Սփիւռքահայ Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի Նուիրուած Երգահանդէս
Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, ուրբաթ, 21 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ էսդրատային երգերու անզուգական մեկնաբան, սփիւռքահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի նուիրուած երգահանդէս մը` ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը, որոնք եկած էին վերյիշելու եւ վերապրելու անցեալի յուշերը եւ ըմբոշխնելու տաղանդաւոր երգիչին երգերը: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, դիտել տուաւ,...




















