Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդ Քառեակ` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան Բեմին Վրայ

July 13, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութիւնը 26 յունիս 2024-ին հրամցուց լարային քառեակի ելոյթ` բեմ բարձրացնելով տաղանդաւոր երիտասարդներ Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեաններն ու Սագօ եւ Շահէ Աւագեանները:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ մատուցուած համերգին կազմակերպիչ վարչութեան անդամ, գեղանկարչուհի Մարալ Մանիս անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց, որ առանց արուեստի, երգի ու երաժշտութեան` կեանքը պիտի ըլլար սեւ ու սպիտակ, ուստի անհրաժեշտ է զայն գունաւորել` վեր առնելով հայկական մշակութային արժէքները: «ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութիւնը նորեկ մը չէ լիբանանահայ մշակութային ընդարձակ բեմին վրայ, այլ մեծ եւ հարուստ է անոր աւանդը` երաժշտական, թատերական, պարային, գրական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Տարիներու ընթացքին միութիւնը իր գեղեցիկ ու բարձրորակ աշխատանքներով Լիբանանի մէջ ջերմացուցած է մշակութասէր բազում հոգիներ», յիշեցուց Մանիս:

Յաջորդող աւելի քան 60 վայրկեաններուն ջութակահարներ Ալեք ու Առնօ  Տօնէրեանները` ալթի եւ թաւջութակի մասնագէտներ Սագօ ու Շահէ Աւագեանները հանդիսատեսներուն ներկայացուցին հայկական եւ միջազգային ծանօթ երաժշտահաններու գլուխ գործոցներ` սկսեալ Կոմիտասի հոգեպարար եւ դիւրայոյզ մեղեդիներէն, Պրամսի անժամանակ յօրինումներէն եւ Մոցարթի շնորհալի գործերէն մինչեւ Փիացոլայի ժամանակակից, Կարտելի արտայայտիչ  եւ Շոսթաքովիչի ու տը Ապրույի բուռն երաժշտութիւնը, հասնելով Արամ Խաչատուրեանի ներշնչող ու կոթողական, Ճոփլինի եւ Ճենքինզի ցնծալից գործերը, հանդիսատեսը փոխադրելով արուեստի քնարերգական երազային աշխարհ:

Նշենք, որ հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին` քառեակի բոլոր անդամները արդէն անցած են երաժշտական երկար ու բեղուն ուղիով, ստացած են երաժշտական համապատասխան բարձրագոյն ուսում, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ մաս կազմած են զանազան երաժշտախումբերու, որոնց հետ յաճախ բարձրացած են բեմ, նոյնիսկ իրենց կարգին դառնալով երաժշտութեան ուսուցիչներ:

«Անդրանիկ» մշակութային միութեան վարչութեան ատենապետ Շահէ Պապահէքեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ երիտասարդ ծանօթ թէ անծանօթ երաժիշտները միութեան մնայուն ուշադրութեան կեդրոնն են, որպէսզի բոլորը տեսնեն, թէ լիբանանահայ գաղութին մէջ կան շատ տաղանդներ: «Այս որակաւոր սերունդը շատ բան կը խոստանայ ոչ միայն այս համայնքին, այլեւ` համաշխարհային  երաժշտութեան, ուստի կարեւոր է անոնց աջակցիլ ու գնահատել, որպէսզի շարունակեն եռանդով ստեղծագործել», նշեց ան:

Նախորդը

Իսկէնտէրեանի Եւ Կիրակոսեանի Գեղանկարները` Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Յարկին Տակ

Յաջորդը

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հարիւրամեակի Յոբելենական Պաշտամունք

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.