Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Նիւթով Աշակերտական Հանրային Բանավէճ

February 22, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի, շաբաթ, 8 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական հանրային բանավէճի ձեռնարկը:

Ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ներկայացուցիչ հայր Սահակ Քէշիշեան, հայկական վարժարաններու, լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ, «Ճինիշեան»-ի Խորհրդատու մարմինի անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց   «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ նախ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ հաստատութեան մարդասիրական գործունէութեան, ապա ներկայացուց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան եւ Հայաստանի «Ճինիշեան» հիմնարկներուն համագործակցութեամբ ծնունդ առած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճ-ծրագիրին նպատակը, մինչեւ օրս իրագործուած փուլերը եւ հայկական 11 վարժարաններէն մասնակից 30 աշակերտներու հետ կատարուած դասախօսական մարզումներէն եւ գործնական աշխատանքներէն ստացուած արդիւնքները: Ան յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ 9-11 մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշակերտական բանավէճի եզրափակիչ փուլը` զանազան գաղթօճախներու հայրենակիցներու միջեւ, որուն պիտի մասնակցին Լիբանանէն վեց աշակերտներ:

Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի աղօթքէն ետք, օրուան հանդիսավար Մանուէլ Թոքմաքճեան ներկաներուն ծանօթացուց օրուան բանավէճին բնաբանը` «Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) ժխտական ազդեցութիւն ունի ուսանողին վրայ», ինչպէս նաեւ բանավիճող երկու խումբերը` թեր` Սելին Քէօսէեան (ՀԲԸՄ վարժարաններ), Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վրժ.), Մանուէլ Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ դէմ` Յովիկ Չերչեան (Ազգ. Միացեալ վրժ.), Փաթիլ Փափազեան (Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճ) եւ Մարիլին Պալեան (Հայ աւետարանական Շամլեան վրժ.):

Սելլա Սվաքճեանի ջութակի գեղեցիկ նուագէն ետք դատական կազմի անդամներ Վիգէն Աւագեան, Սարին Խաչիկեան եւ Լուիզա Պապոյեան թեր եւ դէմ կողմերու միջեւ իւրաքանչիւրին 6 վայրկեանի իրաւունքով ընթացող բանավէճի իրենց գնահատականները արձանագրեցին, ու աւարտէն ետք իրենց տպաւորութիւններն ու թելադրանքները փոխանցեցին աշակերտներուն:

Մասնակից բանավիճողներէն Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան մեկնաբանեց «Լա պոէմը» երգը:

Աւարտին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները միաձուլող սոյն աննախադէպ վիճաբանական ասուլիսին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ դիտել տուաւ, թէ արհեստական բանականութիւնը կրնայ նպաստել բոլորիս` բարելաւելու մեր առօրեայ աշխատանքները, եթէ ճիշդ ձեւով օգտագործուի: Ան գնահատեց մասնակից աշակերտները, ինչպէս նաեւ «Ճինիշեան» հաստատութիւնը` այս դաստիարակիչ ձեռնարկի նախաձեռնութեան համար:

Նախորդը

Զաւէն Խանճեան` Դիւանագէտի Կարողութեամբ Օժտուած Ղեկավարն Ու Եռանդուն Մտաւորականը…

Յաջորդը

Անզուգական Դպրապետիս Յիշատակին. Գէորգ Ա. Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.