1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած երանելի Իգնատիոս Մալոյեան` Մարտինի հայ կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդը սուրբ պիտի հռչակուի:
Եկեղեցին պիտի ունենայ երեք նոր սուրբեր, երանելի մը եւ նոր Աստուծոյ ծառայ մը: Ֆրանչիսկոս պապը 28 մարտին վաւերացուց անոնց սրբադասման եւ երանացման դատի գործընթացները:
3 յունիս 1915-ին` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, Մալոյեան կը ձերբակալուի 13 քահանաներու եւ 600 հաւատացեալներու հետ: Մերժելով ուրանալ իր հաւատքը` ան կը սպաննուի 11 յունիս 1915-ին:
Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին օրով, 7 հոկտեմբեր 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, եւ անոր նահատակութեան մասին տեղեկացաւ ամբողջ աշխարհը:
Անոր խօսքերը, ուսուցումները եւ մասնաւորապէս անոր սէրն ու զինք հալածողներուն նկատմամբ ներումը համայն եկեղեցւոյ համար վաւեր եւ թանկ օրինակներ են. ապրիլ Աւետարանին նկատմամբ հաւատարմութեամբ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն. այդ իսկ պատճառով, գիտակցելով այս վկայութեան արդիականութեան` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս պատրիարքը խնդրած է զայն դասել սուրբերու շարքին, անկախ անոր գործած հրաշքներէն, եւ ահա այս դիմումին բերումով է, որ Ֆրանչիսկոս պապը արտօնեց անոր սրբադասումը: