 Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Նժէյմ եպիսկոպոսը` իր օգնականին ընկերակցութեամբ: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Թորգոմ արք. Տօնոյեան:

Նժէյմ եպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին փոխանցեց ներկայ կացութեան առնչուած Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւններն ու պատկերացումները: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ազդու պետութիւններու միջամտութեամբ կարելի փութով զինադուլ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը: