Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Շահէ Արք. Փանոսեանին Հետ

February 21, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոգեւոր պետերու այցելութիւններու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 18 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին հետ:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան ամփոփ կերպով զեկուցեց վարչութեան, գեղարուեստի դպրոցներու ու մասնագիտական մասնաճիւղերու գործունէութեան մասին, ապա անդրադարձաւ միութեան նոր ծրագիրներուն եւ յառաջիկայ փուլի  աշխատանքներուն: Հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն, Սիմոնեան յայտնեց, որ Համազգայինը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ շարունակելու հիմնադիրներու ուղին:

Իր կարգին Շահէ արք. Փանոսեան ըսաւ, որ գործի շարունակականութեան ապահովման համար էական է մարդուժի պատրաստութիւնը, եւ որ ընդհանրապէս երիտասարդները ու յատկապէս օտար մշակութային կառոյցներու մէջ ներկայ հայ երիտասարդները յառաջիկային պէտք է ներգրաւել մեր մշակութային միութիւններուն մէջ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը շեշտեց կարեւորութիւնը ժողովուրդ-եկեղեցի-դպրոց կապի ամրապնդման` յայտնելով, որ ժողովուրդին ներկայութիւնը մեր կառոյցներուն մէջ եւ մեր կառոյցներուն ներկայութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ անհրաժեշտութիւն է, ու փոխադարձ թափանցումը յաջողութեան գրաւականն է: Ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի անցնող տարիներու քաղաքական-տնտեսական տագնապները պատճառ դարձան, որ սփիւռքի ներուժը նուազի, եւ այսօր այդ կարեւոր ներուժին վերականգնումը բոլորիս անմիջական մարտահրաւէր է:

Աւարտին, հանդիպումին մասնակիցները հաստատեցին, որ շահեկան է Համազգային-առաջնորդարան գործակցութիւնը, եւ այս առնչութեամբ յառաջիկային պիտի քննուին համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Նախորդը

Ռուբէն Վարդանեան Մերժեց Դատական Շինծու Նիստին Մասնակցիլ Եւ Հացադուլ Յայտարարեց

Յաջորդը

Լիվըրփուլ Կը Ծրագրէ Մեծ Գումարով Ներդրումներ Կատարել Այս Ամառ

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.