Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Աշակերտին Դերը Աւանդութիւններու Պահպանման Ու Զարգացման Մէջ» Նիւթով Սեմինար

Մարտ 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի
Կրօնական Ժողովին Եւ Ուսումնական Խորհուրդին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ հռչակուած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարուան» առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 22 մարտ 2025-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հայ աշակերտին դերը աւանդութիւններու պահպանման ու զարգացման մէջ»: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Միացեալ եւ Այնճարի Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններէն աշակերտներ, որոնց կ՛ընկերակցէին կրօնի դասատու ուսուցիչներ: Սեմինարին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Լիզա Պաստաճեան:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին սեմինարը սկսաւ ժամերգութիւն-աղօթքով, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ Ուսումնական խորհուրդին անունով սեմինարին բացումը կատարեց Շանթ Ստեփան: Ան նշեց, որ աւանդութիւնը միայն ծիսակատարութիւն չէ, ոչ ալ` միայն պատմութեան մէջ ապրող յուշերու հաւաքածոյ, այլ կենդանի յարատեւ շունչ է, որով կը ճանչնանք մեր ինքնութիւնը, մեր ժողովուրդին նկարագիրը, մեր հայ ըլլալը: Ան աւելցուց. «Ձեր ուսերուն վրայ կայ ծանր երկակի պարտականութիւն. առաջինը` պահպանել մեր ազգային աւանդութիւնները, եւ երկրորդը` անոնց տալ նոր շունչ, տալ նոր իմաստ եւ հասցնել նոր սերունդներուն, որոնք պիտի ապրին այլ միջավայրերու մէջ, այլ մարտահրաւէրներու առջեւ»:

Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան: Ան ներկայացուց «Հոգեւոր եւ ազգային աւանդութիւնները» նիւթը: Գարակէօզեան վրդ. նշեց, որ աւանդութիւններու պահպանումը մեզի կ՛օգնէ թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն` ինքզինք ճանչնալու, հաստատելու եւ արտայայտելու, ինքնութեան շարունակութիւնը ապահովելու, ներկան անցեալին կապելու, ազգին միութիւնը ապահովելու եւ ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտելու: Հայր սուրբը հաստատեց, որ հոգեւոր եւ ազգային աւանդութիւններու պահպանումը սփիւռքի տարածքին հայապահպան զօրեղ ազդակներէն մէկն է:

Սեմինարին երկրորդ զեկուցաբեր Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի նիւթն էր` «Դպրոցներուն մէջ աւանդութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը»: Քահանայ հայրը ըսաւ, որ աւանդութիւնները փոխանցող, ամուր պահող եւ բծախնդրօրէն պահպանող չորս վայրերն են` Հայ եկեղեցին, հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը եւ հայկական միութիւնները:  Ան շեշտեց, որ աշակերտութեան աշխատանքները պէտք է ըլլան` կազմակերպել աւանդութիւններու վերաբերող ձեռնարկներ, պահպանել եւ նշել հոգեւոր ու ազգային տօներն ու աւանդութիւնները, պատրաստել աւանդութիւններու կարեւորութիւնը ներկայացնող գրութիւններ եւ հրապարակել մամուլին ու ընկերային ցանցերու մէջ, հայկական տառերը օգտագործել առցանց հաղորդակցութեան ընթացքին եւ արհեստագիտական միջոցներով տեղեկութիւններ փոխանցել այլ աշակերտներու եւ հասակակիցներու:

Երկու նիւթերու ներկայացումէն ետք Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց խմբային աշխատանքներու նիւթերը, որմէ ետք աշակերտները պատրաստեցին համապատասխան ներկայացումներ:

Ճաշի դադարէն ետք իւրաքանչիւր խումբ կատարեց իր ներկայացումը` շեշտելով աշակերտներու մասնակցութիւնն ու դերը աւանդութիւններու պահպանման եւ զարգացման մէջ` օգտագործելով արհեստագիտութեան ընձեռած արդիական բոլոր միջոցները:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, միօրեայ հաւաքի աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան յոյս յայտնեց, որ տարիներու դադարէ ետք նման սեմինարներ տարեկան դրութեամբ դարձեալ կը կազմակերպուին, որովհետեւ անոնք առիթներ են հոգեւոր-ազգային նիւթեր քննարկելու եւ առողջ միջավայր ստեղծելու: Ան նաեւ ընդգծեց, որ աւանդութիւնները անցեալ չեն, այլ մեր առօրեային մաս պէտք է կազմեն, եւ այս հաւաքը առիթ մը պէտք է հանդիսանայ խօսքի սահմաններէն անդին` մտածելու գործելու նոր եղանակներու մասին, որպէսզի այսօրուան շունչն ու ոգին տարածուին ազգային վարժարաններուն մէջ եւ ունենան  գործնականացման յստակ եղանակ ու ծրագիր:

 

 

Նախորդը

Տոմս. (Ազերի) Փաշինեանը Ո՛չ Մէկ Զիջում Ըրած Է…

Յաջորդը

ԶՈՄ-ը Հանդիպում Ունեցաւ Ղովմի Կուսակցութեան Երիտասարդական Ներկայացուցիչներու Հետ

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?