Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, համագործակցութեամբ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, Հայկազեան համալսարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ դոկտ. Նարինէ Մարգարեան` դասախօսելու «Հայոց ցեղասպանութեան որբերու ճակատագիրին, անոնց փրկութեան լայնածաւալ ջանքերուն եւ միաւորում` իրենց ազգութեան հետ» նիւթով:
31 յունուար 2025-ին կայացած դասախօսութեան ընթացքին դոկտ. Մարգարեան ընդգծեց, որ Ալեքսանդրապոլ/Լենինական (այժմ` Գիւմրի), յաճախ կոչուած է «Որբերու քաղաք», ինչպէս նաեւ` Լիբանանը, որ դարձաւ հազարաւոր հայ որբերու համար հիմնական ապաստան: Այս երեխաները խնամուեցան տարբեր որբանոցներու մէջ, որոնց աջակցեցան արեւմտեան մարդասիրական կազմակերպութիւնները, ինչպէս` «Նիր իսթ ռիլիֆ»-ը, ՀԲԸՄ-ը եւ այլ հայ բարեսիրական հաստատութիւններ:
Դոկտ. Մարգարեան լուսարձակի տակ առաւ օսմանեան իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը հայ որբերու նկատմամբ` ներկայացնելով անոնց գործադրած համակարգը եւ նպատակները, որոնց կը ձգտէին հասնիլ: Ան բացատրեց հոգեբանական փոփոխութիւնները, զորս այս երեխաները ապրեցան 1915-1920 թուականներուն, երբ բռնութեամբ բաժնուեցան իրենց ընտանիքներէն եւ ենթարկուեցան թրքացման քաղաքականութեան` Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան ներքոյ: Թրքական որբանոցներուն մէջ անոնք ենթարկուեցան համակարգուած ձուլման գործընթացի, ներառեալ` անոնց անուններու եւ կրօնի փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց մայրենի լեզուով` հայերէնով խօսելու արգելքը:
Սակայն, Համաշխարային Ա. պատերազմի յաղթանակէն ետք, այս որբերէն շատեր փրկուեցան եւ տեղափոխուեցան հայկական որբանոցներ` իրենց ինքնութեան վերականգումի կարեւոր փուլ արձանագրելով: Դոկտ. Մարգարեան անդրադարձաւ հայ կազմակերպութիւններու, հայրենակցական միութիւններու եւ անհատներու յարատեւ ջանքերուն` աջակցութեամբ դաշնակից իշխանութիւններու, փրկելու համար հայ երեխաները, որոնք առեւանգուած էին, տեղաւորուած էին թրքական ընտանիքներուն մէջ կամ խնամուած էին արաբ ցեղերու կողմէ, որոնց յանձնուած էին յուսահատ ծնողներու կողմէ, յուսալով, որ այդպիսով այդ երեխաները ողջ մնան:
Հակառակ այս ջանքերուն` դոկտ. Մարգարեան յուզմունքով նշեց, որ բազմաթիւ հայ որբեր չվերադարձան իրենց ազգութեան` յարատեւ կերպով օտարացած մնալով իրենց ժառանգութեան: