Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Սրբազան Իրաւունք Է»

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Սրբազան Իրաւունք Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ի՞նչ ըսեմ հայրենիքին, անոր անկախութեան օրը, երբ անիկա թշնամիի ռմբակոծման տակ է, ներքին քաղաքական պառակտման ընդհանուր ծանրութեան տակ: «Ի՞նչ ըսեմ հայրենիքին, անոր անկախութեան օրը, երբ այսօր ամբողջ հայրենիքը բերդի մէջ է` սպասելով փրկութեան… «Անկախութիւնը սրբազան իրաւունք է,...

Ընդհանուր Զարգացում Եւ Հաւաքական Աշխատանք.     «Ազդակ»-ի Պատասխանատու Խմբագիր Նորա Բարսեղեան Ներկայացուց Լրատուութիւնն Ու Լուր Պատրաստելու Ձեւերը

Ընդհանուր Զարգացում Եւ Հաւաքական Աշխատանք. «Ազդակ»-ի Պատասխանատու Խմբագիր Նորա Բարսեղեան Ներկայացուց Լրատուութիւնն Ու Լուր Պատրաստելու Ձեւերը

Երկուշաբթի, 4 նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Տեսչական կազմին տնօրինումով եւ Ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 տարեշրջանին համար պատրաստուած «Ընդհանուր զարգացում եւ հաւաքական աշխատանք» ծրագիրի առաջին հաւաքը: Հաւաքներն ու աշխատանքային հանդիպումները տեղի պիտի ունենան իւրաքանչիւր երկուշաբթի յետմիջօրէին եւ առիթ պիտի ընծայեն այլազան նիւթեր արծարծելու, վարժողական եւ հաւաքական աշխատանքներ կատարելու եւ դպրեվանեցիներուն մօտ ընդհանուր զարգացումի գիտելիքներ եւ հմտութիւններ կազմաւորելու: Օրուան...

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Եւ  Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ

Երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2024-ին, Աթշանէի ասորւոց վանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Շահան արք. Սարգիսեան, Թորգոմ արք. Տօնոյեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան: Իսկ Աֆրամ Բ. պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի, Զահլէի եւ Լեռնալիբանանի առաջնորդները: Վեհափառ հայրապետը նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց պատրիարքին` Մալապարի ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը 39 Ուսանողներու Մասնակցութեամբ Բացուած Յայտարարեց 2024-2025 Կրթական Տարեշրջանը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը 39 Ուսանողներու Մասնակցութեամբ Բացուած Յայտարարեց 2024-2025 Կրթական Տարեշրջանը

Իւրաքանչիւր հայ դպրութեան կեդրոն լոյսի փարոս մըն է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան  հիմնական աղբիւրը: Ամսուան մը ակամայ ուշացումէն ետք, երկուշաբթի, 4 նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ (Ֆանար) տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը: Յիշենք, որ Հայագիտական կեդրոնը արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը գործէ շաբաթական...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Մէջ Դասագիրք Չունեցող 67 Աշակերտներու Զօրակցութիւն

Լիբանանահայ Վարժարաններու Մէջ Դասագիրք Չունեցող 67 Աշակերտներու Զօրակցութիւն

Նկատի առնելով, որ լիբանանահայ վարժարաններու վերամուտէն շաբաթներ ետք շարք մը վարժարաններու մէջ բազմաթիւ աշակերտներ Լիբանանի տագնապալի պայմաններուն պատճառով տակաւին չեն ապահոված շարք մը դասագիրքեր եւ լաւապէս գիտակցելով սերունդներու պատրաստութեան մէջ հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը որոշեց 2024-2025 տարեշրջանին ապահովել դասագիրքերը ա՛յն աշակերտներուն, որոնք նիւթական պատճառով չեն կրցած ունենալ զանոնք: Առ այդ, ԸՎՄ դիմեց...

«Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարան.   «Արցախեան Բանակցութիւններուն Կը Բացակայէր Խթանելու-Պատժելու Միջազգային Գործիքակազմը». Դոկտ. Հրայր Պալեան

«Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարան. «Արցախեան Բանակցութիւններուն Կը Բացակայէր Խթանելու-Պատժելու Միջազգային Գործիքակազմը». Դոկտ. Հրայր Պալեան

«Ազդակ»-ի 71-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2024-ին, Պէյրութի ժամով` 18:00-ին: Դասախօսեց հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Հրայր Պալեան: Նիւթ` «Արցախեան բանակցութիւննեուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Հրայր Պալեան նիւթը ներկայացուց բաժիններու դասակարգումով` հակամարտութեան դերակատարները, բանակցային հոլովոյթի իւրաքանչիւր փուլը, ներկայացուած նախագիծները, միջնորդական առաքելութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Նամակ Մը Յղեց Կենսոլորտի Նախարարութեան Ու ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Գրասենեակին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի գրասենեակին: Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակումի եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:...

Սկիզբ Կ՛առնէ Ճինիշեան Հաստատութեան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Ծրագիրը` Ի Խնդիր Քննական Մտքի Եւ Կառուցողական Բանավէճի Զարգացման

Սկիզբ Կ՛առնէ Ճինիշեան Հաստատութեան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Ծրագիրը` Ի Խնդիր Քննական Մտքի Եւ Կառուցողական Բանավէճի Զարգացման

Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկի Լիբանանի մասնաճիւղը ուրախութեամբ կը յայտարարէ մեկնարկը «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրին` գործակցութեամբ Հայաստանի Ճինիշեան հիմնարկին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին: Ճինիշեան հիմնարկի Հայաստանի Հանրապետութեան մասնաճիւղը 2005-էն ի վեր տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպէ միջդպրոցական բանավէճի այս ծրագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ու կը բերեն Հայաստանի տարածքին գործող դպրոցներու հարիւրաւոր աշակերտներ: Այս ծրագիրին ընդմէջէն Ճինիշեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Որոշումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կ՛ողջունէ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի ծիրին մէջ Պաքուի ներկայացուցած բոլոր նախնական առարկութիւններուն մերժումն ու Հայաստանի երկու առարկութիւններուն բաւարարումը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեպտեմբեր 2021-ին նախաձեռնած էր Ազրպէյճանի դէմ դատական հայցի` վերջինիս կողմէ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային հռչակագիրի խախտումներու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի  Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Նժէյմ եպիսկոպոսը` իր օգնականին ընկերակցութեամբ: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Թորգոմ արք. Տօնոյեան: Նժէյմ եպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին փոխանցեց ներկայ կացութեան առնչուած Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւններն ու պատկերացումները: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ազդու պետութիւններու միջամտութեամբ կարելի փութով զինադուլ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:  ...

Մեթնի Գաւառապետը Եւ Նախկին Երեսփոխան Ղասսան  Մուխայպեր Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Մեթնի Գաւառապետը Եւ Նախկին Երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ընդունեց Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատը եւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Ղասսան Մուխայպերը: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Լիբանանի հոգեւոր պետերու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ այցելուները առաջնորդ...

Անթիլիասի Մէջ Յատուկ Աղօթք` Ի Խնդիր Արցախի  Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման

Անթիլիասի Մէջ Յատուկ Աղօթք` Ի Խնդիր Արցախի Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման

Նկատի ունենալով 11-22 նոյեմբեր 2024-ին Ազրպէյճանի մէջ կենսոլորտին նուիրուած միջազգային համագումարի կայացումը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առիթը լաւագոյնս օգտագործելով` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրեց Արցախի հայութեան պապենական հողեր վերադառնալու իրաւունքին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերեվարուած մեր հայորդիներուն ազատ արձակման պահանջին վրայ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատեց եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան եւ նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Լիբանանի հոգեւոր պետերու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննելու...

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է,  Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն  Սեղանի Շուրջ Նստելով»

«Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է. Նորին Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ, Իսկ Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն Սեղանի Շուրջ Նստելով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի «Կեցուածք մը ինձմէ, կեցուածք մը քեզմէ» արաբերէն յայտագիրին ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլ եւ համաշխարհային սիոնականութիւնը միշտ ալ կարմիրով գծած են իրենց պատմութիւնը: «Ինծի համար զարմանալին այն է, թէ մարդիկ կը զարմանան, երբ նման կերպով արտայայտուինք: Իսրայէլացիները քաղաքական եւ տնտեսական նպատակներով եւ սիոնական մտայնութեամբ եկան ու բնակեցան արաբական...

Վեհափառ Հայրապետը Յաջորդաբար Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանն Ու Վատիկանի Մէջ  Լիբանանի Նախկին Դեսպանը

Վեհափառ Հայրապետը Յաջորդաբար Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանն Ու Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Նախկին Դեսպանը

Ուրբաթ, 8 նոյեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան զօրավար Ժորժ Խուրիի: Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, վերջին շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան հայոց թեմին վեհափառ հայրապետին շնորհած հովուապետական այցելութեան եւ Լիբանանի ներկայ կացութեան: Յիշեալ նիւթերուն...

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է,  Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն  Սեղանի Շուրջ Նստելով»

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է, Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն Սեղանի Շուրջ Նստելով»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ ձայն»-ի «Կեցուածք մը ինձմէ, կեցուածք մը քեզմէ» արաբերէն յայտագիրի ընթացքին, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան եւ այդ երկրի արաբ ու լիբանանցի քաղաքացիներուն տրուած ընտրական խոստումներուն, նշեց, որ ընտրութենէն առաջ խոստումները ընտրութեան յաջորդող գործէն տարբեր են: Անդրադառնալով այն վարկածին, թէ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ...

Ազգային Առաջնորդարան.  Լիբանանցի Գաղթականներու Զօրակցութեան  Երկրորդ Այցելութիւնը Եւ Մարդասիրական  Աշխատանքներու Շարունակականութիւնը

Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանցի Գաղթականներու Զօրակցութեան Երկրորդ Այցելութիւնը Եւ Մարդասիրական Աշխատանքներու Շարունակականութիւնը

Ձմեռնային եղանակի սեմին, հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով, մասնաւոր պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող երկու կեդրոններ, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ: Վեց անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէին թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր, կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ...

«Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ.  Քննարկում` Յառաջիկայ Փուլին Լիբանանահայութեան  Դիմագրաւելիք Ընկերային Հաւանական Դժուարութիւններուն

«Շաղզոյեան» Կեդրոնին Մէջ. Քննարկում` Յառաջիկայ Փուլին Լիբանանահայութեան Դիմագրաւելիք Ընկերային Հաւանական Դժուարութիւններուն

Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու լայն հանդիպում: Հերթական այս հանդիպումները կը միտին Լիբանանի եւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ի տես համապատասխան քննարկում կատարել, աշխատանքներուն տեղեկանալ, ներդաշնակում կատարել եւ համագործակցութիւն զարգացնել: Ժողովի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի գնահատեց այն աշխատանքները, որոնք ցարդ կատարուած են եւ կը շարունակուին...

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմ տուած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին հայրապետը միաբան հայրերուն ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեց այցելութեան յատկանշական երեսները: Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան պարզեց Լիբանանի հարաւային շրջաններէն եկած գաղթականներուն ստեղծած պատկերը, յատկապէս` հայահոծ Պուրճ Համուտի եւ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը`  Ուղղուած Միացեալ Նահանգներու  Նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը` Ուղղուած Միացեալ Նահանգներու Նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին. Նորին Վսեմութիւն Տանըլտ Թրամփ Ընտրեալ Նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սիրելի՛ պրն. նախագահ, Անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ` իբրեւ ընտրեալ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը, որ վստահաբար խոստմնալից էջ մը պիտի բանայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Արդարեւ, դուք ձեր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէք աշխարհի պատմութեան ճակատագրական...

Page 52 of 364 1 … 51 52 53 … 364

Արխիւներ