Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հինգշաբթի, 27 փետրուար 2025-ին փակ պահեն հայկական վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունենալիք Ս. պատարագներուն ու պաշտամունքներուն ներկայ գտնուելով, մեր ժողովուրդը իր սեփական մասնակցութեամբ մեծարէ հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար արիաբար նահատակուած մեր քաջերն ու սուրբերը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ


