Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու կազմակերպչական յանձնախումբին, ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ- տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի, տեսչական կազմերուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շուրջ 350 մանուկներու եւ պատանիներու, կիրակի, 29 դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 5:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու Ամանորի հաւաքը:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի անդամ Անիթա Ժամկոչեան, որ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան տօնին կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ` Նոր տարուան խորհուրդին: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց` բոլոր ծնողներուն, բարերարներուն, կիրակնօրեայ դպրոցներու բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին եւ սրբազան հօր, որոնք մօտէն կը հետեւին եւ նեցուկ կը կանգնին կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխատանքին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շարականներու երգեցողութիւն, նաեւ` կենդանի պատկերի միջոցով Ս. Ծնունդի ներկայացում եւ Աւետարանի ընթերցումներ:
Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին կիրակնօրեայ դպրոցին, որովհետեւ հոն կը ծանօթանան եկեղեցւոյ, Աստուածաշունչին, Քրիստոսի եւ շարականներու ճամբով կը սորվին ու կը մօտենան Աստուծոյ: Ան նաեւ գնահատական խօսք յղեց ուսուցիչներուն` իրենց ծառայութեան եւ բծախնդիր աշխատանքին համար:
Աւարտին ներկաները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան: