Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնական Օրերուն Առիթով ԼՕԽ-ը Տարբեր Նախաձեռնութիւններով Ուրախացուց Մանուկներն Ու Երէցները

January 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր տարին ուրախութեան եւ տօնախմբութեան առիթ է, սակայն մեր իրականութեան մէջ կան պարագաներ, որոնք նուազ կարելիութիւններ ունին այդ տօնը վայելելու եւ տօնական զուարթ մթնոլորտին մէջ ըլլալու: Այդ պատճառով ալ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը տարբեր նախաձեռնութիւններով փորձեց տօնական մթնոլորտ սփռել իր շուրջ եւ ուշադրութիւն դարձնել յատկապէս անոնց, որոնք ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կ՛ապրին:

– Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2024-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց Նոր տարուան հաւաքոյթ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի շուրջ 100 տարեց ու կարիքաւոր անձերու համար` նպատակ ունենալով անոնց հոգիները ուրախացնել եւ ժպիտ մը ուրուագծել անոնց դէմքերուն վրայ: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ բարերարներու աջակցութեամբ տարիներէ ի վեր գործող «Տաք ճաշ» ծրագիրէն օգտուողները առիթ ունեցան համախմբուելու մէկ յարկի տակ ու միասնաբար Նոր տարուան մթնոլորտը ապրելու եւ ուրախութիւնը բաժնեկցելու:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ, խոհանոցի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեան, որ նշեց, թէ ԼՕԽ-ի նպատակն է մատուցանել ծառայութիւն, իսկ ասիկա իրականութիւն կը դառնայ շնորհիւ յօժարական կամքով օժտուած նուիրեալ ԼՕԽ-ականներուն, որոնց գործունէութեամբ է, որ կը դարմանուին վէրքերը, կը մեղմանան դժուարութիւնները, տանելի կը դառնան կեանքի զանազան հարցերը:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, ԼՕԽ-ի պատասխանատուներուն եւ  միութեան մեծ ընտանիքին, որոնց ճիգերուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ամբողջ տարուան ընթացքին տաք ճաշ մատակարարել պարագաներուն, ինչպէս նաեւ անոնց համար Նոր տարուան հաւաքոյթ կազմակերպել:

Ապա խօսք առաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան անդամներուն, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն եւ կարիքաւոր հայորդիներու կողքին կը կանգնին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի ընկերային գրասենեակին եւ խոհանոցի յանձնախումբին:

Օրուան ճաշը, անուշեղէնը եւ պտուղները ապահովուած էին Միացեալ Նահանգներ բնակող Բեկի Իշխանեանին եւ այլ ընկերուհիներու նիւթական յատկացումով:

Մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Հրակ Քերսոյեանը: Ներկաները երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին:

Ապա հաւաքական տարեդարձ տօնուեցաւ, Նորա Պուտաքեանի կողմէ տրամադրուած կարկանդակներուն շուրջ համախմբուեցան երէցները, որոնք ուրախութեամբ եւ մէկզմէկու շնորհաւորելով հատեցին կարկանդակները` լաւն ու բարին մաղթելով:

Աւարտին, ներկաները նուէրներ ստանալով մեկնեցան իրենց տուները` ապրելով անմոռանալի եւ յիշատակելի օր մը:

– ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս կազմակերպեց «Մանուկները Կաղանդ պապուկին հետ» հաւաքոյթը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2024-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Շուրջ 60 երեխաներ` 6-12 տարեկան տօնական, մթնոլորտը ապրեցան, պարեցին, երգեցին եւ ուրախ ժամանակ անցուցին «Հեփի քիտզ» խումբին եւ տի.ճէյ. Տաւոյին հետ` անոնց ստեղծած խանդավառութիւնը վայելելով:

Փոքրիկներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապուկին եւ «Հայ շեփոր» խումբին ժամանումով:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան յաջողութեան սատարած բոլոր անհատներուն, նաեւ` «Արեւ» ճաշարանի նորաբաց մասնաճիւղին եւ «Փուռ Իշխանեան»-ին:

– Երեքշաբթի,17 դեկտեմբեր 2024-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն:

Անոնք հանդիպում ունեցան կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ: Ապա շրջեցան կեդրոնի զանազան բաժանմունքները, ծանօթացան աշակերտներուն, անոնց նուէրներ եւ քաղցրաւենիք բաժնեցին ու շնորհաւորեցին Նոր տարին:

– Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2024-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին ՔԱՀԼ-ի Ազգային ծերանոց:

Այցելութեան նպատակն էր տեսակցիլ հոն ապաստան գտած տարեցներուն հետ, Ամանորի առիթով նուէրներ բաշխել, զրուցել անոնց հետ, տօնական օրերուն առիթով փորձել թեթեւցնել անոնց դժուարութիւնները եւ ժպիտ պարգեւել:

– Մանուկներու եւ երէցներու Նոր տարուան տօնախմբութիւններ կազմակերպուեցան նաեւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղներուն կողմէ, որոնք իրենց շրջաններուն մէջ համախմբեցին պարագաները, նուէրներ բաժնեցին բոլորին:

 

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ամանորի Հաւաքը

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Ամանորեայ Մաղթանքը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.