18 փետրուար 1921-ի ապստամբութիւնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պայքարը արդարութեան եւ ազատութեան համար: Այդ ժամանակահատուածին Հայաստանի մէջ կը տիրէր ծանր իրավիճակ, ծայր առած էին հալածանքներ, զանգուածային ձերբակալութիւններ ու սպանութիւններ: Այս պայմաններուն տակ հայ ազգային գործիչներ որոշեցին կազմակերպել ապստամբութիւն, որուն նպատակն էր ազատագրել Հայաստանը պոլշեւիկեան իշխանութիւններէն:
Կազմակերպուեցան ցոյցեր` պահանջելով անկախութիւն եւ ազատութիւն: Այս շարժումը արագ տարածուեցաւ երկրի տարբեր շրջաններու մէջ: Թեպէտ ապստամբութիւնը սկիզբը յաջողութիւն ունեցաւ, սակայն ուժերու անհաւասարակշռութեան մէջ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը կրցաւ վերականգնել «կարգն ու կանոն»-ը:
Ապստամբութիւնը, հակառակ իր կարճատեւութեան, կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան կազմաւորման համար: Այս գործողութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարիլ իր իրաւունքներուն համար: Տակաւին, ապստամբութեան շնորհիւ բանտի մութ խուցերէն ազատագրուեցան բազմաթիւ սպաներ, գործիչներ եւ հոգեւորականներ, որոնց շարքին էին` Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը եւ Յովհաննէս Քաջազնունին:
Փետրուարեան ապստամբութենէն 104 տարիներ ետք, որպէս դաշնակցական պատանիներ` կու գանք յիշեցնելու, որ մեր պարտականութիւնն է.
Ա.- Պահպանել մեր պատմութիւնը, որպէսզի մոռացութեան չենթարկուի մեր Դատը եւ յառաջիկայ սերունդները իմանան մեր ժողովուրդին անցեալը:
Բ.- Բարձր պահել ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան արժէքները, որոնք անհրաժեշտ են մեր ազգային ինքնութեան համար:
Գ.- Նոր սերունդը դաստիարակել` մեր ազգային մշակոյթով, լեզուով, աւանդութիւններով եւ արժէքներով, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց պատասխանատուութիւնը եւ կարեւորութիւնը մեր ազգի պահպանման ու գոյատեւման մէջ:
Դ.- Չկորսնցնել մեր մարտունակութիւնը, չզիջիլ մեր իրաւունքներէն եւ չդադրիլ պայքարէն:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` հաւաքաբար առաջնորդուելու Փետրուարեան ապստամբութեան շունչով ու պայքարունակ ոգիով, եւ երբեք չհրաժարելու ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականէն:
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
* Նշեալ գրութիւնը 18 փետրուար 2025-ին պատանիներու կողմէ կարդացուեցաւ Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճին եւ Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանին մէջ: