Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի Նուիրուած Երգահանդէս

February 25, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, ուրբաթ, 21 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ էսդրատային երգերու անզուգական մեկնաբան, սփիւռքահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի նուիրուած երգահանդէս մը` ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը, որոնք եկած էին վերյիշելու եւ վերապրելու անցեալի յուշերը եւ ըմբոշխնելու տաղանդաւոր երգիչին երգերը:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, դիտել տուաւ, որ երրորդ անգամ ըլլալով «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնը կը նախաձեռնէ նման երեկոյ մը: Արդարեւ, Լեւոն Գաթըրճեանի եւ Մանուէլ Մէնէնկիչեանի նուիրուած երգահանդէսներէն ետք, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, որ կը միտի յարգել լիբանանահայ երգիչներու` հայ երգերու հանդէպ ստեղծած աւանդը, կը ներկայացնէ էսդրատային երգերու անզուգական մեկնաբան, սփիւռքահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի նուիրուած երգահանդէս մը:

Ապա, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ մասնակցութեամբ խումբ մը արուեստագէտներու Հրաչ Պետիրեան` տրամզ, պէյս կիթառ` Գառնօ Պաղտասարեան, հարուածային գործիքներ` Վահէ Սիմոնեան, էլեքթրիք կիթառ` Կարօ Ժամկոչեան, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հետեւեալ վեց երգիչները, որոնք մեկնաբանեցին Ատիս Հարմանտեանի երգերէն փունջ մը: Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց` «Բայց դու», «Ամպից կորաւ», «Քնքուշ հայրենիք»« Սերժիօ Ահարոնեան`  «Համբերիր», «Աւազների վրայով», «Լուսնակը գնաց», Աննա Հարպոյեան «Սայլորդ», «Հեռանալ», «Մանուշակ», «Կոկոն վարդ», «Ինչ իմանայի», Ղազար Քէօշկերեան` «Գիշեր է գիշեր», «Այլ աչեր», «Վերադարձիր», «Աշուղ եմ», «Իմ ջութակ»,  Շաքէ Պաղտասարեան` «Ծաղիկներ», «Մի՛ գնա», «Ջէյրանի պէս», «Ասա եար ջան»,  Պրունօ կիթառի վրայ նուագելով` մեկնաբանեց սպաներէն լեզուով «Իմ ջութակ»-ը` ընկերակցութեամբ հայերէն լեզուով` Շաքէ Պաղտասարեանի: Աւարտին բոլոր երգիչերը միասնաբար մեկնաբանեցին «Գարուն, գարուն» երգը:

Յայտնենք, որ ամբողջ ձեռնարկի տեւողութեան պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին Ատիս Հարմանտեանի նկարները, իսկ սոյն երգահանդէսին առիթով տեսերիզով իրենց սրտի խօսքերը ներկայացուցին Ատիսի դուստրերը` Լիանա եւ Թալին Հարմանտեաններ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան` ձեռնարկի կազմակերպման համար:

Յայտնենք, որ այս առիթով Ատիս Հարմանտեանի որդին` Նորայր Հարմանտեան, երգիչները եւ Սեդօ Պաղտասարեանը պատուած էր ծաղկեփունջերով, նաեւ բեմին երկու կողմերը զարդարած էր ծաղկեկողովներով:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները մեծապէս գնահատեցին վարչութեան նախաձեռնութիւնը եւ արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը նման ձեռնարկներու նկատմամբ` խնդրելով, որ յաճախակիօրէն կազմակերպուին նմանօրինակ հանդիսութիւններ, որպէսզի միշտ յիշատակուին մեր սփիւռքահայ երգիչները, եւ վառ մնան անոնց երգերը:

Նախորդը

Մեր Խօսքը

Յաջորդը

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ծնողական Հանդիպում Եւ Կրթական Ծրագիրի Ներկայացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.