ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 3 յունուար 2025-ին, «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նախորդ տարուան իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ լիբանանցիները իրենց ապրած ցաւերը կիսեցին եւ ուրախութիւնը բազմապատկեցին` իրարու հետ ըլլալով:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով լիբանանցիները շնորհաւորելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը անցնող 5 տարուան ընթացքին տարբեր տեսակի տագնապներ դիմագրաւեց, ինչպէս նաեւ ապրեցաւ անողոք պատերազմ մը եւ շրջանային բազմաթիւ փոփոխութիւններ, որոնց շարքին` Սուրիոյ զարգացումները, Իսրայէլի ախորժակները եւ թրքական-օսմանական ներխուժումը:
Լիբանան ապրեցաւ ահաւոր պայմաններ` հանրապետութեան նախագահի բացակայութեամբ, ընթացիկ կառավարութեամբ եւ նիւթական տագնապալի վիճակով: «Յոյս առթող միակ իրականութիւնը ներքին լիբանանեան միասնականութիւնն էր, որ դրսեւորուեցաւ պատերազմի ընթացքին, երբ հարաւային Լիբանանէն եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն տեղահանուած քաղաքացիներ ուղղուեցան լիբանանեան այլ շրջաններ: Այս իրականութիւնը փաստեց, որ դժուար պահուն լիբանանցիները իրարու կը զօրակցին», ըսաւ ան:
Սուրիոյ իշխանութեան եւ վարչակարգի տապալումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա անկարելի կ՛ըլլար առանց միջազգային եւ արաբական հովանաւորութեան` ընդգծելով, որ պայմանները եղան այնպիսին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր վարչակարգը ծածկող հոգատարութիւնը վերջ գտաւ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց նաեւ, որ Սուրիան արաբեւիսրայէլեան տագնապէն դուրս բերելու եւ չէզոքացնելու ջանքերը իրենց կարգին յաջողեցան, որովհետեւ իշխանութեան տապալումէն միայն ժամեր ետք իսրայէլեան ուժերը հարուածեցին Սուրիան եւ ջլատեցին անոր զինուորական բոլոր կարողութիւնները` յոխորտալով, որ Սուրիան մինչեւ յառաջիկայ 50 տարիները անկարելի է, որ դարձեալ բանակ կազմաւորէ:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու առումով թրքական բացայայտ դերակատարութեան, իսկ Լիբանանի մէջ թրքական գործօնին մասին ան շեշտեց, որ Թուրքիա 20 տարիէ ի վեր ուղղակի Լիբանանի հետ կամուրջներ ունի եւ Սուրիոյ դարպասէն Լիբանան ներթափանցելու կարիք չունի:
«Լիբանանի մէջ գործող թրքական ընկերային միութիւնները, առողջապահական ծառայութիւնները, մշակութային եւ կրթական կեդրոններն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուող եւ թրքաբարոյ մշակոյթը տարածող ֆիլմաշարերը, որոնք արաբերէն թարգմանութեամբ կը հասնին լիբանանցիներուն, կը միտին լիբանանցիին մտայնութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նկատմամբ լիբանանցիներուն կեցուածքները փոխել: Լիբանանի պաշարներուն հանդէպ թրքական ախորժակները միշտ ալ առկայ են, եւ ամէնէն ցայտուն օրինակը կը մնայ 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը, որ յայտարարուեցաւ Էրտողանի կողմէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը նորութիւն չէ` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի քարտէսը փոփոխութեան ենթարկելու ճիգերը արդէն իսկ յստակ կերպով կ՛երեւին:
«Թուրքիա տնտեսական ընդարձակումի իր քաղաքականութեամբ հասած է մինչեւ Լիպիա, Սոմալի եւ Եթովպիա, իսկ աշխարհի մէջ բոլոր գաղափարաբանութիւնները ջնջուած են եւ վերածուած «Պիտի ապրինք»-ի: Այո՛, բոլորս պիտի ապրինք, միակ տարբերութեամբ, որ այս կամ այն իշխանութեան լուծին տակ կամ բռնագրաւումի ներքե՞ւ կ՛ապրինք, թէ՞ մեր արժանապատուութեամբ», հաստատեց ան:
Թուրքիոյ կողմէ Լիբանանին տիրելու եւ լիբանանահայութեան ազատութիւնները կաշկանդելու ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին այրտայայտուելու ազատութեան վերջ դնելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք նախ եւ առաջ իբրեւ լիբանանցի կը մերժէ այդ մէկը, որովհետեւ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը 4 դար ի՛նչ աւերներ գործեց Լիբանանի մէջ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ անկարելի է Հայոց ցեղասպանութեան մասին չխօսիլ, երբ այդ մասին Պոլսոյ եւ թրքական այլ շրջաններու մէջ եւս կը խօսուի: «Չկայ հայ մը, որ իր Դատին մասին եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքին մասին չարտայայտուի, նոյնիսկ եթէ ան վտանգի տակ գտնուի», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կամ շրջանին մէջ թրքական գործօնի ուժեղացումը զիրենք ետ չի մղեր Հայ դատի արդար պայքարը շարունակելէ:
Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց. «Լիբանանի դիմագրաւած այս խոցելի իրավիճակին, տնտեսական եւ առողջապահական մարզերու ցաւալի կացութեան, յետպատերազմեան շրջանի կարիքներուն, բարեկարգումներու եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ բանակին ուժեղացման գրաւականին առընթեր, նուազագոյնը պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրենք անձնաւորութիւն մը, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ: 9 յունուար 2025-ի նախագահական ընտրութեան նիստին հանրապետութեան նախագահը պէտք է ընտրենք խորհրդարանի երկու երրորդին կամ այդ թիւին մօտ քուէներով, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել երկրին դիմագրաւած ներկայ տագնապները լուծելու եւ ապագայ մարտահրաւէրները դիմակայելու կարողութիւնը»:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան պիտի մասնակցի հիմնուելով համախոհութեան սկզբունքին վրայ: ՀՅ Դաշնակցութեան համար կարեւոր է, որ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը ստանայ խորհրդարանին մեծամասնութեան քուէները, ըլլայ քրիստոնեայ համայնքին կողմէ ընդունուած անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ ունենայ տնտեսական եւ բարեկարգումի ծրագիրներ:
Ներքին լիբանանեան լարուածութեան եւ քաղաքացիական պատերազմի մը հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքացիական պատերազմի մտավախութիւն պէտք չէ ըլլայ` նշելով, որ պատերազմին ընթացքին լիբանանցիներուն միասնականութիւնը փաստեց, որ այդ մէկը անկարելի է:
«Կարելի չէ այս կամ այն համայնքը կամ ուժը ջնջել. Լիբանան բազմազանութեան եւ համայնքներու երկիրն է: Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը չի մեռնիր, քաղաքական եւ կուսակցական գաղափարներն ու միտքերը կը մնան, եւ լիբանանցին փիւնիկի նման կը յառնի ու կը վերակազմակերպէ ինքզինք», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ քաղաքացիական պատերազմը կը բռնկի միջազգային որոշումով եւ արտաքին պետութիւններու հրահրումով:
Եզրափակելով Յ. Բագրատունի վերստին շնորհաւորեց բոլորը` հաստատելով, որ յուսախաբութիւնը մեր սրտերուն մէջ պէտք չէ տեղ ունենայ: «Մենք` իբրեւ հայեր եւ լիբանանցիներ, ծանր տառապանքներ կրած ենք, սակայն ի՛նչ ալ ըլլայ, տառապանքը պէտք չէ պատճառ դառնայ մեր ամբողջական փլուզումին եւ անձնատուութեան: Ճի՛շդ է, որ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւենք, սակայն ի վերջոյ փառքը Աստուծոյ է, իսկ մենք կը մնանք կեանքի, արժանապատիւ կեանքի զաւակները, որոնք դաստիարակուած են իրենց հաւատքը պահելու եւ այդ հաւատքին համար պայքարելու», շեշտեց Յ. Բագրատունի:


