Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Անուան Պետական Թատրոնի 5 Ներկայացումները Արժանացան Լիբանանահայութեան Գնահատանքին

April 4, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» մասնագիտացած թատերական մասնաճիւղին, 12-15 մարտ 2025-ին Լիբանանի մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնը` գաղութին մէջ վերաշխուժացնելով թատերական կեանքը, ստեղծելով կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան առիթ եւ նպաստելով Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Չորեքշաբթի, 12 մարտին, կազմակերպութեամբ «Գասպար Իփէկեան»-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պետական թատրոնը ներկայացուց Օ. Հենրիի «… Եւ նորից գարուն» երաժշտական կատակերգութիւնը, որ ներկայացումն է ամերիկացի գրողի հինգ նորավէպերուն, «որոնք զիրար կը հերթափոխեն տարուան եղանակներուն պէս` գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ, եւ նորից գարուն…»: Ներկայացումին մէջ կատակերգութեամբ շեշտադրուած են մարդկային զգացումներն ու յուզումները, երբ հերոսները կ՛արտայայտեն սիրոյ, ներողամտութեան, սխրագործութեան, նուիրումի եւ այլ ապրումներ: Ներկայացումի թարգմանիչն է Վիկտորիա Բագոյեան, իսկ բեմադրիչը` Նարինէ Գրիգորեան: Բեմի եւ զգեստներու ձեւաւորումը կը պատկանի Վիկտորիա Ռիեդօ-Յովհաննիսեանին, իսկ երաժշտական ձեւաւորումը` Նարեկ Բաղդասարեանին: Դերասաններն են` Տաթեւիկ Ղազարեան, Սերգէյ Թովմասեան, Վարշամ Գէորգեան, Արմինէ Անդրէասեան, Նարեկ Բաղդասարեան, Մարիա Սէյրանեան, Յարութիւն Սարգսեան, Անդրանիկ Միքայէլեան, Միլենա Ղազարեան եւ Տաթեւ Յովակիմեան:

Հինգշաբթի, 13 մարտի Օ. Հենրիի «… Եւ նորից գարուն» երաժշտական կատակերգութեան ներկայացումը ստանձնած էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը:

Ուրբաթ, 14 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» ժողովածուին աշակերտական ներկայացումը, որուն ներկայ գտնուած էին լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի շուրջ 400 աշակերտներ: Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին նուիրուած ներկայացումը դասական ասմունքէն անդին` բանաստեղծութիւնները զրոյցի, վէճի, սիրոյ եւ զգացումներու արտայայտչական եղանակներով աշակերտութեան մատուցուեցան: Ներկայացումը կառուցուած էր երեք օղակներու շուրջ` «Ես», «Դու» եւ «Մենք»: Ներկայացումը կ՛ամփոփէր` Սեւակի ներաշխարհը, հոգեկան վերիվայրումները, կեանքի ու մահուան մասին մտածումները, սիրոյ զգացումները եւ այլ պատկերներ: Ներկայացումի բեմադրիչն էր Նարինէ Գրիգորեան, բեմադրիչի օգնական` Տաթեւիկ Ղազարեան, կենդանի երաժշտութեան հեղինակ` Արմէն Շահինեան: Մեկնաբանութիւններ կատարած էին` Նարեկ Բաղդասարեան, Յարութիւն Սարգսեան, Անդրանիկ Միքայէլեան եւ Միլենա Ղազարեան:

Նոյն օրը, 14 մարտին «Քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութիւն»-ը ստանձնած էր Օ. Հենրիի «… Եւ նորից գարուն» երաժշտական կատակերգութեան ներկայացումը:

Շաբաթ, 15 մարտին տեղի ունեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի եզրափակիչ ելոյթը` Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» ժողովածուին ներկայացումը: Հանդիսութենէն առաջ խօսք առին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» մասնագիտացած թատերական մասնաճիւղի ատենապետ Մարտիկ Տէմիրճեան եւ  Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան:

Մարտիկ Տէմիրճեան նշեց, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ մեծ մարտահրաւէր էր Լիբանանի մէջ հիւրընկալել 14 անդամներէ բաղկացած Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնը, սակայն շնորհիւ «Գասպար Իփէկեան»-ի թատրոնի նուիրեալներու հետեւողական ճիգերուն եւ բարերարներու նեցուկին` կարելի եղաւ ծրագիրը իրականացնել: Տէմիրճեան շեշտեց, որ այս ելոյթները էապէս կը նպաստեն մշակոյթի ճամբով Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման եւ փորձառութիւններու ձեռքբերման: Ան ըսաւ, որ այս ներկայացումներուն յատուկ ուշադրութեան արժանի են «Գասպար Իփէկեան»-ի գործակցութիւնը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին եւ «Քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութեան», որ համայնքային առնչութեամբ ունի իր կարեւորութիւնը, յուսալով, որ այս ոգին կ՛ըլլայ հետեւողական: Վերջապէս, Մարտիկ Տէմիրճեան ըսաւ, որ Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի ներկայացումներով լիբանանահայ թատերական կեանքին կը տրուի նոր որակ` բարձրացնելու հասարակութեան գեղարուեստական-թատերական ճաշակը:

Նարինէ Գրիգորեան ըսաւ, որ Արցախի վերջին պատերազմը հոգեկան մեծ տագնապներ յառաջացուց, սակայն շնորհիւ մեր կամքին` կարողացանք վերականգնիլ եւ գործի լծուիլ: Գրիգորեան հաստատեց, որ բոլոր տեսակի տագնապներուն դէմ յանդիման` հայութիւնը նորէն նոր գարունը պիտի դիմաւորէ եւ վերականգնի` յաղթահարելով դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Խօսքի աւարտին Նարինէ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին հիւրընկալութեան համար, շեշտելով, որ Լիբանանի գաղութը էապէս գիտէ գնահատել եւ արժեւորել բարձրորակ արուեստն ու ազգայինը:

Աւելի քան 2000 հանդիսատեսներ վայելեցին Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի հինգ բացառիկ, արհեստավարժ, տաղանդաշատ եւ իւրայատուկ ներկայացումները, որոնք ոչ միայն բարձրօրէն գնահատուեցան արուեստասէրներուն կողմէ, այլեւ գաղութին մէջ ստեղծեցին թատերական առողջ, հարազատ եւ որակաւոր մթնոլորտ:

 

Նախորդը

«Սիրով Ստեղծուեցանք» Խորագիրով Կամքի Տէր Անձերու Միասնական Հաւաք

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Տօնախմբութիւն

RelatedPosts

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*
Գաղութային

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.