Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Զարգացում Եւ Հաւաքական Աշխատանք. «Ազդակ»-ի Պատասխանատու Խմբագիր Նորա Բարսեղեան Ներկայացուց Լրատուութիւնն Ու Լուր Պատրաստելու Ձեւերը

Նոյեմբեր 22, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 4 նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Տեսչական կազմին տնօրինումով եւ Ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 տարեշրջանին համար պատրաստուած «Ընդհանուր զարգացում եւ հաւաքական աշխատանք» ծրագիրի առաջին հաւաքը: Հաւաքներն ու աշխատանքային հանդիպումները տեղի պիտի ունենան իւրաքանչիւր երկուշաբթի յետմիջօրէին եւ առիթ պիտի ընծայեն այլազան նիւթեր արծարծելու, վարժողական եւ հաւաքական աշխատանքներ կատարելու եւ դպրեվանեցիներուն մօտ ընդհանուր զարգացումի գիտելիքներ եւ հմտութիւններ կազմաւորելու:

Օրուան դասախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան. դասախօսը մանրամասնօրէն ներկայացուց «Լրատուութիւն» նիւթը: Ան իր երկար տարիներու փորձառութենէն մեկնելով, բացատրեց` տարիներու թաւալումով լրատուութեան աղբիւրներու եւ լուրը ընթերցողին հասցնելու ընթացքին կրած փոփոխութիւնը, համացանցային աշխարհին մէջ տպագիր  մամուլին դերակատարութիւնը, նորութիւններուն հետ քայլ պահելու մնայուն ճիգն ու աշխատանքը:

Դասախօսը ներկայացուց հաւաստի, անսխալ եւ հետաքրքրական լուր մը գրելու հիմնական կէտերը` համապատասխան օրինակներով, որոնք առաւել եւս ամրապնդեցին նիւթը դպրեվանեցիներուն մտքին մէջ: Ան շեշտեց` լուսանկարներուն կարեւորութիւնը, կառոյցի ճիշդ ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, բծախնդիր ու կազմակերպուած ըլլալու հրամայականը: Նաեւ խօսեցաւ լեզուն ճշգրիտ գործածութեան, մաքուր արեւմտահայերէնով արտայայտուելու մասին:

«Դուք` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներ, ունիք լրագրութեան տեղեկատուութեան զանազան դաշտեր, որոնք պէտք է ճիշդ ձեւով օգտագործուին ձեր քարոզչութիւնը կատարելու ու աշխատանքը ցոլացնելու համար:

«Լրագրութեան քարոզչութեան կարեւորութիւնը անհերքելի է, ուստի մենք ալ կոչուած ենք` իբրեւ հայութիւն, ներկայութիւն ըլլալու հոն` թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ օտար լեզուներով, որովհետեւ ատիկա հիմնական է մեր կենդանութիւնը փաստելու, մեր գոյատեւումը տեղեկացնելու եւ մեզի զօրակից ու օժանդակ ապահովելու», եզրափակեց Նորա Բարսեղեան:

Դպրեվանքի սաները հինգ խումբերու բաժնուած, լրջօրէն, ուշադրութեամբ եւ հաճոյքով կ՛ունկնդրէին դասախօսին փոխանցած տեղեկութիւնները: Ապա գործնական աշխատանքով մը դպրեվանքի սաները փորձեցին իրենց լսածները ի գործ դնել` տարբեր յայտարարութիւններու վրայ հիմնուելով կարճ լուրեր գրելով: Դպրեվանեցիներ կենսուրախօրէն կ՛աշխատէին եւ կը համագործակցէին աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու համար:

Աւարտին Դպրեվանքի տեսուչ  Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դասախօսին եւ յուշանուէրով մը պատուեց զայն:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

Յաջորդը

Նշմար. Խիզախ Ամերիկացիներ Պաքուի Մէջ (Կամ` Հայ Դատի Սերմերուն Արդիւնքը)

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?