ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը դատապարտէ այն անարգ ոտնձգութիւնը, որուն ենթարկուեցան հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբը` օրինազանց խմբակի մը կողմէ, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներէն կը պահանջէ հետապնդել օրինազանց տարրերը եւ հաշուետուութեան կանչել զանոնք` խուսափելու համար ապագային նմանօրինակ միջադէպերու կրկնութենէն:
Պուրճ Համուտը այն շրջաններէն է, որ պահած էր իր իւրայատկութիւնը երկրին դիմագրաւած դժուարին օրերուն ընթացքին: ՌԱԿ-ը կ՛արտայայտէ իր զօրակցութիւնը շրջանի բնակչութեան եւ ՀՅԴ-ի անդամներուն` օրինազանցները ետ մղելնուն համար:


