Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազունիէի Նորակազմ Երիտասարդական Կորիզը

March 29, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 մարտ 2025-ի առաւօտեան, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինի (ԱՏՕՄ) անդամները, ընկերակցութեամբ տարբեր համալսարաններէ խումբ մը երիտասարդներու, այցելեցին Ազունիէի ազգային բուժարան` առիթ ընծայելով համալսարանականներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու ազգային աշխատանք ծաւալող այս կարեւոր կառոյցին, որ կը հանդիսանայ մեր բոլորին խնամքին եւ գուրգուրանքին առարկան:

Փաստօրէն այս ուսանողներէն շատեր նոյնիսկ լսած չէին նման հաստատութեան մը գոյութեան մասին եւ չէին պատկերացներ, որ 100 տարուան կեանք ու գործունէութիւն ունի նման կառոյց մը: Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութենէն միմիայն 10 տարի ետք արտակարգ պայմաններու մէջ հիմնուած այս կառոյցը կը նկատուի սփիւռքահայութեան պարծանքի առարկան:

Ուսանողները, ընկերակցութեամբ Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն եւ բուժարանի պատասխանատուին, շրջեցան կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան կառոյցի զանազան բաժիններուն` սկսելով վերանորոգուած մատուռէն, ապա` «Կիւլպէնկեան» շէնք, թոքախտանոցի հատուածը, խոհանոցը, դեղարանը, տարրալուծարանը` հասնելով մինչեւ մայր շէնք, ուր ապաստան գտած են աւելի քան 80 տարեցներ:

Ուսանողները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան պատասխանատուին տուած բացատրութիւններուն` հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը, ապա առիթ ունեցան նաեւ մտերմանալու կարգ մը պատսպարեալներուն հետ` անոնց հետ ջերմ եւ անմիջական զրոյց ունենալով:

Այս կարճ ծանօթացումէն ետք խմբակը հաւաքուեցաւ բուժարանի հիւրասրահը, ուր անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր տպաւորութիւնն ու զգացումները: Հետաքրքրական այս զրոյցէն ետք որոշեցին շուտով գումարել իրենց առաջին նիստը` ծրագիրներ մշակելու եւ անմիջապէս գործնական աշխատանքի անցնելու համար:

Այսպիսով, կարելի է ըսել, որ Ազունիէի ազգային բուժարանը օժտուեցաւ երիտասարդական կորիզով մը, որ նոր շունչով եւ աւիւնով յաւելեալ թափ պիտի տայ հարիւրամեայ այս հաստատութեան:

Բարի՛ երթ:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Գարնան Առաջին Օրուան Նուիրուած Ընկերային Հաւաք` Ազգային Վարժարաններու Կրտսեր Աշակերտներու Համար

Յաջորդը

«Հասակ Մը Կայ Մեր Կենաց Մէջ…

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.