիրլեան տուտուկով նուագեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա» եւ Պատկերդ ղալամով»-ը (տհոլի ընկերակցութիւն` Նարեկ Քէշիշեան), Մանէ Չոլաքեան դաշնամուրով նուագեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Րաֆֆի Չիլինկիրեան տուտուկով նուագ «Ծաղիկ ես»-ը (տհոլի ընկերակցութիւն` Նարեկ Քէշիշեան, դաշնամուրի ընկերակցութիւն` Արազ Գարաօղլանեան), Սելա Սվաքճեան ջութակով նուագեց «Ծիրանի ծառ»-ը (դաշնամուրի ընկերակցութիւն` Վերոնա Ռուսիալեան) եւ Նաթալի Չուլճեան դաշնամուրով նուագեց Աբրահամեանի «Փրելիւտ»-ը:

Օրուան պատգամը յղեց մայսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան, որ նշեց, թէ Համազգայինը իր կեանքի փոփոխութեան եւ երջանկութեան ապահովման մեծ բաժին ունեցած է, որովհետեւ առիթ ստեղծած ու քաջալերած է` յայտնաբերելու եւ զարգացնելու արուեստի ճիւղը: Թասլաքեան հաստատեց, որ մշակոյթը մարդուն կու տայ ինքնութիւն, եւ առանց ինքնութեան` կարելի չէ հայրենիք պահել: Ան ըսաւ, որ երեխան կը ծնի տաղանդով, որ կարիքն ունի բացայայտման ու զարգացման, եւ այս առնչութեամբ ընտանիքը, դպրոցը, ուսուցիչը եւ մշակոյթի հաստատութիւնները պարտականութիւն ունին գտնելու տաղանդները, առիթներ ստեղծելու եւ զօրակցելու: Պարգեւ Թասլաքեան հաստատեց, որ Համազգայինի շնորհիւ մեր միջավայրը ունի տաղանդներ բացայայտելու առիթը: Թասլաքեան շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ արուեստագէտը պէտք չէ դրամ եւ հռչակ փնտռէ, այլ աշխատի, մնայուն աշխատի եւ չըլլայ ինքնահաւան, որովհետեւ արուեստագէտին մեծագոյն թշնամին ինքնահաւանութիւնն է, եւ այն մարդը, որ ինքզինքը բարձր կը տեսնէ, բարձրանալու առիթ չ՛ունենար եւ կը դադրի զարգանալէ: Ան նշեց, որ նուաճումը միայն պէտք է նկատել նոր սկիզբ, լաւագոյնին ձգտելու մեկնարկ, կատարելագործման հասնելու ձգտում: Պարգեւ Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին` մաղթելով կառոյցին նորանոր յաջողութիւններ եւ վերելք:

Պատգամէն ետք, առ ի գնահատանք իր ունեցած ներդրումին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Նայիրի Ադամեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան յանձնեցին յուշանուէր մը Գէորգ Քէշիշեանին:

Ապա վկայականներ ստացան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 8 եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցներու երկու աշակերտներ: Վկայական ստացող աշակերտներն են` Կապրիէլ Տեմիրճեան, Ալեք Տօնէրեան, Սելա Սվաքճեան, Մանէ Չոլաքեան, Նաթալի Չուլճեան, Րաֆֆի Չիլինկիրեան, Սէրլի Նեմշէհիրլեան, Թերեզա Խաչերեան, Յարութ Տեմիրճեան եւ Թաթիանա Պիաանի:

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի: Նուագախումբը ներկայացուց Կարօ Աւեսեանի մշակած արեւմտահայ շարժանկարի երաժշտութենէն «Երջանկութեան արցունքները» եւ «Ջան Հայաստան»-ը:

Հանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները:

Նախորդը

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին*. Հուրիին Գիծը

Յաջորդը

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին Փենալթիներով Հասաւ Կիսաւարտական

RelatedPosts

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ.  «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ
Գաղութային

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ. «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ

Նոյեմբեր 19, 2025
Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական Կոմիտէի  Հայրենակցական Միութիւններու Յանձնախումբին  Համահայրենակցական Միութիւններու  Խորհրդակցական Հանդիպում
Գաղութային

Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?