16 մարտ 2025-ին մահացաւ ոչ միայն լիբանանեան, այլ արաբական արուեստի աշխարհին մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած, իսկական առասպել եւ արուեստի աշխարհին հիմնասիւներէն լիբանանցի դերասան Անթուան Քըրպեժ` 90 տարեկան:
Լիբանանեան արուեստի աշխարհին մեծանուն հեղինակաւոր դէմքերէն Անթուան Քըրպեժ իր յատկանշական կամարաձեւ յօնքերով, ցցուն պեխերով եւ հազարաւորներու մէջ ճանաչելի թաւ ձայնով իր կեանքէն մօտ կէս դար նուիրեց լիբանանեան եւ արաբական բեմին, պատկերասփիւռին եւ շարժանկարին:
Ծնած է Զապպուղա (Լեռնալիբանան) գիւղին մէջ եւ 1966 թուականին ամուսնացած է արուեստագէտ եւ լրագրող Լոր Ղորայէպի հետ, որմէ ունեցած է երեք զաւակներ:
Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1960-ական թուականներուն, երբ աւարտած էր Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ընդունելով իր թատերական կոչումը Մունիր Ապու Տէպսի ղեկավարութեամբ:
Դասական եւ լիբանանեան գործեր
Քըրպեժի տիրական խօսքը եւ ազդու ներկայութիւնը զայն բարձրացուցին Լիբանանի ամէնէն հեղինակաւոր բեմերը, ուր ան խաղաց արեւմտեան թատերական դասականներ ու գործեր, զորս անձամբ թարգմանած էր, ինչպէս նաեւ տեղական գործեր` Ժալալ Խուրի, Իսամ Մահֆուզ, Եագուպ Չետրաուի, Պերճ Ֆազլեան, «Քարաքալլա» համոյթ, Ռահպանի եղբայրներ կամ Անթուան Ղանտուր: Քըրպեժ պարբերաբար ներկայացուցած է թատերախաղեր, կատակերգութիւններ եւ պատմական դիւցազներգութիւններ` դառնալով անփոխարինելի կերպար թատրոնի, շարժանկարի եւ հեռատեսիլի:
Անոր յիշարժան դերը եղած է Ժան Վալժանի կերպարի մարմնաւորումը Հիւկոյի «Թշուառները» գործին մէջ, որ պատկերասփիւռի համար յարմարեցուած է Պասեմ Նասրի կողմէն, եւ որ` 1974 թուականին ցուցադրուեցաւ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական հերոս Պարպար Աղայի (1980) դերը կը մնան բոլորին վառ յիշողութիւններուն մէջ:
Իր որդին` Մազեն Քըրպեժ, ճանչցուած արուեստագէտ, կ՛անմահացնէ իր հօր ուղին` գրելով «Անթուան» խորագիրով շարք մը նորավէպեր, որոնք զգայուն կերպով կը բացայայտեն իր հօր վարագոյրի ետին այս առասպելական դերասանին ապրած կեանքը եւ մասնագիտական ուղին: Այս պատմութեան գլխաւոր դերասանը` Ա. Քըրպեժ, մահացաւ Ալզհայմրի դէմ երկարատեւ պայքարէ ետք:
Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ «Էքս»-ի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անթուան Քըրպեժ իր իսկ սահմաններուն մէջ յիշատակելի անձ էր` թէ՛ գրականութեամբ, թէ՛ դերասանական խաղարկութեամբ, թէ՛ բեմադրական գործերով: Ան անշրջանցելի կերպար մըն էր Լիբանանի թատրոնին ոսկեդարու շրջանին: Անոր նշանաւոր խոժոռ նայուածքին եւ դէմքի ուրոյն արտայայտութեան տակ թաքնուած էին` Քըրպեժի անկեղծ ներքին բարութիւնը, անոր յղկուած մասնագիտական նուիրումը եւ այս գեղեցիկ արուեստին ու իր զաւակներու նկատմամբ անդադրում մտահոգութիւնը: Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ համբերութիւն տայ իր ընտանիքին` այս մեծ կորուստին համար»:
Քըրպեժի աւանդը վստահաբար պիտի շարունակէ ներշնչել սերունդներ, ան տիրական ներկայութիւն պիտի մնայ պատկերասփիւռի կայաններու պաստառներուն թէ շարժապատկերի սրահներուն մէջ: