Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկիզբ Կ՛առնէ Ճինիշեան Հաստատութեան «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Ծրագիրը` Ի Խնդիր Քննական Մտքի Եւ Կառուցողական Բանավէճի Զարգացման

November 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկի Լիբանանի մասնաճիւղը ուրախութեամբ կը յայտարարէ մեկնարկը «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրին` գործակցութեամբ Հայաստանի Ճինիշեան հիմնարկին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին:

Ճինիշեան հիմնարկի Հայաստանի Հանրապետութեան մասնաճիւղը 2005-էն ի վեր տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպէ միջդպրոցական բանավէճի այս ծրագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ու կը բերեն Հայաստանի տարածքին գործող դպրոցներու հարիւրաւոր աշակերտներ: Այս ծրագիրին ընդմէջէն Ճինիշեան հիմնարկը կը հետապնդէ  հաւասարակշռուած քաղաքացիներու դաստիարակութիւնը` պատանիները օժտելով բազմազան հմտութիւններով, որոնք պիտի օգնեն առողջ մտածելակերպով, քննական մտածողութեամբ դիմակալելու առօրեայ զանազան մարտահրաւէրները:

Ոգեւորուած Հայաստանի մասնաճիւղի յաջողութենէն եւ որդեգրելով երկար տարիներ փորձուած այս ծրագիրը, Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութիւնը, համագործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին, 2024-2025 տարեշրջանին համար կը մեկնարկէ բանավէճի ծրագիրը, որուն կը մասնակցին լիբանանահայ 11 վարժարաններու 33 աշակերտներ: Ծրագիրին հիմնական առաջադրանքն է մեր համայնքի պատանիները մարզել թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտելու` զարգացնելով անոնց բանավէճ վարելու հիմնական հմտութիւնները, առարկութիւններ հիմնաւորելու գիտական մօտեցումը, անհամաձայնութիւնններ եւ այլ կարծիքներ ընդունելու հանդուրժողականութիւնը եւ հրապարակային ազդու ելոյթներ ունենալու արուեստը:

Աշակերտական բանավէճի ծրագիրին առաջին եւ բացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2024-ին, Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութեան կեդրոնին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան ողջունեց ներկաները` լուսարձակի տակ առնելով շինիչ երկխօսութեան, տարբեր կարծիքներ ընդունելու եւ տարբերութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը` որպէս առողջ ընկերութիւն ունենալու նախապայման: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց նաեւ Ճինիշեան հաստատութեան պատմականը եւ ներդրումը հայ համայնքներու մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ճինիշեան հիմնարկի Բանավէճի ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան առցանց ողջունեց ներկաները` դիտել տալով, որ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ դպրոցներ եւ համալսարաններ կը մասնակցին Ճինիշեան հիմնարկի այս նախաձեռնութեան եւ լայն գիտելիքներով կը զինուին` լայնախոհութեամբ դիմագրաւելու առօրեայ դժուարութիւններ: Ան քաջալերեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Վերջին բաժինով ծրագրի համադրող Մանուէլ Թոքմաքճեան ներկայացուց բանավէճի մարզումի առաջին բաժինը:

Վարժողական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ բոլոր բանավէճերը պիտի ընթանան արեւմտահայերէնով: Մասնակիցները շաբաթական դրութեամբ պիտի համախմբուին Ճինիշեան հաստատութեան մէջ (Պուրճ Համուտ) եւ պիտի մասնակցին աշխատանոցներու` պատրաստուելու համար ամսական դրութեամբ կայանալիք միջխմբային բանավէճերուն: Բանավէճերը բաց պիտի ըլլան հանրութեան: Բանավէճի աւարտական փուլ հասնող մասնակիցները պիտի մեկնին Հայաստան` մասնակցելու հոն կայանալիք ընդհանուր բանավէճի նիստին:

Աշակերտական բանավէճի ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նիստեր` գլխաւորութեամբ հրաւիրեալ բանախօսներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի անդրադառնայ շարք մը կարեւոր թեմաներու` ուղղուած արդիւնաւէտ բանավէճի հմտութիւններու եւ կառուցողական երկխօսութեան զարգացման:

Այս նիստերուն կողքին, աշակերտները կը մասնակցին դաշտային այցելութիւններու` կառուցողական երկխօսութեան մասին գործնական պատկերացումներ ու հեռանկարներ ձեռք ձգելու համար:

Աշակերտական բանավէճի ծրագրին առաքելութիւնն է ինքնավստահութիւն ներշնչել հայ աշակերտներուն` քննական մտածողութեան ու ինքնագիտակից արժեւորումներու ճամբով ձեւաւորելու եւ արտայայտելու անկախ տեսակէտներ, ի խնդիր հաւաքական կառուցողական մթնոլորտի ստեղծումին:

Նախորդը

Եթէ Ապրինք, Կը Տեսնենք

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Կը Մօտենայ Մրցանիշի. «Ուեմպի» 50 Կէտ Նշանակեց

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.