Հովանաւորութեամբ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարիի, չորեքշաբթի, 3 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը, որուն ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թէրզեան, նախկին նախարարներ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան, որ մեծապէս գնահատեց «Զուարթնոց» կեդրոնի իւրայատուկ դերն ու առաքելութիւնը մեր ընկերութեան մէջ:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, որ տեղեկացուց, թէ նշեալ տօնակատարութիւնը տասը ամիսներու եռակողմանի հետեւողական յարաբերութիւններու ակադեմական նուաճումն է, եւ այդ երեք հիմնասիւներու գագաթնակէտը աշակերտն է, որուն հիմքերն են ծնողները եւ հաստատութիւնը, որ կ՛աջակցի եւ կը համակարգէ առօրեայ կեանքի տարբեր մասնիկները: Ան ըսաւ, որ «Հրեշտակներու կեդրոն «Զուարթնոց»-ի անմեղ աշակերտներուն մեծ նուիրումով, սիրով եւ համբերութեամբ կը ծառայեն սպասարկողները, որոնց համար ժամացոյցը վայրկեաններու եւ ժամերու փոխարէն կը չափուի օրերով, շաբաթներով: Պուճիքանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկերներուն` ընկերային բարօրութեան նախարարութեան, Լիբանանի հայկական եւ ոչ հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն (ինչպիսիք են «Իմպրէյս Միտըլ Իսթ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը):
Ապա Բալիկ Սրապոնեանի (հաղորդավար) եւ Յարութ Հարպոյեանի (նկարիչ) բեմական ներկայացումով աշակերտները հանեցին շրջագայութեան` Լիբանանէն Իտալիա, ապա Հայաստանէն Հարաւային Ափրիկէ, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներէն վերադարձան Լիբանան: Այս «ճամբորդութեան» ընթացքին «Զուարթնոց»-ի աշակերտները ներկայացուցին բազմագոյն պարեր, մինչ իւրաքանչիւր ճամբորդութեան զուգահեռ տեսերիզներով ցուցադրուեցան իւրաքանչիւր երկրի մէջ յատուկ դժուարութիւններ ունեցող անհատներու իրավիճակը, օրէնքները եւ պետութիւններու կատարած աշխատանքները:
Ներկայացումէն ետք խօսք առաւ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ 1987-ին հիմնուած «Զուարթնոց» կեդրոնի սքանչելի աշակերտները յոյսի եւ հաւատքի մէկական փարոսներ են, եւ աւելցուց. «Յոյս` տոկալու մեր առօրեայ կեանքի մութ ուղիները դէպի փայլուն ելք առաջնորդելու, եւ հաւատք` կառչելու կեանքին, յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ բանալու ապագայի հորիզոնները»: Ան ըսաւ, որ այս հանդէսը ոչ միայն արտայայտութիւնն է յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու ձիրքերուն եւ կարիքներուն, այլ նաեւ կոչ մըն է բոլորիս` միանալու եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելու, որպէսզի զօրակցինք, յաղթահարենք մարտահրաւէրները եւ արձանագրենք իրագործումներ: Տնօրէնը շեշտեց, որ յատուկ կարիքներ ունեցողները ընկերութեան տրոփող սիրտն են, յոյս եւ սէր ներշնչողն են` պատգամելով, որ երազները անկարելի չեն, այլ` շարժիչ ուժն են փոփոխութիւն ձեռքբերելու եւ զարգանալու:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ քանի մը վայրկեանուան մէջ ամփոփուած հանդէսը հսկայական ճիգ ու ջանքի, համբերութեան, հեւքի, գիտութեան, քրտինքի եւ այդ անսահման զոհողութեան արգասիքն է, որ պատուով եւ հպարտութեամբ կատարուեցաւ շնորհիւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան, կեդրոնի աշխատակազմին, գործընկերներուն, կամաւորներուն, ծնողներուն եւ բարերարներուն: Խօսքի աւարտին տնօրէնը շեշտեց, որ տեղեկատուութեան նախարարին ներկայութիւնը քաջալերական է, եւ ինք յոյս ունի, որ գալիքին գործակցութիւնը աշխատանքներու նոր հորիզոններ կը ստեղծէ, որ էապէս կը նպաստէ մեր զաւակներու առաւել փայլուն ապագայի կերտման:
Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի, որ ըսաւ. «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ գոյութիւն ունի մեծ սէր, նուիրում եւ յոյս, եւ ես` իբրեւ նախարար եւ մամլոյ պատասխանատու, կը փորձեմ ոչ միայն համոզումով, այլ նաեւ գործով մեր հաստատութիւնները վերածել աւելի մարդկային վայրի: Հպարտութեամբ կը հաստատեմ, որ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը Լիբանանի մէջ միակն է, որ նշաններու լեզուով կը հաղորդէ լուրերը, որպէսզի Լիբանանի 15 հազար խուլերը կարելիութիւն ունենան ազատօրէն հետեւիլ երկրի լուրերուն»: Մաքարի ըսաւ, որ յատուկ կարիքներ ունեցող անհատները յոյս կը ներշնչեն, եւ անոնք վստահաբար առաւել եւս կարեւոր են քաղաքական ա՛յն յայտարարութիւններէն, որոնք կը կործանեն երկիրը, երազները եւ երիտասարդութեան ապագան:
Նախարարը հաստատեց, որ մամլոյ նախարարութիւնը յատուկ կարիքներու կեդրոններուն հետ, որոնցմէ մէկն է «Զուարթնոց»-ը, մնայուն համակարգումներու մէջ է եւ պիտի գոյացնէ համաձայնութիւններ, որոնց արդիւնքները շուտով պատկերասփիւռի կայաններէն պիտի հաղորդուին: Մաքարի հաստատեց, որ այս հանդիսութեան հովանաւորութիւնը մեծ յոյս տուաւ, որ կրնանք գործակցիլ, եւ «ես հպարտ եմ ու կը հաստատեմ, որ Լիբանանի հայ համայնքը, որուն ազգային պատկանելիութեան նկատմամբ շատեր կը կասկածին, գոյութիւն ունեցած է Մեծ Լիբանանէն առաջ, Լիբանանի անբաժան մէկ մասնիկն է, եւ մենք հպարտ ենք ձեր կատարած աշխատանքներով»:
Ապա Անի Պուճիքանեան եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յուշանուէր մը յանձնեցին Զիատ Մաքարիին: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտներու եզրափակիչ ներկայացումով, որուն ընթացքին մասնակիցները ծածանեցին հանդիսութեան ներկայացումին ընթացքին շրջագայած երկիրներու դրօշները, բարձր պահեցին «աշխարհը» եւ ցուցատախտակներով փոխանցեցին յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներուն իրաւունքները:





