Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրայատուկ Խրախճանք

January 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ Ս.

Նոր Տարուան սեմին ընտանեկան, միութենական, բարեկամական, գործընկերներով խրախճանքներ հաճելի եւ ուրախ տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծեն բոլորիս մօտ, կ՛ամրապնդեն իրարմով ըլլալու, իրարու հետ նոյն ուրախութիւնը կիսելու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուածները յիշելու:

Այս տարի բոլորովին անսպասելի կերպով ներկայ եղայ Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարանի ամանորեայ խրախճանքին` կազմակերպութեամբ Տիկնանց օժանդակ մարմինին (ԱՏՕՄ):

Խոստովանիմ, թէ երկար տարիներէ ի վեր չէի այցելած բուժարան, որ վերջերս բարեզարդուած եւ խնամուած ըլլալուն` իր ուսերէն ընդմիշտ թօթափած է երբեմնի իր անմխիթար եւ լքեալ վայրի մը տխուր պատկերացումը:

Ազունիէ գիւղը կը գտնուի Լիբանանի Շուֆի շրջանին մէջ` զուլալ օդով եւ գեղատեսիլ ծառաստաններով:

Երկուշաբթի, 23 դեկտեմբերին առաւօտ կանուխ ժամերուն մեր հանրաշարժը ուղղուեցաւ դէպի Ազունիէ. այնտեղ մեզ դիմաւորեցին կեդրոնի տնօրէնն ու անձնակազմէն քանի մը հոգի: Համով սուրճի դադարէ մը ետք բարձրացանք սրահ, ուր երկար նստարաններու վրայ տեղաւորուած` մեզի կը սպասէին մամիկներն ու պապիկները: Շատերը անուաւոր աթոռներու վրայ էին, ուրիշներ` յատուկ հիւանդապահներու ուղեկցութեամբ: Անմիջապէս ըսենք, թէ բոլորը չեն, որ յատուկ խնամքի կարօտ են կամ հիւանդ: Այնտեղ ինքնակամ ապրողներ ալ կան: Բոլորը չեն, որ անպայմանօրէն լքուած են իրենց հարազատներէն, ինչպէս մարդիկ կը կարծեն: Տաքուկ, ընտանեկան բոյն մը վերագտած ըլլալու ուրախութիւնն ունին շատեր, որոնց զաւակները կամ հարազատները տարբեր (եւ յարգելի) պատճառներով վստահութեամբ յանձնած են իրենց սիրելիները այնտեղ: Բոլորին անխտիր կը մատուցուի մաքուր սնունդ, խնամք եւ ի հարկին` հոգեբանական-հոգեբուժական աջակցութիւն:

Տիկնանց օժանդակ մարմինը համով կարկանդակներով ու կաղանդչէքներով եւ սիրուն նուէրներով հիւրասիրեց պատսպարեալները, որոնք մասնակից եղան երգելով ու պարելով: Գեղարուեստական յայտագիրը իրենց մասնակցութեամբ ճոխացուցին պատանի եւ երիտասարդ աշակերտներ, որոնք իրենց դերը լաւագոյնս կատարեցին եւ վստահաբար գոհունակ զգացումներով վերադարձան տուն:

Ապա Կաղանդ պապան Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութիւնը կարդաց` բացատրելով բանաստեղծին մտքերը: Ան թելադրեց ըլլալ միշտ ժպտուն եւ յիշել կեանքի բարի յիշատակները: Վերջաւորութեան խնդրեց հաւաքաբար երգել «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Հայր մեր» աղօթքով եզրափակեց խրախճանքը:

Յիշատակութեան եւ յարգանքի արժանի են բոլորը` տնօրէն, խնամակալութիւն, անձնակազմ, բժիշկներ, բուժքոյրեր, Տիկնանց օժանդակ մարմին եւ, անշուշտ, նուիրատուները, որոնք շատ անգամ չեն ուզեր յայտարարել իրենց անունները: Վարձքը կատար բոլորին:

Յիշենք մեր մամիկներն ու պապիկները, որոնք օր մը եղած են մեր դաստիարակները, ուսուցիչները, հայրերն ու մայրերը, եւ հաւաքական ճիգով բարելաւենք իրենց ներկայ կեանքը եւ բուժարանը դարձնենք աւելի ծաղկուն: Կը հաւատամ, որ բոլորս ալ կրնանք մեր ներդրումը ունենալ, հոգ չէ թէ` փոքր լումաներով: Փափաքս է, որ յաջորդ այցելութեանս (եւ վստահաբար ուշ չէ) ա՛լ աւելի դրական լիցքերով վերադառնամ տուն: Շնորհակալ եմ ԱՏՕՄ-ին, որ այս առիթը ընծայեց ինծի:

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ամուր Հաւատով Եւ Յանձնառութեամբ Մուտք Գործենք 2025 Թուական

Յաջորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ամանորի Հաւաքը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.