9 նոյեմբեր 2024-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի մասնաճիւղին, շաբաթական հերթականութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու 33 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ընդհանուր խորագիրին տակ մշակուած աշակերտական բանավէճի ծրագրին:
Ծրագիրին հիմնական առաջադրանքն է մեր համայնքի պատանիները մարզել թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտելու` անոնց մէջ զարգացնելով բանավէճ վարելու հիմնական հմտութիւններ, առարկութիւններ հիմնաւորելու գիտական մօտեցում, անհամաձայնութիւններ եւ այլ կարծիքներ ընդունելու հանդուրժողականութիւն եւ հրապարակային ելոյթներ ունենալու արուեստը:
Շաբաթական հերթականութեամբ «Ճինիշեան» հաստատութեան մէջ տեղի ունեցող վարժողական աշխատանոցներու եւ ամսական դրութեամբ կայանալիք միջխմբային բանավէճերուն կողքին, աշակերտները կը մասնակցին նաեւ «դաշտային այցելութիւններու»` կառուցողական երկխօսութեան մասին գործնական պատկերացումներ ու հեռանկարներ ձեռք ձգելու առաջադրանքով:
Դաշտային ծրագիրի գործադրութեան առաջին փուլը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբերին, երբ աշակերտները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպումներ ունեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի, Համազգայինի գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի եւ «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի հետ: Այս հանդիպումներուն նպատակն էր համայնքային հարցերու շուրջ երկխօսութիւն ու քննարկում զարգացնել պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ:
Աշակերտները առաջին հերթին ընդունուեցան երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ շատ սերտ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Ան առիթ մը հանդիսացաւ, որ Բագրատունի աշակերտներուն պատմէ իր կեանքին զանազան փուլերու մանրամասնութիւնները` աշակերտութենէն մինչեւ երեսփոխանութիւն: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ որքան ալ մարդ բարձրանայ պաշտօններով, ան երբե՛ք պէտք չէ կորսնցնէ իր համեստութիւնը: Աշակերտներու հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխանը շատ բնական գտաւ այն վախը, որ մարդիկ կ՛ունենան հրապարակային խօսակցութենէ առաջ: Ինք յաճախ զգացած է, բայց ժամանակի ընթացքին, վարժութեամբ եւ փորձառութեամբ կարելի է փարատել զայն:
Աշակերտները ապա այցելութիւն մը տուին «Վանայ Ձայն», ուր տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խօսելու հանդուրժողութեան եւ տարբեր տեսակէտներ ունենալու իրաւունքին մասին: Աւագեան դիտել տուաւ, որ բանավիճիլ` չի նշանակեր կռուիլ կամ հայհոյել: Ան մէջբերեց Յակոբ Պարոնեանի նշանաւոր խօսքը, թէ` «Հայհոյանքը փաստի սով է»: Կրնանք համաձայն չըլլալ մէկու մը կարծիքին կամ հաւատալիքներուն, բայց իրաւունք չունինք մերժելու զայն կամ թշնամանալու անոր:
Ապա աշակերտները այցելեցին Համազգայինի գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որ ողջունելէ ետք իր հիւրերը, զանոնք քաջալերեց ըլլալու ընթերցասէր: «Գիրքը եւ ընթերցանութիւնը կը զարգացնեն մեր քննական միտքը, կը հարստացնեն մեր բառապաշարը եւ կը բարելաւեն արտայայտուելու մեր կարողութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով, որ թէեւ համաշխարհայնացման իբրեւ հետեւանք` տիրական լեզուն հիմա անգլերէնն է, եւ բնական է, որ մեր երիտասարդները տիրապետեն անոր, բայց մենք իրաւունք չունինք զիջում կատարելու արեւմտահայերէնի հաշուոյն, որովհետեւ մեր մշակոյթը կը պահպանուի եւ յաջորդ սերունդներուն կը փոխանցուի միայն մեր լեզուով: Ան գիրքեր նուիրեց աշակերտներուն:
Դաշտային ծրագիրի գործադրութեան առաջին փուլի վերջին կայանը հանդիսացաւ «Ազդակ» օրաթերթը, ուր աշակերտները ընդունուեցան պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի կողմէ: Այս հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որ անոնք մանրամասնօրէն ծանօթանան «Ազդակ»-ի պատմութեան եւ աշխատանքային «խոհանոցին», մասնակիցները մասնաւորաբար տպաւորուեցան արխիւներու եւ հին տոմարներու սենեակով, ուր պահուած կը մնան 1927-էն` հիմնադրութենէն ասդին թերթին բոլոր թիւերն ու այլ հաւաքածոներ: Բարսեղեան քաջալերեց աշակերտները` գրելու, արտայայտուելու եւ իրենց մտածումներն ու զգացումները բաժնեկցելու առանց տատամսումի եւ վախի:
Ապա աշակերտները վերադարձան «Ճինիշեան» կեդրոն, ուր զիրենք կը սպասէր Կաղանդ պապան:
Ճաշով եւ նուէրներու բաշխումով վերջ գտաւ դաշտային այցելութեան առաջին փուլը:
Յիշեցնենք, որ աշակերտական բանավէճի ծրագիրին առաքելութիւնն է ինքնավստահութիւն ներշնչել հայ աշակերտներուն` քննական մտածողութեան ու ինքնագիտակից արժեւորումներու ճամբով ձեւաւորելու եւ արտայայտելու անկախ տեսակէտներ` ի խնդիր հաւաքական կառուցողական մթնոլորտի ստեղծումին: