Երեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմ տուած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին հայրապետը միաբան հայրերուն ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեց այցելութեան յատկանշական երեսները:
Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան պարզեց Լիբանանի հարաւային շրջաններէն եկած գաղթականներուն ստեղծած պատկերը, յատկապէս` հայահոծ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի մէջ, եւ այս ուղղութեամբ տարուող օժանդակութեան աշխատանքները:
Վանաբնակ միաբանական հաւաքը «Կիլիկիա» օրհներգով եզրափակուեցաւ:


